Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս այցելած է Ամերիկայի հայկական ազգային կոմիտէի (Armenian National Committee of America) գլխամաս եւ հանդիպած կազմակերպութեան ղեկավար կազմին հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենպրես»-ը, հանդիպման մեկնարկին քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուցած է իր աշխատանքային այցի մանրամասները, տեղի ունեցած են նախատեսուող հանդիպումները, ձեռնարկները եւ գրանցուած արդիւնքները: ԱՀԱԿ գործադիր տնօրէն Արամ Համպարեան ներկայացուցած է կոմիտէի ներկայիս աշխատանքները եւ նպատակները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացները եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:
Աւելի ուշ ԱԽ քարտուղարը հանդիպած է «Ամերիկայի հայկական համագումարի» (Armenian Assembly of Armenia) գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտունիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու, ԱՄՆ հայկական համայնքի եւ սփիւռքի կառոյցներու հետ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *