Հայաստանը եւ Վիեթնամը մտադիր են զարկ տալ տնտեսական համագործակցութեան, բանակցութիւններու աւարտին յայտարարած են երկու երկիրներու առաջնորդները:
Հայաստանցի պաշտօնակցին Վիեթնամի վարչապետ Նկույէն Սուան Ֆուքը դիմաւորած է իր նստավայրին մէջ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ, առանձնազրոյցէն ետք երկու վարչապետերն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ վարած են, ապա Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նկույէն Սուան Ֆուքը լրատուամիջոցներու համար հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
Վիեթնամի վարչապետը ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի յետյեղափոխական գործունէութիւնը, ներքաղաքական կայունութեան հաստատումը:
Հայաստանի վարչապետը շեշտած է, որ մէկ տարուան ընթացքին վճռական քայլերու շնորհիւ իր խումբը կրցած է որակապէս փոխել երկրի տնտեսական եւ, մասնաւորապէս, ներդրումային միջավայրը:
Հայաստանի մէջ այսօր, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, արտասահմանեան ընկերութիւններու գործունէութեան համար խոչընդոտներ չկան: Ստեղծուած են նաեւ բոլոր անհրաժեշտ իրաւական մեխանիզմները՝ պետութեան կողմէ օտարերկրեայ ներդրողներու սեփականութիւնը պաշտպանելու համար:
Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ Հայաստան-Վիեթնամ միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ, անոր զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ հայ-վիեթնամական գործարար համաժողով:
Բանակցութիւններու արդիւնքներով Երեւանն ու Հանոյը ստորագրած են կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մեղմացնել հարկային քաղաքականութիւնը:
Նշենք, որ հանդիպումէն ու բանակցութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը գրառում կատարած է իր ֆէյսպուքեան էջին՝ Վիեթնամի վարչապետի հետ հանդիպումը գնահատելով արդիւնաւէտ։
«Գործնական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցայ Վիեթնամի վարչապետ Նկույէն Սուան Ֆուքի հետ», – գրած է Փաշինեանը:
