10 յունիսին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելած է Արցախի պետական համալսարան (ԱրՊՀ) եւ հանդիպում ունեցած համալսարանի ուսանողութեան հետ:
Պատուիրակութեան ղեկավար Ռազմիկ Գաբրիէլեան, որ կը համակարգէ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքները, նշած է, որ իրենց այցելութիւնը 2018 թուականին ԱրՊՀ-ի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրին մէջ իրականացուած է, որուն մեծ սիրով ու խանդավառութեամբ միացած են համալսարանի ուսանողները:
«Արցախը մեծ նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ, եւ լիբանանահայ գաղութը ուղղակի կապուած է Արցախի հետմիշտ պատրաստ նեցուկ ըլլալու արցախցիներուն: Մեր այցելութեան նպատակն է Արցախի հետ բարեկամութեան կամուրջներ հաստատել, այդ ծիրին մէջ ալ Հայկազեան համալսարանին կողմէ այս անգամ 1000 միաւոր գիրք նուիրաբերած ենք ԱրՊՀ-ին», մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:
Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի նախագահ Քրիս Բրուտեան ըսած է, թէ ինք երկրորդ անգամ ըլլալով Արցախ կը գտնուի եւ կարեւոր կը նկատէ արցախցի ուսանողներու հետ գործակցային յարաբերութիւններու ստեղծումը:
«Այսպիսի շփումները կարեւոր են ուսանողներու համար
համազգային հարցերու շուրջ տեսակէտներու ու կարծիքներու փոխանակման առումով, քանի որ մենք բոլորս մէկ մշակոյթի եւ մէկ ինքնութեան տէր ենք: Արցախը ինծի համար սուրբ հող է. այստեղ մենք նոր ուժ ու ոգեւորութիւն կը ստանանք», աւելցուցած է ան:
Հանդիպման ընթացքին երկու համալսարաններու ուսանողները քննարկած են ուսումնական հոլովոյթին, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, արցախեան հիմնախնդիրին, Լիբանանի հայկական համայնքի գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
