Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու եւ Եւրոյպայի ախոյեանութեան արծաթէ մե- տալակիր, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի նախ- կին անդամ Միհրան Յարութիւնեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ խառն մենա- մարտերու ասպարէզին մէջ եւ յաղթանակ արձանագրեց: Երեւանի «Տաշիր Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած «Արմաթ Ֆայթ Շոու»-ի մրցաշարքին գծով Յարութիւնեան մենամարտ մը ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Տաճի- կիստանի ախոյեան Մակոմետռասուլ Հասանովի դէմ: Յարութիւնեան վայելելով հանդիսատեսներու քաջալերանքը, գերազանց մենամարտ մը ունեցաւ եւ երկրորդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: Յաղթանակ տօնեց նաեւ Աղասի Յակոբեան, որ կէտերու առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց պրազիլցի Ռոնինսոն «Ռաթինիօ» Էնրիքէն: Երեկոյի գլխաւոր ելոյթն էր Գենատի Մակարեանի մրցումը, որուն ընթաց- քին ան պարտութիւն կրեց պրազիլցի Տիեկօ Տիասէն: Նշենք, որ Միհրան Յարութիւնեան իր նախորդ արհեստավարժ մենա- մարտի ելոյթին «Ափ նեքսթ ֆայթինկ 30» մրցաշարքի 665 քկ կշիռի կարգին մէջ յաղթած էր ամերիկացի Շէյն Թորեսին, կէտերու առաւելութեամբ, Լոս Անճելըսի մէջ, անցեալ փետրուարին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *