Ստորեւ կը ներկայացնենք 2025 թուականի 24 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատե- սային հաղորդաշարին արտա- գըրուած «թեքսթ»ը՝ «Ռսա- ստրուկ, դաւաճան, մարդաս- պան, թալանչի, «անդիպչելինե- րու» մօտալուտ վախճանը. Գա- րեգին Բ.-Ռոբօ-Սերժ-Եզրաս»։ Բացայայտումներ՝ հետազօ- տող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱ- ՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ: Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպա- գիր տարբերակին, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոս- տարկղի հասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով կամ հեռաձայնելով 1-818-241-5777։ YouTube-ի մէջ դիտելու համար բացէք հետեւեալ կապը. https://youtu.be/-BKu_uGDWE8?si=I_gIz3AQlLZ9AWvB ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.

Տարին արդէն հասած է իր աւարտին եւ պէտք է ըսել, որ մենք կայացած ենք որպէս անբաժան մէկ մասնիկը, իւրաքանչիւրս որպէս անբաժան մէկ մասնիկը այն հզօր ժողովուրդին, որ իր ուժը կայա- ցուցած է իր արժանապատուութեան վրայ, իր նախնիներու կողմէ իրեն փոխանցուած ժառանգականութեան վրայ եւ նաեւ՝ ամէնէն կարեւորը իր հոգեւոր արժէքներուն եւ հաւատքին վրայ։ Պէտք է ըսել, որ 2025ը որպէս անկիւնադարձային տարի պէտք է նշենք մեր յիշողութեան մէջ եւ կարելի է ըսել յաղթանակի դրօշը անընդհատ պարզած, անպարտելի ոգիով կ҆ուղղուինք դէպի 2026ը, որպէսզի վերջնականապէս հայ- կական պետականութիւնը իր ժողովուրդով եւ իր եկեղեցիով եւ արժանա- պատիւ քաղաքացիով ճիշդ հունին մէջ դնէ իր հաւաքական կեանքը եւ ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն՝ moving from survival level to performoing level, այսինքն գոյաբանական պայքարի մակարդակէն անցնիլ ստեղծագործ եւ կայացած ժողովուրդի եւ պետականութեան մակարդակի։ Ուրեմն, այս առթիւ պէտք է մենք նաեւ իւրաքանչիւրս այն անձինք, ով- քեր կ҆աշխատին կամ ժուռնալիսթական առաքելութեան մէջ իրենց գործու-նէութիւնը առաջ կը տանին, ի հարկէ ոչ կուսակցական, եւ ես հպարտ եմ որ ոչ կուսակցական լրատուամիջոցի աշխատակից եմ եւ իմ նման աշխա- տակիցներ ուրախ եմ որ իրենց առաքելութիւնը կը վերանորոգեն, ամէնօրեայ համակարգով, որպէսզի մեր ժուռնալիսթական առաքելութիւնը օրը օրին իրականացնենք յօգուտ մեր ժողովուրդի եւ մեր պետականութեան, ինչպէս նաեւ մեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայ մարդու, Հայաստանի քաղաքացիին եւ աշխարհասփիւռ հայուն հոգեւոր եւ մտաւոր անվտանգութեան նուիրուած աշխատանքները։ Ուրեմն, մեր աշխատանքներու ծիրէն ներս այսօր պիտի շօշափենք այն մշակոյթը, որ հասցուցած էր մեր ժողովուրդին փլուզման եզրին, բայց բարեբախտաբար մեր ժողովուրդը ի պատիւ իրեն, ամենուրէք զարթօնք կապրի եւ խրոխտ քայլերով, անվախօրէն կը հանրա- յնացնէ այն փաստը, որ յոռի է մեր իրականութեան մէջ եւ այդ յոռի երեւոյթները կուզենք բացայայտել, որպէսզի ի չիք դարձնենք, վերացնենք մեր ամէնօրեայ կեանքէն։ Այսօր պէտք է ըսել, որ մեր ուշադրութեան կիզա- կէտին է այն փաստը, որ մեր ազգի ներքին տզրուկները եւ ստահակները ինչպիսի մշակոյթ ստեղծած են անց- նող 20-25 տարիներու ընթացքին եւ այդ մշակոյթը ինչ գունաւորում ստացած է, ինչպիսի ուժգնութեամբ, միտո- ւած է հարուածելու հայ մարդուն եւ հաւատացեալին։ Միասին պիտի դիտենք տեսանիւթ մը, որ կը բացայայտէ այն վայրագութիւնը, այն տմարդի վարուելակերպը, Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի կողմէ, եւ ան- շուշտ կրկնելու կարիք չկայ թէ Արշակ Արք. Խաչատրեան ինչպիսի համակարգի պտուղ է եւ Արշակ Արք. Խաչա- տրեան բարեբախտաբար այսօր ազատազրկուած է իր բազմաթիւ չարագործութիւններու առ ի հետեւանք եւ այսօր մենք եւս մէկ նմոյշ մը պիտի ցոյց տանք Արշակ Արք. Խաչատրեանի մարդակեր կերպարի մասին։ Այս տեսանիւթը ես տեսայ պարոն Տիգրան Տէր Պետրոսեանի ֆէյսպուքեան էջին վրայ եւ ապշահար էի, եւ նաեւ միեւնոյն ժամանակ շնորհակալ էի պարոն Տէր Պետրոսեանին, որ այսպիսի կարեւոր տեսանիւթ մը հրապարակած է եւ հիմա մենք պիտի դիտենք այս տեսանիւթը, թէկուզ շատ յստակ չէ, որովհետեւ բաւա- կան ժամանակ առաջ նկարահանուած է, բայց ուշադիր դիտենք եւ պիտի տեսնենք այս տեսանիւթի մէջ, հիմա արդէն էքրանի վրայ կը տեսնենք. տեսէք ինչպէս կը հարուածէ անմեղ երիտասարդի մը եւ այս մասին պարոն Տէր Պետրոսեանը գրած է՝ Սրբապիղծ Սամուէլի ձերբա- կալութիւնը ծանր են տարել լուսանցքում գտնուող մի շարք քաղաքական «գործիչներ»։ Սկսել էին վերլուծել սրբապղծի պոռնօ վիտէոները, պայուսակի մէջ թմրա- նիւթ գցելը, իսկ վերջում փորձագէտի դէմքով եզրահանգ- ման են գալիս՝ իբրեւ Սամուէլը «սուրբ է»։ Տալիս եմ ձեզ նոր առաջադրանք. Հաղարծին վանական համալիրում, հաւատացեալ քաղաքացին հարց է ուղղում Սամուէլին՝ «ինչո՞ւ թմրանիւթը գցել տուեցիք պայուսակի մէջ», իսկ սրբապիղծը պատասխանում է բռունցքով հարուածելով քաղաքացու դէմքին՝ իրեն պահելով իր հարուստ կենսա- կերպին վայել՝ աւելացնելով խուժան խուլիգանի վարքը։ Սա էլ վերլուծէք քաղաքական չգործիչներ։ Կից տեսագրութիւնը։ Իմիջիայլոց, այդ մասը, որ կը տեսնէք ինչպիսի հուժկու ապտակ եւ հարուած կը ներկա- յացնէ այն անմեղ երիտասարդին, որ ընդամէնը առողջ հարցադրում մը կատարած էր։ Եւ այս մշակոյթը քիչ մը ամէն տեղ տարածուած է, այն- տեղ, որտեղ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսի եւ իր անմիջա- կան համագործակիցներ, մաֆիայի համաղեկավարներ, Մոսկուայի Եզրասը, որ իր արիւնակից եղբայրն է եւ արեւ- մըտեան Միացեալ Նահանգներու չառաջնորդ, արքեպիս- կոպոս Յովնան Տէրտէրեանը. իմիջիայլոց այդ ալ ըսեմ, որ քանի մը տարի առաջ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէր- տէրեանի անվտանգութեան աշխատակիցները ինչպի- սի վայրագութիւն գործեցին։ Հիմա միասին դիտենք այդ վայրագութեան աքթը եւ միեւնոյն ժամանակ ազատ ժուռնալիստին հասցէին ուղղուած մահուան սպառնա- լիքը։ Դիտենք միասին։ Տեսանիւթ։ – Որտե՞ղ էք տանում, որտե՞ղ էք տանում։ Քեզ ի՞նչ։ Որտե՞ղ էք տանում։ Այ շառ։ Որտե՞ղ էք տանում։ Իրաւունք չունէք տանէք։ Որտեղ էլ տենանք, պոկելու ենք։ Մի քիչ էլ շարունա- կէք, վզներդ ենք պոկելու։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ուրեմն իմ զրուցակից, յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանին կ’ու- զէի հարց տալ, թէ այս վայրագութեան մշակոյթը արդեօք նորութի՞ւն է իրեն համար։ Եթէ նորութիւն է, ինչի հիման վրայ։ Եթէ նորութիւն չէ, արդեօք, պարոն Մխիթարեան, նմոյշներ կը կարողանայիք տալ, թէ այս եռեակը – Գարեգին Բ., Մոսկուայի Եզրասը, արքեպիսկոպոս Յով- նան Տէրտէրեանը ինչպիսի հոգեմտաւոր վայրագու- թիւն գործած են եւ կը շարունակեն գործել։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Միայն ֆիզիքական խոշ- տանգումը եւ վայրագութիւնը չէ այս պարագային։ Մանա- ւանդ Մայր Աթոռէն ներս։ Բոլորն ալ գիտեն, որ Գարեգին կաթողիկոսի թիւ մէկ մարդը Արշակ արքեպիսկոպոսն էր, որ այսօր, բարեբախտաբար, ճաղերու ետին է։ Գարեգին կաթողիկոս որեւէ ատեն որ հարց ուզած է լուծել, բռնի, անպայման որ յառաջամարտիկը եղած է Արշակ արքեպիսկոպոս։ Այս բոլորին մէջ, պէտք է ըսել նաեւ որ պայման չէ որ այդ խոշտանգումը միայն ֆիզիքա- կան ըլլայ։ Այս պարագային, ինչպէս որ դուք նշմարեցիք եւ մեր դիտողները տեսաերիզը տեսան, այդ ապտակը, բայց կան նաեւ բարոյական ապտակներ։ Արշակ արքեպիսկոպոս համագործակցաբար Գարե- գին կաթողիկոսին հետ, պատճառ դարձած են որ 140էն աւելի անմեղ եկեղեցականներ, պատրաստուած եկեղե- ցականներ, ոմանք բացառիկ եկեղեցականներ, արտաք- սուին եկեղեցւոյ շարքերէն, միաբանութենէն։ Ահաւոր վիճակ մըն է ինքնին։ Կարելի չէ, մէկը որ իր անձը նուիրած է եկեղեցիի ճամբով իր ժողովուրդին ծառայելու, կարելի չէ քուռչի նման դուրս նետել։ Եւ այս բոլորը կ҆ընեն առանց առիթ տալու անձին, որ ինքզինք պաշտպանէ, ատիկա ըլլայ արքեպիսկոպոս, վարդապետ կամ քահանայ։ Այս բռնատիրութիւնն է, որ պէտք է բեկանուի հայ եկեղե- ցիէն ներս, որովհետեւ արշակներուն նկարագիրը հա- մատարած հիւանդութեան նման բան մըն է։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.

Պարոն Մխիթարեան, այս խուն- դան, որ շատերը կ҆ըսեն, խունդա, այս բռնատիրութիւնը, որ ինչպէս որ դուք նկարագրեցիք, ինչպիսի՞ թալան- չիութիւն գործած են եւ կը շարունակեն։ Վերջերս, անցե- ալ շաբաթ օրինակի համար, դուք խօսեցաք Քանատայի գարեգինապաշտ չառաջնորդի մասին, Աբգար Յովակի- մեանի մասին։ Իսկ կարելի՞ է հատ առ հատ ներկայաց- նէք հետեւեալ անձնաւորութիւններու մասին, որ կարգ մը հեռուստադիտողներ առանձին զրոյցի ժամանակ իմ հետ ստեղծած են իրենց մտքին մէջ մարդակերներու ակումբ մը։ Այդպէս կոչած են։ Ուրեմն ի՞նչ նմոյշներ կարելի է ներկայացնել, օրինակի համար գարեգինա- պաշտ աշխարհական Պերճ Սեդրակեանի մասին։ Ի՞նչ կատարած է Պերճ Սեդրակեանը, Հայ Բարե-գործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար եղած ժամանակ, Գա- րեգին Բ. ինչպիսի՞ թալանչիութիւն ըրած է, նոյնպէս եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան այն ժամանակուայ ղեկավարութիւնը, որուն մէկ մասը այսօր դեռեւս ողջ եւ առողջ կը գործէ Քանատայի մէջ եւ մենք այդ շրջանակի կողմէ ղեկավարուած լրատուամիջոցները, որոնց հերթին, օրինակի համար Ապագայ եւ Armenian Mirror Spectator, Պայքար, այս բոլորը կը գործածուին ներկայիս հայկական պետականութեան դէմ։ Ուրեմն ի՞նչ կարելի է ըսել այս մարդկանց մասին։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, շատ տխուր պատմութեան մասին պիտի խօսիմ այստեղ։ Պերճ Սեդրակեանը բոլոր աշխարհը գիտէ, որ շատ մտերիմ է Գարեգին կաթողիկոսին հետ։ Այդ գործակցութեան արդիւնքն է նաեւ այդ բոլոր տխուր երեւոյթները, որ մեր առաջ պարզուեցան։ Նոյն ատեն անշուշտ, որպէս Բարե- գործական Միութեան ատենապետ, իր ամէնէն գլուխգործոց տխրահռչակ գործը եղաւ Մելգոնեան վարժարանին փակուիլը։ Այդպիսի գեղեցիկ հաս- տատութիւն մը, որ նոյնքան սուրբ է, որքան որ մեր եկեղեցիներն են, փակեցին յանուն մամոնայի։ Բարեբախտաբար չկրցան ծախել։ Այս պարագային Կիպրոսի յոյն կառավարութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ հայութեան եւ պահ- պանեց։ Ճիշդ է, դպրոց չկայ, բայց առնուազն պահպանուեցաւ։ Հիմա, բոլոր անոնք, որոնք Գարեգին կաթողիկոսի հացահատիկէն կշտա- ցած են, անոնք դիրքերու վրայ դրուած են Գարեգին կաթողիկոսի կողմէ։ Սա կը նշանակէ, որ Գարեգին կաթողիկոս կ҆անտեսէ մեր կանոնագրային օրէնքները։ Գաղութն է որ իր առաջնորդը պիտի ընտրէ եւ ոչ թէ Գարեգին կաթողիկոս Էջմիածին նստած պիտի որոշէ։ Վերջերս ակնարկեցինք Աբգար եպիսկոպոսի մասին, որուն մասին հսկայ շրջաբերական մը հանեցին Մոնթրէալէն եկեղեցասէր խումբ մը։ Նախ Աբգար եպիսկոպոս նոյնքան տխուր դեր կատարած էր արդէն Պուլկարիոյ մէջ եւ երբ որ հեռացուեցաւ Պուլկարիայէն, առ ի գնահատանք Գարեգին կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ըրաւ, եւ ղրկեց Քանատա։ Սա կը նշանակէ որ արդէն օրինական խախտում է։ Այս օրինական խախտումը կը շարունակուի եւ պէտք է ընդհատուի։ Կարելի չէ, կաթողիկոսը իրաւունք չունի, թէկուզ կաթողիկոս, իրաւունք չունի թեմէ մը ներս առաջնորդ նշանակելու։ Նաեւ ըսեմ որ այսօր թեմական առաջնորդները քահանայ նոյնիսկ չեն կրնար ձեռնադրել առանց իր թելադրանքին, առանց իր հրահանգին։ Հիմա նոյն դժբախտ երեւոյթը ունեցաւ նաեւ այստեղ։ Մենք Լենքասթըրի մէջ, Palmdale-ի շրջանի մէջ գեղեցիկ եկեղեցի մը կար, կազմակերպուած, առիթը ունեցանք երթալու, ատենապետին հետ խօսելու։ Այդ եկեղեցին փակեց, մեր սիրելի սրբազանը, Տէրտէրեան սրբազանը, ոչ միայն փակեց, գնուած կալուածն ալ ծախեց, վանքի մէջ եղած գումարներն ալ սեփականացուց։ Մենք նորերը բանալու այսօր տագնապի մէջ ենք, միւս կողմէն առաջնորդներ եղածները կը փակեն, որպէսզի այդտեղէն եկած գումարները սեփականացնեն, եւ հարստացնեն կաթողիկոսը առաւել եւս։ Դժբախտաբար քիչ առաջ ակնարկեցի, որ դպրոցը նոյնքան սրբավայր է, որքան եկեղեցին, եւ այդտեղ կը ջամբուին մեր աշակերտները, հոն է որ Մեսրոպ Մաշտոցին հետ կը հաղորդուին, այբբենարանը մեր Սուրբ Գիրքն է նոյն ատեն։ Եւ այս բոլորէն զրկեց նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, փակելով Արշակ Տիգրանեան վարժարանը եւ այդ գումարները անհետացան։ Մենք յստակ գիտենք որ այդ գումարները այսօր կը գտնուին Մայամի նահանգէն ներս ապրող կնոջ մը անհատական հաշիւներէն ներս։ Ոչ ոք հանրութեան հաշիւ չտուաւ։ Սիրելիներ, այս բոլորը ժողովուրդին կը պատկանին։ Ըլլայ եկեղեցին, ըլլայ դպրոց։ Իրաւունք չունին կազմակերպութիւններ խլելու ժողովուրդէն այդ իրաւունքը, սեփականացնելու եւ գործածելու, ըլլայ ատիկա իրենց կուսակցական հաշիւներուն, ըլլայ ատիկա իրենց խնամիական հաշիւներուն։ Վերջերս թեմի արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կոչ ուղղեց համայն հայութեան, մանաւանդ Քալիֆորնիոյ եւ ամբողջ Ամերիկայի տարածքին ապրող, որ Արմենիա ֆոնտը շուտով պիտի իր աշխատանքները սկսի եւ հայութեան ինք կոչ կ҆ուղղէ, որ անպայման նիւթապէս մասնակցին յանուն հայրենիքի։ Ի՞նչ կ҆ըսէք այդ մասին։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ, պարոն Մխիթարեան, բաւական մեծ թիւ կազմող հեռուստադիտողներ եւ USA Armenian Life եւ Հայ Կեանք շաբա- թաթերթ ընթերցողներ այդ մասին վրդովուած էին եւ կը մատնանշէին այն փաստը, որ թէ ինչպէս Յովնան Արք. Տէրտէրեան Քանատայի թեմի առաջնորդ եղած ժամանակ ինչպէս կողոպտած է Արցախի առաջին ազատագրական պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու այրիներուն եւ որբերուն օգնութեան ֆոնտը։ Եւ բազմաթիւ հայորդինեպ վրդովուած էին նաեւ այն փաստով, որ Արմինիա ֆոնտը այն ժամանակները ղեկավարուած է թալանչիներու կողմէ եւ ինչպէս որ շատերը գիտեն, այդ թալանչիներէն ոմանք յայտնուած են Կլենտէյլի լեռներուն, իրենց առանձնատուներու մէջ եւ շատեր կը հարցնեն, այդ դրամները ուրկէ՞ եկան։ Եւ յատկապէս մարդիկ կը յիշեն այն փաստը, որ օրինակի համար Արայիկ անունով, Վարդանեան ազգանունը, եթէ չեմ սխալիր, ան ալ ինչպէս կողոպտեց Արմինիա ֆոնտին ղեկավար եղած ժամանակ։ Ուրեմն տեսէք ինչ կը կատարուի։

Մէկ կողմէն մէկ թալանչին, միւս թալանչիներու համար փրոփականտ կ҆ընէ, կ҆ըսեն բազմաթիւ հայորդիներ եւ այս է ընդհանուր մտայնութիւնը։ Ուրեմն, իսկ մենք որպէս ազատ լրա- գրողներ եւ ոչ կուսակցական, ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ է, որ մենք այսօրուայ այս ճահիճին մաս չենք կազմեր, հայկական դասական կուսակ- ցութիւններու խոշոր մասը եւ յատկապէս, ռսաստրուկ բիւրոյականները եւ նաեւ սորոսականները առեւանգած են այդ կիւզալ կուսակցութիւնը եւ հիմա դարձուցած են իրենց անձնական չարաշահման գործիք։ Եւ որպէս ազատ լրագրողներ երբ որ մենք մեր պարտականութիւնը կ҆ընենք ընդամէնը, բարձրա- ձայնելով այն փաստերը, թէ յոռի երեւոյթներ կ҆արտացոլան, յանկարծ, ինչպէս որ տեսանք քիչ առաջ, ուրեմն մահուան սպառնալիք կը կարդան եւ անշուշտ տեսաերիզի մէջ թիրախաւորուած լրագրողը առաջինը չէր, վերջինն ալ չէր։ Օրինակի համար Արա Մանուկեանն ալ իր հերթին թիրախաւորուած է սպառնալիքներով եւ բազմաթիւ ուրիշներ, պէտք է ըսել։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Յովնան Տէրտէրեանի հետ կապուած այդ սպառնալիքներուն, այս յաջորդ տեսանիւթին մէջ կը տեսնենք ինչպէս ինքը կ҆արդարացնէ ազատ ժուռնալիսթի վրայ յարձակումը, իսկ երբ որ իրեն ամերիկացի լրագրողը, օրիորդը իրեն ցոյց կու տայ այն մահուան սպառնալիքի մասին ՝ wanted by police department ըսելով, «պապանձումը Զաքարիա» կը դառնայ յանկարծ, ուղեկորոյս կը դառնայ իր միտքերուն մէջ։ Դիտենք միասին։ ՏԵՍԱՆԻՒԹ. Լրագրող. (Կը հարցապնդէ Յովնան Տէրտէրեանը՝ բռնութեան մասին հա- ղորդագրութիւններուն եւ ոստիկանութեան կողմէ կատարուող հետաքըն- նութեան վերաբերեալ) Յովնան Տէրտէրեան. «…[Յարձակողները] թոյլ մարդիկ են: Որովհետեւ եթէ դուք կրնաք պաշտպանուիլ [պատշաճ] ձեւով, ապա [պէտք չէ] քարեր նետել: Եւ [անոր կեանքին սպառնացող] պնդման վերաբերեալ գիտէք, այդյօրինուածք է: [Մարդիկ] կը սիրեն եւ կը յարգեն զայն, եւ այդ [պնդումը] հրա- հըրելու միայն մէկ միջոց էր»: Տէրտէրեան (կը շարունակէ). «այսպիսով, անոնք պէտք է զգոյշ ըլլան, թէ ինչ կընեն եւ ինչ կըսեն։ Սա Աստծոյ տունն է, աղօթքի տունը, եւ մարդիկ պէտք է շատ զգոյշ ըլլան իրենց գործողութիւններուն մէջ»։ Լրագրող. (Կը ներկայացնէ ոստիկանութեան կողմէ ստացուած փաստա- թուղթ, որ կը հաստատէ Տէրտէրեանի շրջապատի մարդոցմէ մէկուն կողմէ կատարուած մահուան սպառնալիքը): Տէրտէրեան. (շփոթած) «նաեւ…իբր այս պարոններէն մէկը մահուան սպառնալիք հնչեցուցած է… Ես չեմ հաւատար, որ մարդիկ [այդ կընէին]…»: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Եւ արդէն կը տեսնենք, պարոն Մխիթարեան, դուք որեւէ եթէ բան կ҆ուզէիք աւելցնել, խնդրեմ հրամմեցէք։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Իմ յաւուր պատշաճի խօսքս այսօր պիտի ըլլայ, որ այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեր եկեղեցիէն ներս, մեր կազմակեր- պութիւններէն ներս ոչ թափանցիկութիւն կայ, եւ ոչ ալ հաշուետուութիւն։ Եւ ատոր համար ժողովուրդը առաւել եւս պէտք է արթննայ եւ պահանջէ իր իրաւունքները։ Ըլլայ ատիկա մեր կազմակերպութիւններէն, ըլլայ ատիկա մեր եկեղեցիէն։ Եկեղեցին սեփականութիւնը չէ հոգեւորականին։ Սեփա- կանութիւնն է ժողովուրդին։
