ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 8, 2026թ

ՏԷՐԸ մօտիկ է անոնց՝ որոնք իրեն կ՚աղօթեն,

բոլոր անոնց՝ որոնք իրեն կ՚աղօթեն անկեղծութեամբ:

Անիկա իրմէ ակնածողներուն փափաքը կը կատարէ,

անոնց աղօթքը կը լսէ եւ կը փրկէ զանոնք: (Սաղմոս 145.18-19)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 9, 2026թ

Գիտցէք, որ փորձութիւնը համբերութիւն կը ծնի, եթէ ձեր հաւատքը փոր-

ձին դիմանայ; Իսկ համբերութիւն պէտք է ունենալ մինչեւ վերջ, որպէսզի

ամբողջական եւ կատարեալ ըլլաք, եւ ձեզի ոեւէ բան չպակասի: (Յակոբոս

1.3-4)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՅԻՍ 10, 2026թ

Արդ, մենք որ կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք: Իսկ եթէ դուք որոշ

կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ:

(Փիլիպպեցիս 3.15)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 11, 2026թ

Աստուած այս երկու բաները, խոստումն ու երդումը, որոնք անփոփոխելի

են եւ որոնց կապակցութեամբ անկարելի է որ ստէ, տուաւ՝ որպէսզի մենք

որ իրեն ապաւինեցանք՝ մեծապէս քաջալերուինք եւ մեզի տրուած յոյսին

կառչինք: (Եբրայեցիս 6.18)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 12, 2026թ

Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան,

Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ՚ամչցնէ։

Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ

Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։ (Առակաց 29.15,17)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 13, 2026թ

Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք:

Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվե-

ցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. Եւ ահա միշտ ձեզի

հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը: (Մատթէոս 28.19-20)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 14, 2026թ

Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր

ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում

ընելու համար քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ

բաց են: (Երեմեայ 32.19)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *