Վերջերս Շիրակի մարզի Մարմաշէն համայնքին մէջ «Արիս» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանի ձեռամբ մկրտուած է Մարմաշէն եւ Մայիսեան բնակա-վայրերու 100 բնակիչ (Արեւելք, 18 Դեկտ. 2018): Որքան որ ուրախութիւն պատճառեց այս երախաներու մկրտութիւնը, կրկնակի տխրութիւն պատճառեց այն իրողութիւնը որ անոնք երկար ժամանակ չէին մկրտուած, ինչպէս ծխատէր Տ. Բարսեղ Քհն. Ղազարեան կը վկայէ` «Հիմնականում՝ նիւթական հարցերի պատճառով»: Հոս պահ մը կանգ առնենք այս դժբախտ կացութեան առջեւ եւ վերլուծենք:
Քրիստոնէական հասկացողո-ւթեամբ Մկրտութիւնը մարդ արա-րածի ադամական մեղքէն սրբուելու եւ հոգեւոր վերածնունդի խորհուրդն է: Ան իր մկրտութեամբ կ՚ընդունի Ս. Հոգին եւ կը դառնայ «մարմին եւ անդամ» եկեղեցւոյ ու «ժառանգակից Քրիստոսի եւ տաճար Հոգւոյն Սրբոյ»: Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, քրիստոնէական եկեղեցւոյ հին սովորութեան համաձայն, մկրտո-ւթիւնը կը կատարէ «երիցս ընկղմամբ» յանուն Ս. Երրորդութեան. «Ծառայս Աստուծոյ եկեալ յերախա-յութենէ ի մկրտութիւն, մկրտի յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»: Ինչո՞ւ երեք անգամ. որովհետեւ ընկղմումը կը համապատասխանէ Քրիստոսի քաւութեան արարքին, այլ խօսքով՝ ջուրին մէջ մտնելը մահուան նշանակ է, ընկղմումը՝ Անոր թաղման, եւ ջուրէն դուրս ելլելը՝ հրաշափառ սուրբ յարութեան: Հետեւաբար, հին մարդը կը մեռնի եւ նորը յարութիւն կ՚ առնէ:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ թէ Մայր Աթոռի հովանիին տակ գործող եկեղեցականներ գիտակ են այս Խորհուրդի իմաստին ու կարեւորութեան, որ նոյն ինքն Քրիստոսի ձեռամբ հաստատուած է: Հետեւաբար ինչպէ՞ս մեկնաբանել իրողութիւնը մկրտուածներու հսկայ բանակին, ըլլան անոնք մանուկներ եւ կամ չափահասեր: Տրամաբանող միտքը անմիջապէս պիտի գայ ա՛յն եզրակացութեան որ Եկեղեցւոյ պաշտօնեան թերացած է իր պարտականութեան մէջ: Ուստի անհեթեթ է յայտարարել որ այս բոլոր թերացումները արդիւնքն են պարզօրէն՝ դրամի չգոյութեան: Սա կը նշանակէ որ Մկրտութեան Խորհուրդի կատարումը այդքան ալ կարեւոր չէ եթէ նիւթական կարելիութիւններ չկան. այլ խօսքով, եկեղեցականը եթէ պիտի չվարձատրուի նիւթապէս իր կատարած խորհուրդին համար՝ այդ խորհուրդը կը դադրի անհարաժեշտութիւն ըլլալէ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ:
Այս բոլորին գիտակ մեր եկեղեցականութեան անտարբերութիւնը ինչպէ՞ս մեկնաբանել: Շատ գրած եմ նմանօրինակ գայթակղութիւններու մասին: Եթէ իսկապէս քրիստոնեաներ ենք՝ չենք կրնար գումար պահանջել մեր կատարած Խորհուրդներուն ու աղօթքներուն համար: Հակաքրիստոնէական այդ ըմբռնո-ղութիւնը կը նսեմացնէ եւ կ’արատաւորէ եկեղեցականի ուխտին նուիրականութիւնը:
Արիս Արք. Շիրվանեանի ձեռամբ հաստատուած «Արիս» բարեգործական հաստատութիւնը պէտք էր նիւթապէս հոգա՞ր ծախսերը, որպէսզի դուք մկրտէիք այդ մանուկները: Հապա ո՞ւր մնաց ձեր հոգեւոր ծառայութեան իմաստը: Տէր Բարսեղ կը շարունակէ վկայել. «Ասեմ, որ բոլոր մկրտուողների ծախսերը Արիս արք. Շիրվանեան սրբազանն է հոգում՝ սրբիչը, խաչը եւ այլ իրեր տրամադրւում են: Երեխաների ծնողներից ոչ մի դրամ չի գանձւում, մկրտութիւնից յետոյ էլ վկայական է տրւում»: Ամերիկացին պիտի ըսէր՝ B-i-i-i-g Deal! Մեծ գիւտ ըրածի պէս առանց անհանգստանալու կը յայտարարէք թէ քանի որ ծախսերը վճարող կայ՝ հետեւաբար մկրտութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Ո՞ւր է Մայր Աթոռի քրիտոնէական բաժանմունքի պատասխանատուն: Քսանութ տարիներէ ի վեր անկախացած է հայրենիքը: Ա՛լ չկայ անաստուած համայ-նավարութեան քարոզչութիւնն ու վախը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ տակաւին չմկրտուածներ կան հայրենիքի մէջ: Քարաշէն տաճարները կանգնելու փոխարէն հոգեւոր տաճարներ կառուցէք իւրանքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ հոգեւոր տաճարն է որ կանգուն պիտի պահէ Հայց. Առաք. Եկեղեցին եւ ո՛չ թէ ձեր եսը շոյող կառոյցները:
Ահաւասիկ ցայտուն օրինակ մը Մայր Աթոռի առաքելութեան ձախողութեան: Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս պիտի մեղադրէք աղանդաւորները, որոնք իրենց լեզուի ճարտարութեամբ եւ տնտեսական օժանդակութեամբ կ՚որսան մեր հայրենաբնակ եղբայրներն ու քոյրերը: Եթէ դուք տէր չկանգնիք ձեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն՝ կասկած չկայ որ աղանդաւորներ պիտի որսան անտեսուածները, քանի որ դուք աւելի մտահոգուած էք ձեր աշխարհիկ գործերու առաքելութեամբ եւ փառասիրութեամբ:
Ահաւասիկ անգամ մը եւս Տէր Հօր անհասկնալի եւ տարօրինակ տրամա-բանութիւնը. «Ամէն անգամ, երբ խօսք է լինում, ասենք, չորս, հինգ երեխայ ունեցողներն ասում են՝ հիմա այդքան ծախս չանենք, բոլորին միասին կը մկրտենք մի օր: Բայց ես էլ ասում եմ? եթէ Աստուած միանգամից լոյս աշխարհ բերէր նրանց, այո՛, բայց նրանք առանձին են ծնուել, ուրեմն առանձին-առանձին պիտի մկրտուեն, իւրաքանիւրը՝ իր պահին»: Ըսել կ՚ուզէ. քանի որ առանձին ծնած են, ուրեմն առանձին ալ պիտի վճարէք. փոխանակ ըսելու՝ մի՛ մտահոգուիք, բերէ՛ք մկրտեմ ձեր երախան, Աստո-ւած բոլորիս վարձահատոյց կ՚ըլլայ իր ողորմածութեամբ: Ո՜ւր մնացին նուիրեալները…: Ձուկը գլուխէն հոտած է:
Չմկրտուած երախաներու, նաեւ մասնաւորաբար չափահասներու հսկայ թիւը ապահովաբար կարելի է բացատրել խորհրդային իշխանութեանց հակակրօնական հալածանքներուն ստեղծած՝ տակաւին յամեցող բարքերով – կոմունիստական համոզուած անաստուածութիւն. ժողովուրդի համատարած անտարբերութիւն կրօնքի եւ Հայց. Եկեղեցւոյ հանդէպ. անտարբերութիւն եւ անգիտութիւն Խորհուրդներու նշանակութեան հանդէպ (՚՚երբ որ յարմար ըլլայ՝ ա՛յն ատեն կը մկրտենք… կանո՛ւխ ալ կ՚ըլլայ, ո՛ւշ ալ կ՚ըլլայ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ…՚՚): Այդպէս ըլլալով հանդերձ, տարակոյս չկայ թէ Հայոց Եկեղեցին եւ անոր հոգեւոր սպասաւորները Հայաստանի մէջ, գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, խորհրդային կարգերու անկումէն ետք պարտաւոր էին լարուած հսկայ ճիգով լծուելու այստեղ նշուած բացասական բարքերու վերացման գործին՝ ժողովրդային լայն խաւերը Քրիստոսի քարոզած Աւետարանի հոգեւոր սկզբունքներով վերադաստիարակելու արշաւ-ծրագիրով մը: Սրբազան պարտականութիւն մը՝ որուն մէջ լայն չափով թերացած են մինչեւ օրս, դժբախտաբար:
Ու այս բոլորէն ետք կարելի՛ է ակնկալել որ մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու հանդէպ յարգանք ունենայ: Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:
Այս բոլոր ախտաճանաչումները կատարելէ ետք, պիտի կարենա՞նք արդեօք յայտարարել որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պատրաստ է վերստեղծելու եւ վերարժեւորելու կորսուած կրօնական ներդաշնակ ապրումները հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անկասկած որ դժուար է դրական պատասխանել, նամանաւանդ երբ մեզի կը պակսին իրենց կոչումին գիտակից, նուիրեալ եւ ձեռնհաս հոգեւոր մշակներ, մեր ակնկալած այդ մեծ հրաշքը իրագործելու համար:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ,
5 Յունուար 2019, Լոս Անճէլըս