Յունիս 24-ին, Ժընեւ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Փեթըր Մաուրերի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգային հարցերուն: Կողմերը արժեւորեցին Հայաստանի զանազան նախարարութիւններուն հետ ոլորտային համագործակցութիւնը, այդ կարգինմիջազգային մարդասիրական իրաւունքի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման եւ դատաիրաւական համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումները:
Նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԿԽՄԿ-ի մարդասիրական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ ծաւալած գործունէութիւնը եւ յայտնեց կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը ապահովելու պատրաստակամութիւնը:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ վերջին զարգացումներուն
նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց տագնապի գօտիին մէջ բնակող մարդոց իրաւունքներու ապահովումը, անոնց մարդասիրական իրաւունքի անշեղ իրագործումը: Յատկապէս նշուեցաւ խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման կարեւորութիւնը խաղաղ հոլովոյթներու արդիւնաւէտ ծաւալման գործին մէջ:
