Կրասնոտարի միջնապահ եւ խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան դարձաւ Ռու- սիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի Սոչիի դէմ հանդիպումի գլխաւոր հերոսընշանակելով իր խումբի երկու կոլերը: Հայաստանի հաւաքականի խմբապետը կը շարունակէ ցուցադրել բարձր մակարդակի արդիւնաւէտ ելոյթներ: Ան այս տարեշրջանին արդէն իսկ ձեռք ձգած է 24 արդիւնաւէտ գործողութիւն 11 կոլ եւ 13 էսիսթ, 20 մրցումներու ըն- թացքին: Ան եղաւ նաեւ լիկայի առաջին մարզիկը, որ երկու յաջորդական տարեշրջաններու ընթացքին 10 կոլ + 10 էսիսթ ցուցանիշները կ՛անցնի: Կրասնոտար 5-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ մրցումին հաշիւըշնորհիւ Սփերձեանի: Սոչի 88-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը, սակայն հանդիպումի 95-րդ վայրկեանին անվիճելի փենալթին կոլի վերածեց Սփերձեան, որ 3 կէտերը պարգեւեց իր ակումբին: 46 կէտով Կրասնոտար կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը մէկ կէտի առա- ւելութեամբ Զենիթի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սպարտակ Մոսկուային: Լոքոմոթիւ Մոսկուա կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *