Հայաստանցի մարմնամար- զիկ Արթուր Աւետիսեան Զա- ղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնա- մարզութեան ախոյեանու- թեան օղակներու մրցումնե- րուն 14.400 կէտ վաստկելէ ետք դարձաւ Եւրոպայի ախո- յեան: Ան յաւելեալ ցուցանիշնե- րով շրջանցեց Իլիա Զայքան, որ իր կարգին 14.400 կէտ վաս- տկած էր, մինչ Ողիմպիականի խաղերու ախոյեան յոյն Էլեֆթերիոս Փեթրու- նիաս գրաւեց 3-րդ դիրքը: Արթուր Դաւթեան, որ առաջին հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւած էր բարձրագոյն ցուցանիշները ձեռք ձգելէ ետք, յենացատկի աւարտականին միայն 8-րդ դիրքը գրաւեց: Երեք անգամ Եւրոպայի ախոյեանը 14.833 կէտ ձեռք ձգեց նախ իր առաջին փորձին, բայց երկրորդ ցատկին ան չյաջողեցաւ, բան մը, որ զգալիօրէն ազդեց իր վերջնական արդիւնքին վրայ: Նժոյգի թափերու վարժութեան մրցումներուն Համլեթ Մանուկեան դար- ձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ Մամիկոն Խաչատրեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *