«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած Արման Ծառուկեան յաջո- ղութեամբ սկսաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի իր տարեշրջանը: «Ռաֆ 5» մրցա- շարքին, Ֆլորիտայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), հայ մարզիկը դիւրին յաղթանակ արձանագրեց Լանս Փալմըրի դէմ մրցումին: Գօտեմարտը հազիւ 2 վայրկեան տեւեց, ուր Ծառուկեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաղթեց 10-0 արդիւնքովոչ մէկ առիթ տալով իր մրցակիցին: Ասիկա Արման Ծառուկեանի առաջին ելոյթն էր այս տարի, եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի պաշտօնական մրցաշարքին, սակայն նոյնիսկ իրեն համար նոր ոճի մարզաձեւին ան ցուցադրեց լաւ պատրաստութիւն եւ ըմբշամարտի բարձր մակարդակ: Անոր մրցակիցը Լանս Փալմըր յայտնի ամերիկացի մար- զիկ է, «Փի. Էֆ. Էլ.»-ի նախկին ախոյեան, «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն 23 յաղթանակ եւ 8 պարտութիւն ունի, եւ բացի խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») փորձառութեան, ան ըմբշամարտի ոլորտին մէջ լուրջ փորձառութիւն ալ ունի, ուր դարձած է «Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի ախոյեան եւ մասնակցած ըմբշա- մարտի բազմաթիւ մրցաշարքերու:
