«Ռաֆ 10» մրցաշարքի մրցումնե- րը տեղի ունեցան երէկ առաւօտե- ան ժամերուն, երբ Արման Ծառու- կեան եւ Արսէն Յարութիւնեան յաղթանակներ արձանագրեցին մրցումի աւարտէն առաջ իսկ: Սէյնթ Լուիսի մէջ տեղի ունե- ցած «Ռաֆ»-ի մրցաշարքի երեկո- յին, Ծառուկեան Թոնի Ֆերկուսընը երկու անգամ գետին բերաւ եւ 10-0 ար- դիւնքով միակողմանի յաղթանակ մը տարաւ: «Ռիլ Ամերիքըն ֆրիսթայլ» լիկային («Ռաֆ») գծով Արման Ծառուկեանի 6-րդ յաջորդական յաղթանակն էր այս: Ծառուկեանի յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախ- կին ախոյեան Քոլպի Քովինկթըն, ինչպէս նաեւ ղազախստանցի Քուաթ Հա- միրով, որոնց հետ մրցումները երկու կարեւոր գօտեմարտեր պիտի ըլլան:
