Կիրակի, Օգոստոս 11-ին, Մոնթեվիտէոյի Հնչակեան Կեդրոնը այցելեցին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ` Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ, որոնք կը ներկայացնեն Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը:
ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Տանիէլ Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն, զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ անոնց մղած պայքարին՝ յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի եւ Քուրտերու դէմ Էրտողանի կառավարութեան շղթայազերծած հալածանքներու մասին: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ ինչպէս անցեալին Հայերու հետ պատահեցաւ, այսօր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին Քուրտերը: Երկու գործիչները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հարաւային Ամերիկայի հայութիւնը զօրակցի Քուրտերու մղած պայքարին ու տեղական քաղաքական շրջանակներու մօտ աշխատանք տանի այս ուղղութեամբ:
Այս առթիւ Ընկերուհի Լորա Արսլանեան հիւրերուն նուիրեց Ուրուկուայի պետական փոսթի կողմէ հրապարակուած Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հնչակեան Կուսակցութեան 100-ամեակներուն նուիրուած դրոշմաթուղթերու ցուցապատկերները:
Հնչակեան կեդրոն այցելութեան ընթացքին Կարօ Փայլանին եւ Էպրու Կունային կ՛ընկերակցէին անոնց խորհրդական Սեւան Տէիրմէնճեան եւ Արժանթինի Հայ Կեդրոնի ատենապետ Գարլոս Մանուկեան, որու նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամները կ՛այցելեն Հարաւային Ամերիկայի երկիրները:
Նոյն օրը, Կարօ Փայլան այցելեց Մոնթեվիտէոյի «Փարամազ» հրապարակը:
Օգոստոս 12-ին, Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ շարք մը հանդիպումներ ունեցան Հայկական կազմակերպութիւններու եւ տեղական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *