ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 26, 2026թ

Իր թեւերով պիտի ծածկէ քեզ,

եւ իր հովանիին տակ ապաստան պիտի գտնես։

Իր ճշմարտութիւնը իբրեւ զրահ՝

պիտի պատէ ու պաշտպանէ քեզ։ (Սաղմոս 91.4)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 27, 2026թ

Գիտենք թէ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի

մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք։ Որովհետեւ

երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն։ (Հռոմայեցիս 6.6-7)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՀՈՒՆԻՍ 28, 2026թ

Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու

օրէնքները գործադրես, ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ պահէ՛ ու

կատարէ զանոնք: (Օրինաց 26.16)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 29, 2026թ

Փրկութեա՛նդ կը կարօտիմ,

եւ իմ յոյսս խօսքիդ վրայ դրեր եմ։

Աչքերս յոգնեցան քու խոստումիդ կատարումին սպասելէն,

եւ հարց կու տամ.- Ե՞րբ պիտի զիս հանգստացնես։ (Սաղմոս 119.81-82)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 30, 2026թ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հա-

ղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն: (Բ. Կորնթացիս 13.13)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 1, 2026թ

Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով անոր, որ գլուխն է

ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն։ (Կողո-

սացիս 2.10)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 2, 2026թ

Իրմով է որ ամբողջ կառոյցը ներդաշնակ միասնութեամբ մը կ՚աճի

եւ Տիրոջ սեփանակ սուրբ տաճարը կը դառնայ: Անոր միացած՝ դո›ւք ալ

բոլորին հետ միասին Աստուծոյ բնակարան կը դառնաք Սուրբ Հոգիին

միջոցաւ: (Եփեսացիս 2.21-22)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *