Category: NEWS

Մարտ 18-ին Կը Փակուի Պէյրութի Օդակայանը, Երկրի Ցամաքային ու Ծովային Սահմանները

Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց Մարտ 18-29 ժամանակահատուածին փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ցամաքային ու ծովային սահմանները: Երկրի մէջ պսակաւոր ժահրի համաճարակի սպառնալիքին պատճառով՝ կառավարութիւնը որոշում ընդունեց 15 օրով փակ պահել…

Երկու Վեհափառ Հայրապետներու Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան Քորոնավիրուսի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած…