Վերջին Նորութիւն. ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍ, 21 ՅՈՒՆԻՍ,2019

ԲԱՑԱՌԻԿ ՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ԻՆ

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
1949-ին, իր հիմնադրուելէն ասդին Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը իր իքնութիւնը պահպանած է որպէս ոչ-շահութաբեր, ոչ-կու-սակցական, ոչ-դաւանական կազմակերպու-թիւն, որ կը տրամադրէ ապրելու աջակցութեան եւ բուժքույրական խնամքի հաստատութիւն-ներ, հիմնականին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ համայնքի համար:
Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը պետք է ըլլայ ոչ-հատուածական եւ անկուսակցական հաստա-տութիւն մը, որ լիովին անկախ է բոլոր կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւննէն։ Այնուամենայնիւ, կը թուի, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի շրջանակին ներքին օղակին անդամներուն գերակշռող մտայնութիւնը կը թուի ըլլալ այն, որ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը խոշոր հարստութիւն ունեցող կազմակերպութիւն մըն է, որ ըստ երեւոյթին, թիրախ դարձած է Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ անոր զինակիցներ՝ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ այլոց կողմէ որոնք կը դասուին Տէրտէրեանի անմինջական զինակիցներ որոնք հաւանաբար կանխամտածուած ձեւով տեղաւորուած են Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տան» Խնամակալ Խորհուրդէն ներս:
«Արարատ Տարեցներու Տան» ներքին աղբիւրներ այս խմբագրին տեղեկացուցին թէ, մի քանի տարի առաջ, Արք. Յովնան Տէրտէրեան եւ Կանիմեան միասնաբար փորձած են համոզել Խնամակալներու Խորհուրդին, Արեւմտեան Թեմին հետ, Սան Տիեկոյի մօտ, 15 միլիոն տոլար արժող ծերանոցի համատեղ շինարարութեան ձեռնարկութեան մէջ մտնել: Արք. Տէրտէրեան եւ Կանիմեան առաջարկած են, որ «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը կառուցէ բազմամիլիոնանոց համալիրը թեմին պատկանող դատարկ հողատարածքին վրայ:
Խնամակալներու Խորհուրդի անդամներ ընդդիմացած են առաջար-կութեան, ըսելով, որ «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը «այնպիսի համա-տեղ ձեռնարկութեան մէջ չի մտներ համայնքի միւս կազմակեր-պութիւններէն որեւէ մէկուն հետ»: Առաջարկը մերժուեցաւ:

This image has an empty alt attribute; its file name is dzukik-1024x400.jpg


Այնուամենայնիւ, Ժոզէֆ Կանիմեանի‘ որպէս «Արարատ Տան» Խորհուրդի նախագահ այս տարուայ վերընտրութեան կանխամտած-ւած թուացող կազմակերպումով, «Արարատ Տան» Խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ մտահոգուած են, որ պր. Կանիմեան կրնայ ծառայել որպէս Արք. Տէրտէրեանի կցորդը «Արարատ Տան» համակարգուած գրաւման համար համատեղաբար՝ Խորհուրդի այն անդամներու հետ որոնք դրածոներն են Արք. Տէրտէրեանին:
2019 թ. Ապրիլի 25-ի դրութեամբ, «Արարատ Տան» Խնամակալներու խորհուրդի Գործադիր Կոմիտէն կազմուած է Ժոզէֆ Կանիմեանէն‘ որպէս Խորհուրդի նախագահ, Ռոն Նազելիէն‘ որպէս Փոխ-Նախագահ, Ռիչըրտ Ճէպէճեանէն որպէս երկրորդ Փոխ-Նախագահ, Տէպպի Աւետեանէն‘ որպէս քարտուղար, Արթուր Զապունեանէն‘ որպէս քարտուղարի օգնական, Մայքըլ Սիւրմենեանէն որպէս Գանձապետ, Վահէ Վարդանեանէն‘ որպէս գանձապետի օգնական: Խնամակալներու Խորհուրդի մնացած անդամներն են‘ Բժիշկ Ռաֆֆի Պալեան, Բժիշկ Վաչէ Պարտաքճեան, Բժիշկ Շահէ Պօյաճեան, Փիթըր Տարաքճեան, Արմէն Համբար, Նօրա Համբար, Կերի Գալուստեան, Մակի Մանգասարեան-Կոշըն, Ռաֆի Մարտիրոսեան, Ատամնբժ. Ռոյ Մարտինեան, Բժիշկ Յարութ Մեսրոպեան, Բժիշկ Ժոզէֆ Ուզունեան, Քոհար Մարտիրոսեան Փելթըր, Պերճ Շահպազեան, Սինան Սինանեան եւ Նատիա Վիրապեան:
Ժամանակաւորապէս այս գրողը ձեռնպահ կը մնայ առանձնացնելէ, վերոյիշեալ ցանկին մէջ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանի հետ սերտ կապ ունեցող անհատներու անունները:
Հետաքրքրական է, որ պարզուեցաւ, որ Արեւմտեան Թեմի կողմէ առաջա-դըրւած տարեց-ներու խնամքի կառոյցի առաջարկուող շենքային չափը նման էր «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնական շէնքին կից՝ նոր յաւելուածին: Այն փաստը, որ նման կառուցման արժեքը բաղդատելի է նմանատիպ կոռոյցի արժեքի հետ՝ շուրջ 7 մլն դոլար, նոր հարց կþառաջանայ. Արեւմտեան թեմը ինչու՞ կարիք կը զգայ դիմելու «Արարատ Տան» բազմամիլիոն տոլարնոց կառոյցի շինարարութեան համար, երբ Թեմը կրնայ պէտք եղած գումարը փոխ առնել դրամատունէն, սեփական թափուր հողի վրայ շինարարութիւն իրականացնելու համար:
Սոյն յօդուածի հիմնական նպատակն է‘ 1) «Արարատ Տան» ընդհանուր անդամակցութեան եւ հանրութեան զգուշացնել Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանի կցորդ անձերու կողմէ՝ «Արարատ Տան» հաւանական գրաւումին մասին։ 2) «Արարատ Տան» խոշոր գումարներու յետագայ զանգուածային իւրացում՝ կասկածելի նպատակներով առաջնորդուող անհատներու կողմէ։ 3) Խթանել «Արարատ Տան» անկախութիւնը պաշտպանելու զգոնութիւնը եւ 4) Զգոնութիւն պահպանել «Արարատ Տան» ֆինանսական առողջութեան պաշտպանման սիրոյն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *