Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ վերջ գտաւ մինչեւ 20 տարեկան- ներու ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Թուտոր Ջուպիրքույի յիշատակին: Հայաստանի հաւաքականը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ 10 ըմբիշներով եւ յաջողեցաւ 8 մետալներով վերադառնալ: Հայաստան 3 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ շահեցաւ: Մրցաշարքի ախոյեաններ դարձան Սաշա Պետրոսեան, Գագիկ Ղազարեան եւ Հենրիկ Հայկեան: Հայաստանի երեք այլ ներկայացուցիչներ հասան աւարտական եւ դարձան արծաթէ մետալակիրներ: Միջազգային այս մրցաշարքի մաս- նակցութիւնը վստահ փորձառու- թիւն պիտի ըլլայ հայ ըմբիշներուն, որոնք կը պատրաստուին յաջորդ միջազգային ցամաքամասային ախոյեանութիւններուն:
