Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 18 յուլիսին հիւրընկալած է յատուկ այցելութեամբ Հայաստան գտնուողԱւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ նախագահը ողջունած է Պերեճիքլեանի այցելութիւնը հայրենիք եւ բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը յանուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի: Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը տակաւին 1997 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած է: Կլատիս Պերեճիքլեան ըսած է, թէ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռնուհի եւ այցելելով Հայաստան հպարտ է իր հայկական ծագումով եւ արմատներով: Ան յոյս յայտնած է, որ իւրաքանչիւր յաջորդ այցելութեան Հայաստանը տեսնէ աւելի զարգացած:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի` Նիւ Սաութ Ուէյլզի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ, խօսած նաեւ աւստրալահայ համայնքի եւ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *