ՓԱՐԻԶ, 12 Յունուար, 2018
Կարդալով «Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցական Դասի ու Թեմական Խորհուրդ»ի Յունուար 11, 2019 թուակիր «Հաղորդագրութիւն»ը, ափսոսանք ապրեցայ: Եթէ մէկ կողմէ «ցաւ ապրեցայ», սակայն միւս կողմէ «հոգիս հրճուեցաւ», երբ իմացայ, որ «Թեմական Խորհուրդը ու բոլոր Թեմական կազմակեր-պութիւնները միահամուռ սատար պիտի կանգնին Առաջնորդ Սրբազան Հօր յառաջիկայ բոլոր օրինական քայլերունե Կեցցէ՜ Հայ ժողովրդի «արդարամիտ» խուլի-կանները, որոնք օր ցերեկով ու վերէն եկած հրահանգներով, «վիզը պիտի կտրեն», Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցւոյ ներկայի տխուր վիճակէն տառապող եկեղեցասէր հաւատացեալներուն, որոնց, «զրպարտութիւնները, ցնդաբա-նութիւնները ու անհիմն բամբասանքները հասցէագրուած (են) Վեհափառ Հայրապետին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի անունին, եւ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, որ չքանան չարիքները, սէր ու համերաշխութիւն տիրէ մեր համայնական կեանքէն ներս»:
Չի հասկցանք, չարիքը աղօթքո՞վ, թէ՞ օրինական քայլերով պիտի չքանան:
Եթէ «աղօթք»ով, ի հարկէ մեր աղօթքներով կը միանանք ձեզի, որպէսզի չարը, որ զաւթած է Ս. Լուսաւորչի Գահը, անհետանայ, ու իր հետ անհետանան կղերապետին ծառայողները: Իսկ եթէ «օրինական քայլերով», Արաբերէն կ՛ըսեն.- «Գացէք ու ծովը սալայատա-կեցէք»:
«Տեղը դիր սուրդ. վասնզի ով որ սուր կ՛առնէ՝ սուրով ալ պիտի իյնայ»: Մատթէոս 26:52
«Վեհափառ Հայրապետին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի անունին»:
Մեզ այնպէս կը թուի, թէ դուք կամ տարբեր մոլորակի մէջ կ՛ապրիք, եւ կամ ալ կը փորձէք մէկ մատով արեւը խափանել: Ի՞նչ հայրապետ, ի՞նչ առաջնորդ, եւ ի՞նչ բարի անունի մասին է ձեր ակնարկութիւնը: Բարի՞: Սա հոմանիշ է, թէ հականիշ չարու-թեան: Ի՞նչ է, ձեր վեհափառ ու առաջնորդ կոչեցեալները ի բնէ մէկական սուրբ են: Ինչո՞ւ մարդկանց ապուշի տեղ կը դնէք, երբ ձեզմէ շատերը, ուրիշներէ աւելի իրազեկ են անոնց նկա-րագրի ցայտուն գիծերուն: Կ՛ուզէի՞ք, որ այստեղ փակագիծ մը բանայինք, ու խայտարակ բառապաշարով մը աւելի եւս խայտարակէինք արդէն վաղուց դիմակազերծուած այդ ձեր «սուրբերը»:
Այո՛ մօտ է գարունը: Շատ մենատէրեր եւ մենաշնորհեալներ եկան ու գացին, չըսելու համար պատմութեան աղբամանին մէջ նետուեցան: Վերջինները ՀՀԿականներն ու իրենց համախոհները: Հերթը հասած է իրենց «հոգեւոր» գործակիցին:
«Զգոյշ եղէք, մի՛ վրդովուիք, զի այդ բոլորը պիտի պատահին, … »: Մատթէոս 24:6