Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Բնութեան օրէնքը. անոնք ովքեր չեն պահպաներ օրէնքները պատիժի կ’ենթարկուին
Երբ կուսակրօնութեան մասին է խօսքը, հոգեւորականութեան թեկնածու աբեղան կամ վարդապետը պարտադիր կուսակրօնական խոստում կուտայ։ Հետեւաբար, հակառակ սեռի հանդէպ կամ նոյն սեռի հանդէպ որեւէ հետաքրքրուածութիւն կամ կապ բացառւած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարկէն ներս։ Այդպիսի ակտերը աններելի մեղքեր են։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին թաքուն սեռահարներու թաքստանոց չէ։ Ան որ կուսա-կըրօնութեան ծխածածկոյթին տակ գաղտնաբար հազար ու մէկ սրիկայութիւններ ներառեալ՝ մանկապղծութիւն կ’ընէ խորհելով որ իր կատարածները ջուրին երես պիտի չի քան, չարաչար կը սխալուին։
Սիրելի հայ մայրեր եւ ամուսիններ,
Արդեն շատերդ տեղեակ էք թէ ինչպիսի մարդկային կեանքերու աւերուածութիւն կատարուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ընտանիքներ իրենց երեխաներուն սրբապղծութեան զոհ դառնալուն ականտես եղած են։
Հիմա այդ աւերուածութեան նախնական շրջանն է Հայ Եկեղեցիէն ներս։ Աւերուածութիւնը ամբող-ջական կրնայ ըլլալ եթէ հիմակուընէ առաջքը չառնենք։ Այսօր իսկ հարկաւոր է որ ձեր մտահոգութիւնը բարձրաձայնէք։ Վաղը ուշ կրնայ ըլլալ։ Ուշադրութեամբ եւ աչջալրջութեամբ հետեւեցէք ձեր ամուսնոյն, զաւակներուն որ հանկարծ հովնաններուն ձեռքը չիյնան եւ հերթական նոր զոհեր չի դառնան։
Նկարագիրով վիճելի երիտասարդ գործակիցներ եւ հոգեւորականներ պաշտօնների արագընթաց բարձրացում կունենան եւ իսկոյ իրենք զիրենք կը շրջապատեն անմեղ երիտասարդներով։ Եւ ամեն անգամ խօսելուց երիտասարդների մասին իր բերանը բաց է մնում…
Ներկայ Հայ Եկեղեցւոյ իրավիճակը այն է որ Հայ Եկեղեցին ներսէն գրաւուած է աւերիչ ուժերու կողմէ, որոնք Աստուծոյ երկրպագելու փոխարէն մամոնային եւ սատանային կը պաշտեն։ Իսկական աղանդաւորներ։ Պիղծեր։ Իսկ ամենամեծ պիղծը իր հարազատ եղբայր՝ Եզրասն է, որ Ռուսասատանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդն է որը յայտնի է իր մանկապղծութեամբ էլ է զբաղուել։
Ըստ բազմաթիւ վստահելի աղբիւրներու, Եզրաս Ներսիսեանին, Հովնան Տէրտէրեանին եւ մնացեալ կլանակիցներու գլխին կանգնած է Գարեգին Բ որ ապօրինի կերպով տիրացած է եւ բռնազաւթած կը պահէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը։
Գարեգին Բ եւ իր ոհմակիցները փոխանակ հոգեւորական ծառայութիւն մատուցելու հաւատացեալ Հայ ժողովուրդին, կը թալանեն զանոնք ե՛ւ դրամապէս ե՛ւ հոգեւորապէս։
Անոնք կը մեղանչեն Աստուծոյ տասը պատուիրաններուն դէմ։
Աստուծոյ տասը պատուիրանները.
1. Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունես:
2. Ոչ մի կուռք չպիտի պաշտես:
3. Աստուծոյ անունը պարապ տեղ բերանդ մի առներ:
4. Շաբաթը սուրբ պահէ:
5. Պատուէ հայրդ եւ մայրդ:
6. Մի սպաներ:
7. Շնութիւն մի ըներ:
8. Գողութիւն մի ըներ:
9. Ձեր հարեւանին դէմ սուտ վկայութիւն մի ըներ։
10. Ուրիշին ունեցածին աչք մի տնկեր։
Անոնք ամեն րոպէ կ’ոտնահարեն Աստուծոյ տասը պատուիրան-ները ու սադայելաբար կը հետեւին իրենց կուռք՝ Գարեգին Բ-ի քսան կործանիչ պատուիրաններուն.
1. Աստուծոյ լքած՝ Գարեգին Բ-ին պաշտէ։
2. Մամոնայ կուռքին պաշտէ։
3. Աստուծոյ անունով սուտ քարոզներ կարդայ սակայն իսկութեան մէջ սատանային ծառայէ։
4. Գարեգին Բ-ն եւ իր ոհմակիցները ոչ մէկ օր սրբութիւն կը պահպանեն։
5. Գարեգինապաշտները ոչ միայն ազգին հայրերուն եւ մայրերուն չեն պատուեր այլ անոնց թշուառութեան մէջ կը պահեն։ Անոնց համար օգնութեան դրամներով զեխ կեանք կþապրին։ Լաս Վեգասներ կ’երթան։
6. Ոչ միայն ֆիզիքապէս այլ նաեւ հոգեւորապէս անոնք տասնեակ հազարներով հայերուն կը սպանեն։ Թուրքին սկսած ցեղասպանութիւնը կը շարունակեն։
7. Շնութիւնը իրենց համար նորմալ ապրելակերպ դարձուձած ապօրինի եւ գաղտնի կերպով կուսակրօնական խոստումնին կը դրժեն եւ սեռային կապեր կ’ունենան իգականներու հետ եւ այլոց հետ նոյիսկ միասեռական կապեր կ’ունենան։ Եւ նոյնիսկ մանկապղծութիւն կը գործեն աւերներ յառաջացնելով ենթակային եւ անոր ընտանիքին մօտ։
8. Գողութիւններու շարքը երկար է եւ քանակութիւնը՝ մասսայական։
9. Անամօթութիւն
10. Ստախօսութիւն։
Սիրելի հաւատացեալներ, կարծէք չեր բաւեր անտեսել Աստուծոյ տասը պատուիրանները, Գարեգին Բ եւ իր կլանը եւս տասը կործանիչ պատուիրաններ աւելցուցին.
11. Ապերախտութիւն։
12. Համառութիւն։
13. Ձրիակերութիւն
14. Աներեսութիւն
15. Սուտ կուսակրօնութեամբ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու չարաշահում։
16. Մեծամտութիւն։
17. Ինքնահաւանութիւն։
18. Դաւաճանութիւն։
19. Սեփական Ազգի հանդեպ թշնամութիւն։
20. Կնամոլութիւն, Միասեռականութիւն, Մանկապղծութիւն։
Հիմա ժամանակն է ոչ միայն բողոքելու այլ եւ կարելի եղածին չափ շուտ Գարեգին Բ-ի եւ իր կլանակիցներու հրաժարումը իրականացնելու։ Եթէ այս կործանիչ երեւոյթէն չի ձեռբազատուին հայ հաւատացեալները, մեր ժողովուրդը տանուլ է տալու ամենուրեք։ Ամեն ինչ կորսնցենլու վտանգի սպառնալիքի տակ կը մնայ ե՛ւ մեր ժողովուրդը ե՛ւ հայ ազգն ու պետականութիւնը իր հաւատով, մշակոյթով եւ լեզւով։