Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերա-սիոնին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբա-նանի 2019 տարուան աղջկանց զոյգի ախո-յեանութեան մըր-ցումները:
Մարիանա Սահակեան – Մալաք Խուրի զոյգը (Նատուա Քամաթիէ) հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեթիսիա եւ Թալիա Ազար քոյրերուն (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա):
Երրորդ դիրքը գրաւեցին Նոել Քէշիշեան – Լարա Քեչեպաշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) եւ Ճենիֆըր Խայեաթ – Քրիսթի Արիտա (Շարթիէ Տար Նուր – Տահր Այն) զոյգերը:
Տղոց պարագային, մրցաշարքը հասած է կիսաւարտական հանգրուան:
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 27 յուլիսի յետմիջօրէին (նոյն վայրին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *