Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Փեքինի Ազգային ողիմպիական մարզադաշտին մէջ ներկայ գտնուած են «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի կալա համերգին: Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինը, Սինկափուրի, Սրի Լանքայի, Յունաստանի նախագահները եւ Գամպոտիայի թագաւորը: Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինը եւ ջերմօրէն ողջունած ներկաներուն:
Կալա համերգի ընթացքին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակից քանի մը տասնեակ պետութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկած են կատարումներով‘ ներկայացնելով իրենց ազգային մշակոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթը Հայկական Քոչարի պարով:
«Երեկոյեան արդէն մեր Քոչարին հեռարձակուեց չինական ամենախոշոր հեռուստաընկերութիւններից մէկի՝ CCTV-ի եթերումե» – ֆէյսպուքեան իր էջին տեղադրուած տեսանիւթը մակագրած է Աննա Յակոբեանը:
«Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակիցներու թիւը կþանցնի 2 հազարը‘ աշխարհի 47 երկրէ: Համաժողովին նպատակն է ամրապնդել Ասիական տարածաշրջանի պետութիւններու կապերը, ներառեալ‘ տնտեսական, խորացնել համագործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *