Շանկհայի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին, ռուսահայ թենիսմէն Կարէն Խաչանով 1 ժամ 18 վայրկեան պայքարէ ետք պարտութեան մատնեց ֆրանսացի վեթերան Ատրիան Մանարինոն6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիւ 27 դասուած Խաչանով մեծ դժուարութիւն ունեցած էր օր մը առաջ յաղթելու թիւ 37 դասուած Արթիւր Ֆերիի (Բրիտանիա) 7-6, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով, երեքուկէս ժամէ աւելի պայքարէ ետք: Մանարինօ իր կարգին դուրս ձգած էր աշխարհի թիւ 7 թենիսմէն Ֆլաւիօ Քոպոլին6-1, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Նախապէս սերպ վեթերան Նովաք Ճոքովիչ իր կարգին անակնկալ ձեւով պարտուած էր լեհ Հուպերթ Հուրքաչի դէմ մրցումին 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: Թիւ 1 դասուած Ալեքզանտր Զվերեւ եւ թիւ 2 դասուած Քարլոս Ալքարաս հանգիստ ձեւով հասան յաջորդ հան- գրուան: Աշխարհի թիւ 23 թենիսմէն Անտրէ Ռուպլեւ իր կար- գին անակնկալ պարտութիւն կրած էր ճափոնցի Ռէյ Սա- քամոթոյի դէմ, որ պիտի մրցի աւստրալիացի Ալեքս Տէ Մինաորի դէմ: Այս մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ Խա- չանովի մրցակիցը:

By Admin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *