Մարզական դատական ազգա- յին կեդրոնը որոշում տուած է հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէ- սեանի գծով, որ 2024-ին սկսած էր հանդէս գալ Հայաստանի դրօ- շին ներքեւ: Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասի- ոնը ինք էր, որ այս հարցով դատ բացած էրպահանջելով նիւթա- կան վնասներու փոխհատուցում անոր մարզական պատրաստութեան պայմանները չկատարելուն համար: Քանի մը ամիս տեւած դատէն ետք, դատական մարմինը հիմնաւոր նկատած է ռուսական կողմի պահանջները: Ըստ ընդունուած որոշումին, Աւանէսեան պարտաւոր է ֆետերասիոնին փոխհատուցել իր մարզական պատրաստութեան հետ կապուած ծախսերը, ինչպէս նաեւ պայմանագիրով նախատեսուած վճարումները, այդ տարուան արհեստավարժ թենիսէն ստացած եկամուտի մէկ մասը եւ յարակից ծախսերը: Նշենք, որ օգոստոս 2024-ին 23 տարեկան թենիսվումընը պաշտօնապէս փոխած էր իր մարզական քաղաքացիութիւնը` ռուսական ֆետերասիոնէն անցնելով հայկականին:
