Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ 2026-ի Մոնտիալը, ուր Սպա- նիա կրցաւ իր պատմութեան 2-րդ տիտղոսը շահիլ 2010-ի յաջողութենէն ետք` պարտու- թեան մատնելէ ետք Արժան- թինը 1-0 արդիւնքով յետ եր- կարաձգման: Ճիշդ է, որ 1 կոլ նշանա- կուեցաւ միայն, բայց Սպանիա գերազանցեց Արժանթինը, որ դաշտ ներկայացած էր միայն պաշտպանելու: Յաճախ առանց գնդակի կամ կարծր միջամտութիւններու արժանթինցիները ամէն ձեւի դիմեցին դանդաղցնելու Սպանիոյ յառաջխաղացքը: Սպանիոյ ֆութպոլի խումբը 20 անգամ գնդակը հարուածած էր դէպի Արժանթինի բերդը, որմէ ետք միայն Արժանթին կրցաւ գնդակ մը հասցնել Սպանիոյ բերդին: Սպանիա մրցումի առաջին 10 քոռնըրներէն 9-ն ինք շահեցաւ, եւ միայն Մոնտիալի գծով մրցանիշ մը հաստատած բերդապահ Էմիլանօ Մարթինես կրցաւ յոյս տալ Արժանթինին: Մարթինես 12 անգամ կրցաւ զսպել գնդակը, որ մրցանիշ մըն է աւարտականի մրցումի բերդապահի մը համար: Սպանիա իր միակ կոլը նշանակեց 10-րդ վայրկեանին, երբ Նիքօ Ուիլիամս գլխու հարուածով դէպի ետ փոխանցեց Պարսելոնայի յառաջապահ Ֆեռան Թորեսին, որ ձախ ոտքի ուժգին հարուածով գրաւեց Արժանթինի բերդը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *