«Պրէյթպարթ» (Breitbart) կայքէջի վրայ հրապարակուած Ֆրենսիս Մարթելի յօդուածը կը նկարագրէ թրքական լոպիիստական ջանքերը Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքին մէջ, որ հիմնուած է 1889 թուականին եւ նախապէս կրած է Վիլլա Հոլկին անունը: Ըստ Ուիքիփետիայի՝ հարաւամերիկեան այս քաղաքը իր անունը փոխած է եւ անուանուած Արմենիա՝ «ի յիշատակ հայ ժողովուրդին, որ կոտորուած է թուրք օսմանցիներու կողմէ՝ 1894էն 1897 թուականներու համիտեան ջարդերուն, իսկ աւելի ուշ՝ 1915-1923 թուականներուն, Հայոց Ցեղասպա-նութեան ժամանակ»: Որոշ պատ-մաբաններ կը վիճարկեն այս հաս-տատումը՝ քաղաքի անուան ծագումը վերագրելով Հայաստանի մասին Աստուածաշնչեան յիշատակութեան:
Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ թուրք դեսպան Էսէ Օզթուրք Չիլ 14 Դեկտեմբեր 2018ին եւ 11 Յունուար 2019ին երկու նամակ յղած է Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքի քաղաքապետին՝ զայն եւ քաղաքային խորհուրդի տասը անդամները այցելութեան հրաւիրելով Թուրքիա՝ իբրեւ թրքական կառավարութեան պաշտօնական հիւրերը:
3 Փետրուար 2019ին, կիրակնօրեայ գիշերային յատուկ նստաշրջանի մը ընթացքին Արմենիայի քաղաքային խորհուրդը 12 թեր եւ 6 դէմ քուէարկութեամբ հաստատած է քաղաքապետ Օսքար Քասթելլանոսի եւ Արմենիայի քաղաքային խորհուրդի ինը անդամներուն այցելութիւնը Թուրքիա՝ 6էն 13 Փետրուար 2019ի համար: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամները տեսակցած են Սթամպուլի եւ Անգարայի քաղաքապետներուն, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ եւ այցելած Անգարայի համալսարանի Լատինական Ամերիկայի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը: Անոնք տեսակցած են նաեւ թուրք գործարարներու հետ եւ այցելած Կապոյտ մզկիթ եւ Կրանտ պազար:
Ուղեւորութիւնը բուռն վէճերու առիթ դարձաւ Քոլոմպիայի մէջ: Արմենիա քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ դէմ էին այդ այցելութեան՝ քաղաքապետին եւ ինը անդամներու քաղաքէն բացակայութեան պատճառով, այն ժամանակ, երբ քաղաքը կը գտնուէր տնտեսական խառնաշփոթ վիճակի եւ վատ ղեկավարման մէջ: Վերջին երեք տարիներուն, Արմենիայի հինգ քաղաքապետները գործէ արձակուած էին կաշառակերութեան պատճառով: Քաղաքացիները կը կարծէին, որ նոր քաղաքապետը պէտք է մնար տունը եւ հոգ տանէր քաղաքի գործերուն: Տարածաշրջանային գլխաւոր դատախազը քննութիւն բացաւ թրքական ուղեւորութեան վերաբերեալ՝ քաղաքապետին եւ խորհուրդի անդամներուն կողմէ կատարուած խախտումները ստուգելու համար: Անոնք նաեւ պէտք է քննեն՝ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին անոնց «առատաձեռն» հիւրընկալողներէն ստացուած կաշառքները եւ կամ հաստատեն նուէրները:
Քոլոմպիական տեղական «Սեմանա» հրատարակութիւնը հաստատած է Արմենիայի (Քոլոմպիա) Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան միջեւ եղած կապը. «…Կը պարզուի, որ [Քոլոմպիայի] Արմենիայի [քաղաքային] խորհուրդը 2014 թուականի 08 համաձայնագիրով որոշած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը հռչակել իբրեւ պաշտօնական յիշատակի օր՝ ի նշան համերաշխութեան այն երկրին հետ, որ քոլոմպիական քաղաքին պէս կը կրէ միեւնոյն անունը: Այնուհետեւ, խորհուրդը վաւերացուցած է այդ կապերը 2015 թուականի 075 արձանագրութեամբ, որով անոնք ձգտած են բարեկամական կապեր հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ…»:
Ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ «Սեմանա» բացատրած է, որ «ամէն ինչ կարծես ցոյց կու տայ, որ թրքական կառավարութեան հրաւէրին պատճառը քաղաքային խորհուրդի անդամներուն այլ տարբերակի տրամադրումը եղած է այն ցաւալի պատմական դրուագին հանդէպ, որ ցոյց կու տայ, թէ այդ երկիրը պատասխանատու է Ցեղասպանութեան համար»:
«Սեմանա» հաղորդած է՝ «Ինչպէս կը յիշէք, այն ինչ որ այսօր յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, տեղի ունեցած է 1915ին, Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ, եւ թէեւ թիւերը տակաւին կը քննարկուին, խօսքը սակայն կը վերաբերի՝ նուազագոյնը 300 հազար եւ առաւելագոյնը 1.5 միլիոն մարդկային կորուստներու: Այդ բնաջնջման զոհերը հայերն էին, որոնք իբրեւ իրենց դահիճը կը մատնանշեն Օսմանեան կայսրութիւնը՝ այսօրուան Թուրքիան»:
«Սեմանա» հետաքրքրուած է, որ քաղաքապետարանի պաշտօնեաները, Թուրքիա կատարած իրենց այցելութեան հետեւանքով արդեօք կրնա՞ն որոշել չեղեալ համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Այդ օրերուն, ուղեւորութենէն ետք միակ նոր զարգացումը օսմանեան ժամանակաշրջանի հագուստ կրող տղամարդու որմնանկարին յայտնուիլն է Արմենիայի քաղաքապետարանի շէնքի պատին: «Պրէյթպարթ» տեղեկացուցած է, որ որմնանկարը «պատմական ոչ մէկ աղերս ունի քաղաքին հետ» եւ «կը շփոթեցնէ ու կը զայրացնէ բազմաթիւ բնակիչներ…: Տարածաշրջանային La Crցnica de Quindվo թերթը հաղորդած է, որ տեղացիները շփոթած կը թուին, իսկ ոմանք՝ վրդոված, այդ թանկարժէք որմնանկարէն, որ, անոնց կարծիքով, որեւէ կապ չունի իրենց ժառանգութեան հետ»:
«Պրէյթպարթ» մէջբերած է խօսքերը Մարիսելա Մոնթէզ անունով տեղացի կնոջ մը, որ ըսած է La Cronicaին. «Ես իրապէս չեմ հասկնար, թէ Արմենիան [քոլոմպիական քաղաքը] ի՞նչ կապ ունի Թուրքիոյ հետ: Կը կարծեմ, որ անոնք պէտք է վճարեն այդ կարճատեւ ուղեւորութեան համար, զոր կատարած են…: Անտրամաբանական է, որ ասոր պէս բան մը նկարուած է նման գեղեցիկ հաստատութեան մէջ»:
Թերթը մեջբերած է նաեւ խօսքերը ուրիշ բնակիչի մը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք ոչ թէ զայրացած է, այլ պարզապէս՝ «շփոթած»: Խորխէ Ճարամիլօ ըսած է La Cronicaին. «Մենք շփոթած ենք, որովհետեւ չենք հասկնար, թէ ի՞նչ կապ ունի սուլթանը Արմենիա [քաղաքի] հետ: Ի՞նչ կը կատարուի մեզի հետ: Կը խնդրեմ, որ պետական լուրջ գործիչները ստանձնեն այս քաղաքին ղեկավարումը: Ասիկա իսկապէս սարսափելի է մեր մայրաքաղաքին համար»: Քաղաքային խորհուրդի անդամ Լուիզ Կիլերմօ Ակուտելօ ըսած է El Tiempoին. «Որմնանկարը անհեթեթութիւն է…: Ասիկա հանրային կառոյց է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի…: Հոս եղած է մեր պատկերասրահը, իսկ հիմա անոնք ամբողջովին կը փոխեն անոր էութիւնը»:
El Tiempo տեղեկացուցած է, որ «խորհուրդը չի քննարկեր միայն Թուրքիոյ մշակութային ծառայութիւնները: Այժմ անոնք բացայայտ կերպով կը քննարկեն քաղաքին կողմէ 2014ին ընդունուած հռչակագիրի փոփոխութեան հարցը, որով քաղաքապետարանը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը», ըսած է «Պրէյթպարթ»:
Մինչեւ հիմա թրքական հրաւէրը հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վրայ, որովհետեւ Քոլոմպիայի լրատուական միջոցներուն մէջ անիկա յառաջ բերած է բազմաթիւ քննարկումներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին,
իսկ քաղաքապետը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամները խնդիրներ ունեցան օրէնքի հարցերուն կապուած:
Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, որ հաւատարմագրուած է նաեւ Քոլոմպիայի մէջ, պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ թրքական լոպիիստական ջանքերուն հակազդելու համար: Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքները եւս պէտք է ձեռնամուխ ըլլան նման գործողութիւններու: Անոնք նաեւ պէտք է ջանք թափեն, որ քաղաքային խորհուրդը չեղեալ չհամարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իր նախկին որոշումը եւ ձերբազատի օսմանեան որմնանկարէն:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
