ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Արդեո՞ք Յովհաննէս Գումրուեան որակուած է որեւէ վարժարանէ ներս ուսուցիչ ըլլալու, եւ յատկապէս «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցէն ներս, Թ՞ե պաշտօնի կոչուած է պարզապէս Արք. Յովնան Տէրտէրեանի, փաստաբան Յովսէփ Կանիմեանի եւ հովիւ Մանուկ Մարգարեանի հետ մտերիմ ըլլալուն պատճառով:
Մի քանի ամիս շարունակ «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան»-ի ուսանողներու ծնողներ կապ հաստատած են «ԱՄՆ Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրութեան հետ] ամբողջական գաղտնապահութեան մէջ ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցէն ներս պրն. Գումրուեանի վարուելակերպի մասին: Թէկուզ մի քանի ծնողներ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին իրենց երեխաներու հնարաւոր չարաշահումի մասին, այս պահին ես կը ցանկամ յետաձգել այս թեմայով որոշակի տեղեկատւութեան հրապարակումը] մինչեւ յետագայ հետաքննութեան ամբողջացումը:
Վերջերս ծնողներու շրջանակեն հաւաստի աղբիւր մը յայտնեց, որ 2019 թ. Փետրուար ամսուայ մէջ կէսօրէն ետք ան ֆիզիակապէս հարուածած է 3-րդ տարեկան որդւոյն «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցի կանգառի տարածքէն ներս:
Մէկ այլ ծնող մը յայտարարեց. «Երեխաները իրենց հօրը կը նային որպէս օրինակելի անձ: Բայց պարոն Գումրուեանի պարագային չգիտեմ, թէ ինչպէս կարող է օրինակելի անձ լինել, երբ նա իր երեխային հոշոտում է: Եւ ինչ օրինակելի անձ կարող է դառնալ նա] որպէս ուսուցիչ: Արդեո՞ք նա նոյնպէս կոպիտ է իր աշակերտների նկատմամբ»:
Մէկ այլ ծնող ալ մտահոգութիւն յայտնեց, որ. «եթէ նա իր երեխային վատ վերաբերմունք է ցուցաբերում, որքանո՞վ է նա վստահելի արդար վերաբերմունք ունենալու այլ մարդկանց երեխաներին հետ, մասնավորապէս] «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» ավագ դպրոցի աշակերտներին եւ Բերբանկի Արեւմտեան Թեմի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ դպրոցի երեխաների հետ»:
Առ ի գիտութիւն, Արեւմտեան Թեմի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ դպրոցի կոմիտէի նախագահ նշանակուած է Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։
Արժանահաւատ աղբիւրներ կը վկայեն, որ պարոն Գումրույան պարբերաբար պարծենում է, որ ինքը «Անդիպչելի է» եւ ունի ուժեղ կապեր եւ Արեւմտեան Թեմի մէջ որոշ ուժեղ ուժերի աջակցութիւնը: Արդեոք անոր աջակցութիւնը կուգայ Արք. Տէրտէրեանէ՞ն, Ժոզէֆ Կանիմեանէ՞ն, Սինան Սինանեանէ՞ն եւ հովիւ Մանուկ Մարգարյանէ՞ն:
Եթէ այո, արդեո՞ք Արք. Տէրտէրեան եւ պարոն Սինանեան հաւանութիւն տուած են պարոն Գումրուեանին ահաբեկելու «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցի ողջ տնօրինութիւնը, ուսուցչակազմը, ուսանողներն ու ծնողները:
Այլ ծնողներ մտահոգութիւն յայտնած են պարոն Գումրուեանի‘ որպէս ուսուցիչ «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցէն ներս ներկայության մասին, անոր վախեցման բնութեան պատճառով եւ, յատկապէս այն եղելութեան համար, որ ան հաւանաբար կը վստահի Արք. Տէրտէրեանի եւ պարոն Սինանեանին‘ վախեցնելու դպրոցի տնօրինութեան, ուսուցչակազմին, ուսանողներուն եւ ծնողներուն: Արդեոք ինչքա՞ն դեռեւս այսպէս շարունակել։
«ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցի բազմաթիւ անհատներու շրջանակէն ներս տարածուած գիտելիք է, որ «Ոչ ո՛ք չի կրնար հակադրուիլ կամ քննադատել պարոն Գումրուեանին, քանի որ ան ունի ամենաուժեղ կապերը» եւ ան կþընկալուի որպէս «Անդիպչելի է» եւ այդ է պատճառը, որ շատ ծնողներ կը տատամսին 2019-2020-ի դպրոցական վերամուտին համար արձանագրելու կամ վերագրանցելու իրենց երեխաներուն «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցէն ներս:
Վերջերս պրն. Գումրուեանը ակտիւօրէն ներգրաւուած էր ապատեղեկատվութիւն տարածելու համար‘ մեծ բարերար Պրն. Պետրոս Տաղլեանի մասին, որ դրամատունէն ապահոված էր 15 միլիոն տոլարի վարկ‘ Տաղլեան Համալիրի կառուցման համար, որ կը հանդիսանայ մշակութային եւ զուարճանքի խոշորագոյն կենտրոններէն մին, որ այժմ ճանաչցուած է որպես թիւ 1 միջոցառման վայրը Հարաւային Քալիֆոռնիայի մէջ եւ ԱՄՆ-ի մէջ Թիւ 5-րդը: Այս նշանակալի յաջողութիւնը իրականացուած է պարոն Տաղլեանի եւ անոր ամբողջ ընտանիքին ծանր աշխատանքի շնորհիւ: Պարոն Տաղլյան դեղագործութեան բարձրագոյն դոկտոր է եւ երբէք չէ ցանկացած կառավարիչ դառնալ հարսանեկան եւ այլ միջոցառումներու ու հանդիսութիւններու ընկերութեան մը:
Փոխանակ շնորհակալութիւն յայտնելու պարոն Տաղլեանին] իր ժողովուրդին հանդեպ նւիրւածութեան 40 տարիներու երկայնքին եւ անոր բոլոր ջանքերուն յօգուտ եկեղեցիին, դպրոցին եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններուն, Արք. Տէրտէրեան, հովիւ Մանուկ Մարգարյան եւ անոնց դրածոները՝ ինչպէս պարոն Գումրուեան է, սկսած են ապատեղեկատուական քարոզչութեան, պարոն Տաղլեանի դէմ կեղծ, վարկազրկիչ ու անհիմն տեղեկութիւններ, կեղծ փաստաթղթեր եւ այլ խեղաթիւրումներ տարածելով:
Ակնհայտ է, որ պարոն Գումրուեան «բարիքներ» ստանալու դիմաց շատ մեծ «պարտքեր» ունի Արք. Տէրտէրեանին եւ հովիւ Մարգարյանին, եւ այդ է հաւանական պատճառը, որ ան պարոն Տաղլեանի դէմ սուտերու տարածման արշաւին կը մասնակցի եւ այնքան մեծ ախորժակո՜վ:
Սա կարեւոր հարց կը յառաջացնէ. Արդեոք ստախօս մը կրնա՞յ ծառայել որպէս ուսուցիչ: Ինչպէ՞ս կրնայ պարոն Գումրուեան տիպար ուսուցիչ ըլլալ դպրոցէն ներս, երբ իրական կեանքի մէջ ան սուտեր եւ անհիմ ու վարկազրկիչ խօսքեր կը տարածէ եւ նաեւ՝ անպատ-ւաբեր կերպով բարոյապէս կը փորձէ սպանել ազնուահոգի մարդոց ինքնութիւնը: Ըստ երեւոյթին Արք. Տէրտէրեանի եւ Մանուկ Քհն. Մարգայանի եկեղեցիէն ներս ուր Պր. Գումրուեան կը պաշտօնա-վարէ որպէս Սարկաւագ իսկական քրիստոնէութեան փոխարեն ուրի՞շ կրօնի կը դաւանին։
Արդեոք ան բաւականին ամերիկեան մակարդակի կրթութիւն ունի՞, որակեա՞լ եւ վկայեա՞լ է ԱՄՆ-ի մէջ դասաւանդելու որպէս ուսուցիչ։ Թէ՞ պարզապէս «տեղաւորուած» է «ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան» դպրոցէն ներս, Արք. Տէրտէրեանի լաւագոյն ընկեր եւ զինակից ՀԲԸՄ-ի Խորհուրդի անդամ Սինան Սինանյանի միջնորդութեամբ: Արդեոք եւս մէկ «նեպոտիզմ»ի («ԽԾԲ»ութեան) նմոյշ մը չէ՞ Արեւմտեան թեմի եւ ՀԲԸՄ-ի շրջանակէն ներս:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *