ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՀԱՐԹԵՆԵԱՆ՝ ԱՀԱԲԵԿՈՒԱԾ Միջազգային փողեր լուացող եւ թմրամիջոցներ վաճառող, Յունաստանի մէջ Էջմիածնական Թեմի Խորհուրդի նախագահ նշանակուած՝ Գարեգեն Բ-ի կողմէ

Խմբագրական ծանօթ. Գարեգին Բ-ն եւ կլանակիցներ, Ռուսաստանի թեմէն՝ Եզրաս Արք. Նեսիսեան եւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմէն՝ Յովնան Տէրտէրեան գլխաւոր գործակից մը կորսնցուցին յանձինս Մերուժան Հարթենեանին: Հարթենեան մի քանի տարի է որ, կը զբաղուէր փողերու լուացումով եւ թմրամիջոցներու ապօրինի մագսանենգութեամբ: Հարթենեան եղած է Գարեգին Բ-ի կլանի եւ համաշխարհային հանցագործ ցանցի միջեւ սերտ կապ մը: Գարեգին Բ-ն զինք նշանակած էր Յունաստանի Հայաստանեայց Եկեղեցիի թեմական խորհուրդի անդամ: Վերջերս ան դարձած էր Թեմական Խորհուրդի Նախագահ: Հարթենեան սերտօրէն համագործակցած է նաեւ Ստամպուլի Պատրիարքարանի ինքնակոչ տեսուչ Արք. Արամ Աթեշյանի հետ: Աթեշեանը թրքական կառավարութեան գործակալ է, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի սերտ կամակատար եւ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպության «Թրքական Գորշ Գայլեր»ու ակտիւ համագործակցող: Արք. Աթեշեան եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեան սերտօրէն համագործակցած են հակահայկական Թրքական Արձանագրութիւններու իրագործման համար:
Ո՞Վ Է ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅԸ
Թարգմանութիւն՝ Ն.Կ.ի
Յունական մամուլի լայնօրէն անդրադարձած Յունաստանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի Էջմիածնական Թեմի Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ‘ Մերուժան Հարթենեանի սպանութեան։
Յունիս 5-ին, առ. ժամը 01–00-ին, Աթէնքի Անօ-Ղլիֆատա շրջանի մէջ, իր տան ստորգետնեայ ինքնաշարժի կայանատեղիի մէջ երկու անյայտ անձերու կողմէ սպանուեցաւ 41-ամեայ Մերուժան Հարթենեան, որ վերջին տարիներուն Յունաստանի մէջ Էջմիածնական Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ էր, վերջերս ալ‘ Ատենապետ– Սպանութեան հանգամանքի մանրամասնութիւններուն լայնօրէն անդրադարձած են յունական բոլոր հեռուստաալիքները, տպագիր եւ առցանց մամուլը: Այդ մանրամասնութիւններէն խոր ցնցում ապրեցաւ տեղի հայ համայնքը։
Թարգմանաբար կը ներկայացնենք յունական հեռուստաալիքներէն, կայքերէն եւ տպագիր մամուլէն որոշ հատուածներ.
) «ըnt1» հեռուստաալիքի կայքը սպանութեան մասին կը գրէ.
«Մաֆիոզ խումբերու հաշվեյարդարի հետեւանքով զոհուած է Հայ Եկեղեցիին մօտ անձ մը– Սպանուողը կը զբաղուէր փողերու լվացումով եւ թմրանիւթերու մագնասենգութեամբ»– (www.antenna.gr)
) Յունական հանրայայտ «Vima» թերթը այսպէս վերնագրած է սպանութեան լուրը$ «ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԱՖԻԱՆ, ԳՈԼՈՄՊԻԱՅԷՆ՝ ՔՈՔԱԻՆԸ ԵԻ ՛՛ՍԱԼ՛՛-ը («Սալ»-ը/«Քարիւղ»ը, հանցաւոր խումբի ղեկավարի ծածկանունն է)– Ոստիկանական աղբիւրներէն քաղելով իր տեղեկութիւնները թերթը կը գրէ, որ Աթէնքի Անօ-Ղլիֆատա (Ano-Glyfada) շրջանի մէջ սպանուած 41-ամեայ հայը, «ՍԱԼ» («Քարիւղ») ծածկանունով, Յունաստանի մէջ կալանաւորուած ռուս յայտնի հանցագործի սերտ գործընկերն է, որ յոյն ոստիկանութեան կողմէ (ժխխըձ) արդեն դատապարտուած է թմրանիւթերի մագսանենգութեամբ եւ սպանութիւններու համար։
Անոնք ռուս, վրացի եւ ալբանացի ազգութիւններէ կազմուած հանցախումբի միջոցով պանանի արկղերով Գոլոմպիայէն Յունաստան կը տեղափոխէին աւելի քան 160 քիլօկրամ Քոքային– (www.tovima.gr)
) Ամերիկեան CNN հեռուստաալիքի յունական ծառայութիւնը կը գրէ. «Տեղեկութիւններու համաձայն, սպանութիւնը մաֆիայի տարբեր խումբերու միջեւ հաշուեյարդարի արդիւնք է։
Սպանութիւնը իրականացուած է 7.65 եւ 9 մմ. երկու տարբեր զէնքերու կրակոցներէն։ CNN-ը կը նշէ, որ սպանուողը ոստիկանութեան մէջ հաշուառման մէջ գտնվող անձ էր»։ (www.cnn.gr)
) Յունական «10.gr»- թերթը կը գրէ որ Գոլոմպիայէն մօտ 160 քիլոկրամ քոքային ներկրող նախկին ըմբիշը սերտ յարաբերութիւններու մէջ էր Յունաստանի մէջ Հայ Եկեղեցիի հետ։ 41-ամեայ անձը ունէր երկու երեխայ։ (www.to10.gr)
) «Իէֆիմերդիա»-ն կը գրէ. «2013 թուականի Հոկտեմբերին, Յունաստանի ոստիկանութեան եւ Ամերիկայի Թմրեցուցիչներու Հակամագնասանենգութեան Վարչութեան (DEA-ի) համատեղ ջանքերու շնորհիւ, Սալոնիքայի մէջ յայտնաբերուեցաւ Էքուաթօրիայէն բերուած 120 կգ քոքային: Հանցագործութեան շրջանակներու մէջ ձերբակալուած են 16 մարդ, որոնց կը գլխաւորէր, յունական ծագումով 45-ամեայ վրաստանցին– Հանցախումբին մաս կազմած են ալպանացի, վենեզուելացի, ուքրանացի, յոյն եւ հայ անձեր– Ղլիֆատայի մէջ սպանուած 41 ամեայ Մ. Ա. (յունարէնի մէջ կը բացակայի «Հ» տառը) մաս է կազմած է հանցախումբին: (www.iefimerida.gr)
) Յունական յայտնի «Թա Նեա» (Ղa ծea) օրաթերթը այսպէս վերնագրած է սպանութիւնը‘. «41-ամեայ հայու ալեկոծային սպանութիւնը եւ 2013 թ. հարցաքննութեան թղթածրարը, Քաստօրիայի մէջ կատարուած ներդրումը եւ անոր յարաբերութիւնները Աթէնքի Հայ Եկեղեցիի հետ»։
Թերթը կը գրէ. «Կէս գիշերէն ետք, ժամը 1-ին, Ղլիֆատայի Քարաիսկակի հրապարակի վրայ գտնուող իր տան ստորգետնեայ ինքնաշարժի կայանատեղիին մէջ 41-ամեայ հայաստանցին սպանուած է անյայտ երկու անձերու կողմէ: Ոստիկանութեան տուեալներու համաձայն, անոր վրայ կրակ բացած են, երբ զոհը ինքնաշարժը կանգնեցուցած եւ փորձած է իջնել: Երկու երեխաներու հայր 41-ամեայ նախկին ըմբիշը, կապեր ունեցած է հայկական եկեղեցի հետ: 2013 թուականին ան մեղադրուած էր «փողերու լուացումով» եւ Քոլոմպիայէն մօտ 160 քիլօկրամ քոքայինի մագսանենգութեան խոշոր հանցագործութեամբ: Ան 2015-ին Յունաստանի դատարանին մէջ նոյնպէս մեղաւոր ճանաչցուեցաւ‘ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Ալպանիայէն, բազմաթիւ յոյներու եւ ավելի քան 100 մեղադրեալի հետ: (www.tanea.gr)
) Protothema յունական կայքը սպանութիւնը վերագրելով մրցակից հանցախումբերու հաշուեյարդարին, կը մանրամասնէ 2015-ի ձերբակալութեան հանգամանքները, գրելով$ «2015-ին յետաքննութիւնը սկսուած է թմրամիջոցներու տեղափոխման հետապնդման հետեւանքով, երբ վիճարկուող բեռնարկղը յայտնաբերուած է Սալոնիքի բեռնարկղային նաւահանգիստին մէջ, որ կը պարունակէր 108 փաթեթ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէր 1.1 քիլօկրամ քոքային եւ ամենը իրար հետ‘ 120 քիլօկրամ»: (www.protothema.gr)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *