Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը այսօր հիւրընկալեց Լոս Անճելըսի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան հայկական վարժարանի աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներ: Սփիւռքահայ պատանիները վերականգնողական կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն նուիրեցին 11 համակարգիչ:
Սփիւռքահայ աշակերտները կամաւոր աշխատանքով պիտի օգնեն բարելաւել կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն խօսակցական անգլերէնը:
Նշենք, որ վերջին վեց տարիներին վարժարանի սաները Հայաստան կ՚այցելեն կամաւոր աշխատանք կատարելու կամ որևէ բնագաւառի մէջ վերապատրաստուելու նպատակով:
Այս տարի աշակերտներուն մէկ մասը կամաւորական աշխատանքպիտի կատարէ Երևանի պետական բժշկական համալսարան «Մուրացան» հիւանդանոցին մէջ:
Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աւարտական դասարանի 36 աշակերտները Հայաստան պիտ ըլլան Յունիս 4-27ը, և իրենց առօրեային մէկ մասը պիտի նուիրեն բուժուող զինոուորներուն, ինչպէս նաև համալսարանական հիւանդանոցին: