Ստորեւ կը ներկայացնենք 2025 թուականի 5 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE
հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի օրօք
մարդասպանութիւնները եւ զոհերը։ Մեղաւորներուն հարկաւոր է….»։»։
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով,
կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին
կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ
ելեկտրոնային հասցէն:

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA
ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպագիր տարբերակին, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ
փոստարկղի հասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով կամ հեռաձայնելով 1-
818-241-5777։
YouTube-ի մէջ դիտելու համար բացէք հետեւեալ կապը.

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։
Ըստ երեւոյթին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ հիմնաքարը կը կազմէ հայ մարդու, հայ քաղաքացիի եւ ընդհանրապէս՝
Հայաստանի քաղաքացիի կերտման այդ բարձր առաքելութեան մէջ ազատագրութեան իր պայքարին մէջ քայլ մը եւս առաջ գնաց եւ մենք
պատմական շրջանի մը ոչ միայն ականատեսներն ենք, այլ նաեւ կերտիչները, ի պատիւ մեր արթնամիտ ժողովուրդին եւ ազգասէր,
եկեղեցասէր եւ մարդասէր հայկական պետականութեան ղեկավարութեան, յանձինս յարգարժան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Ըստ երեւոյթին պարոն Փաշինեան իսկապէս որ եկեղեցաշէն անձնաւորութիւն մը դուրս եկաւ եւ ատիկա բոլորիս համար ուրախութիւն
կը պատճառէ եւ նաեւ հաւատքը աւելի կ҆ուժեղացնէ հայ մարդուն մօտ, որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան՝
վերստին անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ պետութեան ղեկավարը իսկապէս հաւատացեալ
անձնաւորութիւն մըն է եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ազատագրելու առաքելութեան սուրբ գործին լծուած է ոչ թէ որպէս
վարչապետ, այլ լծուած է որպէս առաջին հերթին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ, որպէս հաւատացեալ եւ որպէս
քաղաքացի։
Ասիկա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որովհետեւ ընդդդիմութեան ներկայացուցիչները, կամ կեղծ ընդդիմութեան
ներկայացուցիչները կը սպասեն որ առիթը ներկայացուի իրենց, որ իրենք ներկայ միջազգային քաղաքական կլիմայի այս պայմաններուն
մէջ հայկական պետականութիւնը փորձեն սխալ կերպով ներկայացնել։ Արդէն մենք առաջին նախահամեմը ստացանք, երբ Նարեկ
Կարապետեանը («պուլկի» որ կըսեն), որ Տաշիր Սամոյի եղբօր որդին, երբ որ Ամերիկա եկաւ, իր ստաբանութիւններով տեսանք
ինչպիսի աւերներ փորձեց գործել, սակայն ըստ երեւոյթին իր PRը այդքան ալ ուժեղ չէր, հակառակ որ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած
էին, բայց ոչ մէկ դրական արդիւնքի չհասան։ Եւ ընդհակառակը, բազմաթիւ ամերիկահայեր եւ իմ խօսքս կը վերաբերի ոչ միայն արդէն
յիսուն տարի եւ աւել այստեղ եղողները, այլ նաեւ այն ամերիկահայերը, որոնք պետականասէր մարդիկ են, ազգասէր մարդիկ են եւ
հաւատացեալներ են եւ իրենց մօտ շատ սխալ եւ ժխտական տպաւորութիւն ստեղծեց «պուլկին»՝ Նարեկ Կարապետեան կոչեցեալը։
Իսկ վերջին զարգացումներու հետ կապուած, շատ ուրախալի է (ուրախալի չէ իրականութեան մէջ, տխուր պատկեր է, սակայն
յուսադրիչ է), որ վերջերս իմացանք այնպիսի դրական զարգացումի մասին, որ օրինապաշտ մարդու մօտ հաւատքը քիչ մը աւելի
կ҆ուժեղացնէ։ Ինչ պատահեցաւ այդ զարգացումի հետ կապուած․ անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ
հաւատքի կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ղեկավար, թիւ մէկ մարդուն՝ Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի հետ կապուած
զարգացումենրուն։

Պիտի առաջարկէի, որ այդ մասին ձեզի զեկուցէ իմ զրուցակից, յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը եւ նաեւ հետեւեալ
հարցին պատասխանէ՝ արդեօ՞ք, պարոն Մխիթարեան, դուք կը խորհիք, որ տաս եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ պիտի Գարեգինը
հրաժարականը տայ, թէ կը խորհիք լուրջ ամբաստանութիւններու թիրախ դարձած պարոն Կտրիճ Ներսիսեանը, որ նաեւ իբրեւ թէ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է Գարեգին Բ. անունով, իր հետ կապուած լուրջ ամբաստանութիւններ կան մարդասպանութիւններու
մասին։ Պիտի խնդրէի, որ քանի որ մեր հեռուստադիտողները մեծ թիւով հետաքրքրուած են այդ թեմայով, պիտի խնդրէի որ այդ մասին
ալ պարզաբանութիւններ ներկայացնէիք։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ․ Անկասկած որ մեր ժողովուրդի հոգին խռովուած է ի տես այս փոթորիկներուն։ Բայց իրողութիւնը իրողութիւն
ըլլալէ չի դադրիր։ Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մեծ փոթորիկներու մէջ է, որովհետեւ եկեղեցականութիւնը,
մանաւանդ բարձաստիճան եկեղեցականութիւնը ղեկավարուելով վերէն՝ կաթողիկոսով այսինքն, թերացած է իր հոգեւոր առաքելութեան
մէջ, եւ ատոր հետեւանքը եղաւ այս բոլորը։ Հիմա, եկեղեցականները կոչ կուղղեն որ եկեղեցի եւ իշխանութիւն անջատ մարմիններ են,
մէկը միւսի գործին պէտք չէ խառնուի։ Այս բոլորը յայտարարութեան ծիրի մէջ մնացին, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոսի
օրհնութեամբ Բագրատ արքեպիսկոպոս փողոց ելաւ իշխանութեան դէմ։
Հիմա ինչո՞ւ կը մեղադրէք իշխանութիւնը, երբ որ եկեղեցականութիւնը կը փորձէ ճակատ ստեղծել իշխանութեան դէմ։ Ճակատ ստեղծել
իշխանութեան դէմ կը նշանակէ պետականաշինութիւնը խորտակել։ Եւ հետեւաբար, եթէ այդ բոլորին հակադարձ իշխանութիւնը քայլեր
առաւ, անմիջապէս մեղադրեցին իշխանութիւնը։ Հետեւաբար հոգեւոր հայրեր, եթէ դուք կ҆ուզէք որ եկեղեցին այս փոթորիկներէն դուրս
ելլէ, եւ չէք ուզեր, ինչպէս դուք կ҆ըսէք, որ իշխանութիւնը միջամտէ, գործի լծուեցէք։
Այսօր բան մը չէք ըրած։ 25 տարի է Գարեգին կաթողիկոս այդ աթոռին վրայ բազմած է։ Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս կրկնելու, թէ ինչ
արիւնալի ձեռքերով այդ աթոռին վրայ նստեցաւ։ Չկրկնենք այդ բոլորը։ 25 տարուան մէջ ազգային եկեղեցական ժողով չէ եղած։ Այս
եկեղեցին միահեծան անձի մը կողմէ կը ղեկավարուի։ Ամէն անգամ կը կրկնենք, սթալինեան ռեժիմ է, 150 հոգի հեռացուած են,
արժանաւորներ կան իրենց մէջ, բայց անդին անարժաններ պահուած են, ոչ միայն պահուած են, բարձր տիտղոսներու արժանացած են։
Աբեղան մէկ կտոր եպիսկոպոս եղած է։ Այն քահանան որ կաթողիկոսին հացահատիկէն չ҆ուզեր ուտել, մտիկ չ҆ըներ, չի ստրկանար անոր
առջեւ, գիւղ մը կը նետուի։ Անդին անարժան քահանայ մը կը ստանայ բացառիկ գաղութ մը՝ յղբանալու եւ հարստանալու։ Այս բոլորը
կան։
Հոգեւոր հայրեր, դուք այս բոլորը կը տեսնէք։ Բայց լուռ կենալը այս պարագային մեղսակցութիւն է։ Շատ բաներ պատահեցան 25
տարուան մէջ։ Շատ լաւ բոլորս գիտենք որ Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեան մրցակիցն էր Գարեգին կաթողիկոսին, եւ շատեր՝
անոնք որոնք հոն էին, կ՛ըսեն նոյնիսկ, որ Ներսէս Պոզապալեան արքեպիսկոպոս աւելի քուէ ունէր, բայց պարտադրուեցաւ եւ
ստիպեցին որ Գարեգին Բ. այդ աթոռի վրայ ինք բազմի․ չխօսինք տակաւին կաշառակերութեան մասին։ Ներսէս արքեպիսկոպոս
Պոզապալեան որովհետեւ մերժեց Գարեգին կաթողիկոսի հրահանգը (թելադրանք չեմ ըսեր), որ թողու Մայր Աթոռը, երթայ իր քրոջ քով
ապրի, Երեւան, ըսելով որ «այս ալ իմ տունս է, ինչպէս ձեր տունը», մի քանի ամիս յետոյ Վեհարանին մէջ ստացաւ գլուխին հարուած
մը, ու գնաց քոմայի եւ վերջացաւ։
Որեւէ եկեղեցական վարդապետ, քահանայ, եպիսկոպոս նիւթ ըրա՞ւ արդեօք, ունեցա՞ւ քաջութիւնը ըսելու, որ Ներսէս արքեպիսկոպոսին
ինչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ։ Արդեօք օրուայ իշխանութիւնները, (ներկայ իշխանութիւնը չէ, օրուայ իշխանութիւնները) օրինական ձեւով
հետապնդեցի՞ն այս բոլորը, որպէսզի այդ քրէական յանցանք կատարողը դատապարտուի։ Ոչ։ Նոյնը պատահեցաւ Արսէն
արքեպիսկոպոս Պէրպէրեանի հետ։ Խօսեր ենք այդ մասին։ Այդ մասին նաեւ մէկը խօսեցա՞ւ։ Դուք բարձրացուցի՞ք այդ մէկը։ Արսէն
արքեպիսկոպոսին քով իր տան մէջ առաւօտուն ժամը 6ին բուժքոյր մը եկաւ, ասեղ մը զարկին եւ այդ զարկէն ետքը Արսէն
արքեպիսկոպոս իր աչքերը փակեց յաւիտենականութեան։ Այս բոլորը ինչո՞ւ չքննուեցան։ Բոլորդ գիտէք որ արքեպիսկոպոս
Պոզապալեան մրցակիցն էր այդ օրերուն Գարեգին կաթողիկոսին հետ բազմելու հայրապետական աթոռին։ Բայց պատմութեան
մանրամասնութիւններուն չմտնենք։ Գիտենք ինչպէս Գարեգին կաթողիկոս արիւնալի ձեռքերով այդ աթոռին վրայ բազմեցաւ։ Աթոռին
վրայ բազմելէն ետքը հրահանգեց, որ Ներսէս արքեպիսկոպոս հեռանայ վանքէն եւ քրոջ քով ապրի։ Երբ որ Ներսէս արքեպիսկոպոս
մերժեց, Վեհարանէն ներս սպաննուեցաւ։ Այս մասին խօսող չեղաւ։ Նոյն շրջանին Արսէն արքեպիսկոպոս Պէրպէրեան իր տան մէջ
առաւօտեան ժամը 6ին բուժքոյր մը ասեղ զարնելէն ետք իր աչքերը փակեց այս աշխարհին։ Մէկը չխօսեցաւ այս մասին։ Գրիգորիս
արքեպիսկոպոս Բունիաթեան Ուքրանիոյ մէջ պանդոկի մէջ մերկ գտնուեցաւ, մահացած։ Մէկը չխօսեցաւ այս մասին։ Մայր Աթոռը
երբեք չբարձրաձայնեց այս մասին։ Իր հաւատարիմ միաբաններէն մէկն էր։ Նոյն շրջանին, մանաւանդ ընտրութեան ատեն, Մեսրոպ
արքեպիսկոպոս Մութաֆեանին օրուայ իշխանութիւնները առեւանգեցին, որպէսզի չխոչընդոտէ Գարեգին կաթողիկոսի ընտրութիւնը։
Նոյն ձեւով վարուեցան Երուսաղէմի Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, որ տեղապահն էր եւ նեղուած հեռացաւ։
Այս բոլորը, սիրելի հոգեւորականներ, որեւէ ատեն դուք նիւթ չըրիք։ Քորոնայի շրջանին Սեպուհ արքեպիսկոպոս հիւանդացաւ, ըսիք,
եւ իր հարազատ եղբայրները ապահովուած էին (որտեւ մէկը հոս է եւ ես մօտէն անձնապէս կը ճանչնամ), խնդրած էին որ Գերմանիա
փոխադրուի։ Այդպէս պատահեցաւ, որ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան, կաթողիկոսին պատկանող հիւանդանոցը տեղափոխուեցաւ
Վանաձորէն։ Ինչո՞ւ։ Մէկը տակաւին չի գիտեր այդ մասին։ Ոչ ալ դուք, սիրելի հոգեւոր հայրեր հարց տուած էք։ Սեպուհ
արքեպիսկոպոս այդ հիւանդանոցին մէջ մեռաւ։ Մէկը ձեզի բացատրութիւն տուա՞ւ կամ դուք պահանջեցի՞ք բացատրութիւն։
Այս բոլորը կան եւ հիմա ոտքի ելած կ҆ըսէք որ եկեղեցականները իրենք պէտք է բարեկարգեն եւ շտկեն այս փոթորիկը։ Շատ աղեկ։
Բայց այսքան ատեն է բան մը չըրիք, հիմա ինչպէ՞ս կ҆ակնկալէք, որ ժողովուրդը տակաւին սպասէ որ դուք գործի լծուիք։ Եւ հիմա կը
գանգատիք, որովհետեւ փորձեցիք նաեւ քաղաքական ասպարէզ մտնել, որովհետեւ 5րդ շարասիւնը ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ
եւ գործածեց եկեղեցին, դուք յիմարաբար մէջը մտաք։ Եւ այսօր կը մեղադրէք իշխանութիւնը, որ ձեզի դէմ ճակատ ունի։ Հետեւաբար
այս բոլորին ծանօթ ենք։ Բան մը չըրիք։
Այս օրերուն տեսա՞ք չէ, Արշակ արքեպիսկոպոս բռնուեցաւ եւ կալանքի տակ է այսօր, պարտաւոր է օրէնքի առջեւ հաշիւ տալու,
որովհետեւ եթէ կը յիշէք (եթէ չէք յիշեր, թարմացնեմ ձեր յիշողութիւնը)՝ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման ատեն երբ որ
Հայր Կորիւն իր միաբանակիցներով, հետեւորդներով Վեհարան մտած էր երկու օր, այդտեղ Արշակ արքեպիսկոպոս ներկաներուն
մէկուն պայուսակին մէջ crack դրած էր եւ գիտնալով այդ բոլորը, կանչած էր օրուան իշխանութեան, այս պարագային ներքին գործոց
(ինչ որ իրենք կ҆ըսեն, գաղտնի ոստիկանութիւնը), եկան եւ այդ պայուսակին մէջ գտնելով այդ drug-ը կամ ինչ որ էր, ուրեմն այդ անձը
բռնեցին եւ ժողովականները հեռացուեցան։ Այսօր այդ նիւթի շուրջ լրջօրէն խոր սերտողութիւն կայ պետութեան կողմէ եւ հետեւաբար
ցուցմունք տուողներն ալ շատ են անշուշտ․ այսօր Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան կը գտնուի ճաղերուն ետին, հաշիւ տալու։
Սիրելի հոգեւորականներ, այս բոլորը ձեզի ծանօթ են, անծանօթ նիւթեր չեն։ Հաւանաբար ժողովուրդին համար կրնայ ըլլալ որ շատ մը
նիւթեր անծանօթ են։ Այս բոլորին գիտակ դուք ինչո՞ւ ոտքի չելաք, փրկելու հայ եկեղեցին եւ հայ եկեղեցականին
արժանապատուութիւնը։
Բարեբախտաբար այս վերջին մէկ շաբթուան մէջ տաս եպիսկոպոսներ, գլխաւորութեամբ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի,
խնդրագիր մը, բողոքագիր չէ, խնդրագիր մը ներկայացուցին Գարեգին կաթողիկոսին, ուր նաեւ կ҆անդրադառնան որ իրենք ալ սխալած
են, եկեղեցականները, հետեւաբար որպէսզի փրկեն այս կացութիւնը, կ҆առաջարկեն Գարեգին կաթողիկոսին, որ հանգստեան կոչուի։
Բայց դուք շատ լաւ գիտէք որ, տասը եպիսկոպոսները, ներառեալ արքեպիսկոպոս եպիսկոպոսներ բան մը չեն կրնար ընել, որովհետեւ
անդին բանակ մը եպիսկոպոսներ կան, որոնք տակաւին Գարեգին կաթողիկոսի հացահատիկէն կը կշտանան։ Հետեւաբար, ի՞նչն է
միջոցը այս եկեղեցին փրկելու այս ներկայ կացութենէն։
Անցեալ անգամ առաջարկեցինք, որ նուիրապետական աթոռները անպայման պէտք է մասնակցին։ Լռութիւնը մեղսակցութիւն է այս
պարագային։ Տակաւին ձայն չկայ։ Արամ կաթողիկոս տակաւին իր 30ամեակով մտահոգուած է։ Նուրհան պատրիարք, որ հրաւիրուած է
ամսու 10ին ժողովի եպիսկոպոսական, չենք կարծեր որ ներկայ պիտի գտնուի, նոյնը Սահակ պատրիարքը։ Հիմա եթէ այս բոլորը պիտի
չփրկեն եկեղեցին, ի՞նչ կը մնայ ժողովուրդին ընելու այս պարագային։ Շատ պարզ է։ Իշխանութիւնը պարտի բոլոր այդ
օրինազանցութիւնները, որ կատարուած են Գարեգին կաթողիկոսին կողմէ, ներառեալ այս սպաննութիւնները, օրինական այլ
խախտումները, կարգ մը օլիկարխներու ապրանքները եկեղեցիի անունով ներբերելը հայրենիքէն ներս, որպէսզի տուրք չվճարեն, այդ
վաճառատուները, որոնք կաթողիկոսին կը պատկանին, եւ իր ընտանիքին կը պատկանին՝ այդ բոլորը պէտք է քննուին։

Այս բոլորը
օրէնքի սահմանին մէջ կ҆իյնայ եւ մեր պետութիւնը, իշխանութիւնը պարտաւոր է օրէնքի առջեւ բերել այս բոլորը եւ եթէ կայ յանցանք,
որպէս քաղաքացի Գարեգին կաթողիկոսին դատապարտել։ Ինչպէս Արշակին բռնեցին, նոյնը պէտք է ընեն Գարեգին կաթողիկոսին,
որովհետեւ արժանի է։
Մենք յուսով չենք, հոգեւոր հայրեր, որ դուք քաջութիւնը պիտի ունենաք եւ ձեր այդ խմբակը տասի փոխարէն պիտի ըլլայ 40 եւ 50,
որպէսզի եկեղեցին փրկէք։ Հետեւաբար փրկութիւնը կը մնայ իշխանութեան ձեռքը։ Բոլոր անոնք, որոնք հայ եկեղեցւոյ
արժանապատուութեամբ մտահոգուած են, ինծի, քեզի պէս իրենք ալ անդամ են եկեղեցւոյ եւ այդ բարոյական պարտաւորութիւնը ունին
փրկելու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այս փերեզակներէն։ Ժամանակը հասած է։ Հետեւաբար, օրէնքի գերակայութիւնը
պէտք է գործէ եւ Գարեգին կաթողիկոս հաշիւ տայ այդ բոլորին համար։
Այս օրերուն գացած է Ֆրանսա։ Ֆրանսա չմեկնած, Զուիցերիա կեցաւ։ Շատ հաւանական իր հաշիւները պրպտելու, թէ որքան գումար
կայ իր անուան տակ։ Բայց ատկէ յետոյ անմիջապէս գնաց Մարսէլ, եւ իրեն դիմաւորողը ո՞վ է, սիրելիներ։ Այն վարդապետը որ
վերջերս եպիսկոպոս եղաւ եւ եղաւ Ֆրասնայի առաջնորդ, այդ նոյն վարդապետն էր, որ Նիսի եկեղեցւոյ մէջ պատարագին սկիհը
ձեռքին կէս թողուց եւ հեռացաւ։ Այս սրբապիղծ եկեղեցականը դիմաւորեց լայն ժպիտով Գարեգին կաթողիկոսին Մարսիլիոյ մէջ եւ
կաթողիկոսը առ ի գնահատանք իր ստրկութեան պանակէ մըն ալ նուիրեց։
Այս բոլորը այսօր դիմատետրի վրայ կան։ Այս բոլորին ծանօթ հոգեւոր հայրեր ի՞նչ պիտի ընէք։ Դուք պիտի չընէք՝ իշխանութիւնը
պարտաւոր է ընել, որտեւ եկեղեցին մեր ինքնութեան ապառաժն է։ Հետեւաբար դուք ձեր անտարբերութեամբ պիտի չխորտակէք այդ
ապառաժը։ Պետութիւնը այս պարագային ամէն ձեւով իրաւունք ունի օրէնքի առջեւ բերելու Գարեգին կաթողիկոսը եւ պահանջելու
հաշիւ այդ բոլոր անօրինութիւններու համար, որ քիչ առաջ նշեցի։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ըստ երեւոյթին հայկական պետականութիւնը շատ լուրջ հնարաւորութիւն ունի օրէնքի գերակայութեան
տրամադրութիւններէն ելլելով եւ օրինապաշտ քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու սկզբունքէն ելլելով, նոյնպէս եւ
հաւատացեալներուն իրաւունքները պաշտպանելու սկզբունքէն ելլելով, պարտաւոր է այս լուրջ ամբաստանութիւնները հետաքննութեան
ենթարկելու։
Ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց այդ սպաննութիւններու մասին, մարդասպանութիւններու մասին, որոնք Գարեգին Բ.- Կտրիճ
Ներսէսեանի օրօք իրականացած են, կամ գործադրուած են, պէտք է յիշեցնել աւելին․ եթէ կը յիշէք, Հոկտեմբեր ամսին, այս տարուայ
Հոկտեմբեր ամսին, ըստ քաջատեղեակ աղբիւրի մը տուած տեղեկութիւններու հիման վրայ ես բարձրաձայնած էի այն տխուր փաստի
մասին, թէ ինչպէս Գարեգին Ա. Երջանկայիշատակ Սարգիսեան կաթողիկոսը արհեստական կերպով, հիւանդութեան ենթարկուեցաւ
Գարեգին Բ.ի կողմէ եւ ինչպիսի պայմաններու մէջ իր մահկանացուն կնքեց։ Այդ ելոյթէն, Հոկտեմբեր ամսուան ելոյթէն մի քանի րոպէ
դիտենք, եւ կը շարունակենք մեր զրոյցը։

Հատուած 2025թ. 10 հոկտեմբերի ելոյթէն. Վերջերս Հայաստան գտնուեցայ եւ այդ ժամանակ առանձին հանդիպումներ որ կ҆ունենայի,
հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին իրազեկուեցայ այն ծանր ամբաստանութիւններու շարքի մասին, որ կը վերաբերի Կտրիճ
Ներսէսեանին։ Այդ ամբաստանութիւնները շատ լուրջ ամբաստանութիւններ էին, ուղղուած Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանին եւ իր
կլանին, իր մաֆիային։ Ըստ այդ արժանահաւատ աղբիւրին, Գարեգին Ա․ երջանկայիշատակ կաթողիկոսին մահը
բնական մահ մը չէ եղած, այլ արդիւնք՝ սպանութեան։ Անշուշտ ես իմ հաւանութիւնը չեմ տար այս
ըսուածին՝ որպէս փաստ, այլ այս ամբաստանութիւնները կը ներկայացուին Հայաստանի օրինապահ մարմիններուն, որպէսզի իրենք
իրենց հետաքննութիւնը կազմակերպեն, իրականացնեն եւ պարոն Մխիթարեանին նշած սպաննութիւններուն հետ կապուած
հետաքննութիւններուն հետ միասին առաջ տանին, որպէսզի ջուրին երես բերուին այն փաստերը, վերջնականապէս եւ Գարեգին Բ.ն
այլեւս պաշտօնապէս ճանչցուի իր քաղաքացիական անունով՝ Կտրիճ Ներսէսեան անունով եւ որպէս քաղաքացի օրէնքի առաջ կանգնի
եւ պատասխանատուութեան ենթարկուի բոլոր փաստերու առկայութեամբ։ Ուրեմն, ըստ այդ արժանահաւատ աղբիւրին, Գարեգին Ա.
Երջանկայիշատակ կաթողիկոսի հիւանդութեան արագացման մէջ, որ իբրեւ թէ արեան ճնշումը կամ շաքարախտը եւ նոյնիսկ լեզուն
կտրելը, այդ բոլորին մէջ Գարեգին Բ. կոչեցեալը, Կտրիճ Ներսէսեանը ուղղակի ամբաստանութեան ներքոյ կը գտնուի, որ ինքը
ձեռնարկած է Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Սարգիսեանի վաղաժամ հիւանդութիւնը եւ արհեստական ճանապարհներով,
հիւանդութեան միջոցաւ սպանութիւնը։ Ուրեմն ես կ՛առաջարկեմ որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները անմիջապէս հետաքննութիւն
բանան եւ Կտրիճ Ներսէսեանին դատարան կանչեն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ․ Առանձին զրոյցի ժամանակ, պարոն Մխիթարեանը նշեց որ Արսէն արքեպիսկոպոս Պէրպէրեան ինչպիսի
արտայայտութիւն ունեցած է 1995 թուին, երբ Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետ Գարեգին Բ.ն
դարձաւ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Այդ ժամանակ Կտրիճ Ներսէսեան յաւակնութիւններ ունէր, որ ինքը
դառնար Ամենայն Հայոց կաթողիկոս։ Ըստ երեւոյթին բարձրաստիճան հոգեւորական մը ըսած է, որ «հոգ չէ, Գարեգին Ա. Ամենայն
Հայոց նորընտիր Սարգիսեան հայրապետը ընտրուեցաւ, բայց 4 տարիէն կամ կը մահանայ կամ ալ կը թունաւորեն»։ Ուրեմն ըստ
երեւոյթին այս խօսքը կու գայ արժանահաւատ աղբիւրէ մը, բարձրաստիճան եկեղեցականէ մը, որ ինծի փոխանցուեցաւ պարոն
Մխիթարեանի կողմէ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի թունաւորելու մշակոյթի մասին, ինչպէս որ քիչ առաջ նշեց պարոն Մխիթարեանը, այս
կրօնական խորհուրդի ժողովին, որ դեկտեմբերի 10ին պիտի կայանայ, ըստ երեւոյթին Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան
արքեպիսկոպոս Մանուկեանը պիտի չներկայանայ շատ հաւանաբար։ Ես պիտի չզարմանամ, որ պիտի չներկայանայ, որովհետեւ ըստ
երեւոյթին, ինչպէս որ Արսէն արքեպիսկոպոս Պէրպէրեանը նշած է այդ ժամանակ՝ Գարեգին Ա. Սարգիսեանը կամ կը մահանայ չորս
տարիէն, կամ կը թունաւորեն։ Ըստ երեւոյթին Նուրհան արքեպիսկոպոսն ալ վախի տակ է, որ իրեն կը թունաւորեն, որտեւ
Քա․Կէ․Պէ․յշնիկները ամէն տեղ են, ըստ երեւոյթին, եւ փաստը կը մնայ փաստ, որ ոեւէ հոգեւորական, սովետի ժամանակ, ոչ մէկ
պաշտօնի բարձրացում չէր կրնար ունենալ, առանց Քա․Կէ․Պէ․ի գործակալ դառնալու։ Եւ այս կը վերաբերի նաեւ ներկայ այն խումբին,
որ նաեւ ստորագրած են եւ անոնցմէ մէկն ալ ըստ երեւոյթին շատ հանրածանօթ անձնաւորութիւն է։ Ինչեւիցէ։
Ուրեմն, առաջ երթալով, ես նաեւ Հոկտեմբերի 10ի հաղորդումի ժամանակ բարձրաձայնած էի այն պահանջը, որ Հայաստանի
Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը տարրական պարտականութիւնը ունի, պարտաւորութիւնը ունի իր քաղաքացիներուն պաշտպանելու
համար եւ որպէս այդպիսին պարտաւորութիւնը ունի հետաքննութիւնները լրջօրէն իրականացնելու նշեալ մարդասպանութիւններու
վերաբերեալ։ Եւ քիչ առաջ ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց, զոհերը բազմաթիւ են․ վերջերս ալ (ես չեմ ստուգած) խօսակցութիւն
կայ տասնեակներով անմեղ մարդկանց կեանքը խլելու առթիւ յանցագործութիւններու մասին Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի օրօք։ Եւ
անշուշտ շարքը երկար է յանցագործութիւններու`դրամի լուացումէն բռնած մինչեւ թմրեցուցիչներու, drug-ի հետ կապուած,
խնդիրները եւ բոլոր մէկտեղուած փաստերը պէտք է որ ջուրին երես գան, որովհետեւ հայկական պետականութիւնը պէտք է ամէն օր
պահպանէ օրէնքի գերակայութեան գիտակցութիւնը։

