Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի յառաջատար, երեք քայլ ոստումի մրցումներուն մասնակցող Լեւոն Աղասեան, Արտաշատի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ախոյեանութեան ընթացքին, 17 մեթր 08 արդիւնք մը արձանագրելով անձնական մրցանիշ մը հաստատեց, ինչպէս նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան տոմս մը ապահովեց:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 110 մարզիկներ:
Հայաստանի ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարար Տիգրան Սիմոնեանի համաձայն, մասնակցողներուն քանակը գոհացուցիչ է, բայց տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք:
Այս ախոյեանութիւնը սկսաւ ի բացակայութեան երեք քայլ ոստումի Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի մրցանշակիր, Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանի, որ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ:
