ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՕԳՈՍՏՈՍ 14, 2026թ

Տիրոջ վստահէ եւ բարիք ըրէ,

որպէսզի երկրի վրայ ապրիս եւ ապահովութիւն վայելես:

Միակ ուրախութիւնդ ՏԷ՛ՐԸ թող ըլլայ,

եւ ինք սրտիդ բոլոր բաղձանքները պիտի տայ: (Սաղմոս 37.3-4)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՕԳՈՍՏՈՍ 15, 2026թ

Ասկէ ետք՝ գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք։ (Մատթէոս 3.8)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 16, 2026թ

Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է: Անիկա կը կտրէ վրաս

հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք

որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան:

(Յովհաննէս 15.1-2)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 17, 2026թ

– Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ,

եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ո՛չ թէ զիս, այլ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։ (Մարկոս

9.37)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 18, 2026թ

Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ

հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատ-

քը կրնա՞յ զայն փրկել։ (Յակոբոս 2.14)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 19, 2026թ

Յիսուս պատասխանեց. -Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն

հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է»:

«Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։

«Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն անո՛ր ծառայես»։

(Մատթէոս 4.4,7,10)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 20, 2026թ

Սակայն Աստուծոյ խօսքը կարելի չէ բանտարկել։ Ատոր համար ալ ամէն

բանի կը համբերեմ՝ Աստուծոյ ընտեալներուն սիրոյն, որպէսզի անոնք եւս

Քրիստոս Յիսուսի միանալով՝ հասնին փրկութեան եւ յաւիտենական փառ-

քին։ (Բ. Տիմոթէոս 2.9-10)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *