BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը հրապարակած է Գրիգոր Աթանէսեանի եւ Օլկա Իվշինայի յօդուածը՝ Ռուսաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) ղեկավարութեան եւ աշխարհիկ համայնքներու միջեւ հասունցող ճգնաժամի մասին։
Ստորեւ կու տանք սոյն գրութիւնը՝ մասնակի յապաւումներով։
Տարիներ շարունակ բորբոքող ներքին տարակարծութիւնները ամենէն հին քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ արդէն մօտ ապագային կրնան վերածուիլ մեծ ճգնաժամի։ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը պարզեց, որ Ռուսաստանի հայկական աշխարհիկ համայնքներու՝ Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք.ին ներկայացուցած կուտակեալ դժգոհութիւնները կը համապատասխանեն Հայ առաքելական եկեղեցիէն ներս ընդդիմադիր շարժումի դժգոհութիւններուն, իսկ Ռուսաստանի հայկական աշխարհիկ համայնքներու դժգոհ առաջնորդները արդէն քանի մը ամիս է, որ կապի մէջ են Հայաստանի ըմբոստ հոգեւորականութեան հետ։
Սիպիրի, Պովոլժիէի եւ Ուրալի հայկական հասարակական կազմա-կերպութիւններու ղեկավարները կը մեղադրեն ՀԱԵ-ի ռուսական թեմը՝ թալանի, ագահութեան, ղեկավարման բռնատիրական համակարգի եւ Սփիւռքի մէջ խռովութիւններ հրահրելու փորձերու մեղսակցութեամբ։
Միաժամանակ, ՀԱԵ-ի հոգեւորականութեան մէկ մասը բացայայտօրէն կը նկատէ, թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հարազատ եղբօր՝ Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել եկեղեցական կանոններու խախտումին եւ անջատումին (հերետիկոսութեան)։
Եթէ ընդդիմադիր այս երկու ուղղութիւնները միաւորուին՝ Եկեղեցին կրնայ պառակտումի ենթարկուիլ։ Սակայն Եկեղեցւոյ տարակարծութիւնները կա՛մ չեն նկատեր, կա՛մ ալ կը փորձեն արհամարհել։ Թեմական առաջնորդ Եզրաս սրբազանի մամլոյ ծառայութիւնը BBC-ի բոլոր հարցերումներուն ի պատասխան յայտարարած է, որ «Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմերու կեանքին մէջ որեւէ խնդիր չկայ»։
“Սա իմ Լիանոչկան է։ Մենք հինգ տարի շարունակ չէինք կարողանում նրան կնքել, պատկերացնո՞ւմ էք։ 17 անգամ թեմ ենք զանգահարել, խնդրել ենք քահանայ ուղարկել։ Ոչ ոք չի եկել”, կ՚ըսէ Արսէն Մոսոյեան՝ ցոյց տալով աղջկան լուսանկարները։ Ան արդէն 26 տարի է, որ կ՚ապրի Իժեւսկ։ Երբ հայկական համայնքը որոշած է այնտեղ վանք կառուցել, ան կրցածին չափ օգնած է այդ գործին։
2012-ին, երբ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտած էր, համայնքը դիմած է առաջնորդին, խնդրելով, որ օծէ եկեղեցին եւ քահանայ ուղարկէ։ Ի պատասխան՝ վերջինս խնդրած է, որ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր շրջակայ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը անցնի թեմին եւ ընդունուի կանոնադրութիւն, որով ամբողջ իշխանութիւնը կը տրուի Մոսկուայի կողմէ նշանակուած վանահօր։
Համայնքը այդ պայմանները կատարած է, սակայն տաճարը չէ օծուած։ Համայնքային կազմակերպութեան նախագահ Առաքելեանի համաձայն՝ թեմը առաջադրած է երկու լրացուցիչ պահանջ՝ համայնքը պէտք է վճարէ Մոսկուայէն ուղարկուած քահանան (բացի կատարած բոլոր ծէսերու եկամուտէն) եւ թեմի «կայունացման ֆոնտին» նուիրաբերէ 1,2 միլիոն ռուբլի։ Այս պայմաններուն մասին BBC-ի հարցադրումին՝ թեմը չէ պատասխանած։
«Այս ամէնը կարծես ինչ-որ շորթում լինէր», կը հառաչէ Մոսոյեան։ «Թեմի բոլոր խօսակցութիւնները միայն փողի մասին են։ Կարծես դա ոչ թէ եկեղեցի լինի, այլ բիզնէս կամ առեւտրային կէտ»։
Այսպէսով Մոսկուայէն նշանակուած քահանան իրաւաբանօրէն դարձած է ծխական համայնքի ղեկավար, սակայն չէ եկած Իժեւսկ։ Համայնքը արդէն եօթը տարի է որ եկեղեցւոյ տարածքին ազգային տօներ եւ երախաներու համար դասընթացքներ կը կազմակերպէ, սակայն եկեղեցին ու անոր կողքի քարաշէն հովուատունը պարապ կը մնան։
Նման կացութիւն իւրայատուկ չէ միայն Իժեւսկի։ Այդպիսի խնդիրներ այս կամ այն փուլին այժմ կարելի է նկատել Ալթայի, Քեմերովոյի, Քիրովի, Նովոսիպիրսկի եւ Սվերդլովսկի մարզերուն մէջ։ Նախապէս խնդիր կար նաեւ Ռիկայի ծխական համայնքին մէջ, որ նոյն թեմին մաս կը կազմէ։ Աշխարհիկ համայնքի պահանջներու մասին կը խօսին նաեւ Մոսկուայի նախաձեռնող խումբերը։
BBC-ն թեմին առաջնորդին հետ հարցազրոյց խնդրած է, սակայն մերժուած է։
Թեմի հոգեւորականներէն մէկը BBC-ի հետ հարցազրոյցին ժխտած է աշխարհիկ համայնքներուն կողմէ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքները, սակայն կարճ ժամանակ ետք հեռաձայնած եւ խնդրած է ոչ մէկ պարագայի զինք չմէջբերել, ըսելով՝ որ հարցազրոյց տալու արտօնութիւն չունի։ Ի պատասխան պաշտօնական հարցումին, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած էին հնչած մեղադրանքները՝ թեմի մամլոյ քարտուղարը ուղարկած է հետեւեալ նամակը (կու տանք ամբողջութեամբ).-
«Ի պատասխան ձեր հարցման՝ տեղեկացնում ենք, որ ՀԱԵ-ի Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի կեանքում ոչ մի խնդիր չկայ։ Եթէ որոշ անձինք, ելնելով սեփական չարչի նպատակներից, չարաշահում են ծխական կառոյցը, դա ծխական համայնքի խնդիրը չէ։ Հետեւաբար ձեր բարձրացրած հարցերը ոչ մի կերպ կապուած չեն թեմի եւ եկեղեցական համայնքների միջեւ հոգեւոր-ազգային գործունէութեան հետ»։
Ամբողջ աշխարհի հայկական Սփիւռքին համար եկեղեցին աւելին է, քան աղօթատեղի։ Միջնադարուն պետականութեան կորուստէն յետոյ հայկական համայնքները կը հաւաքուէին եկեղեցիներու շուրջ։ Այնտեղ կ՚որոշուէին հասարակական կեանքի մասին հարցերը, կը պահպանուէին աւանդութիւնները եւ կը ստեղծուէին գործնական կապեր։
ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք ռուսական շրջաններու հայկական համայնքները նոյնպէս սկսան եկեղեցիներ կառուցել, որպէսզի պահպանեն աւանդութիւնները եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցեն լեզուն ու ազգային մշակոյթը։ Սակայն այդ եկեղեցիներէն շատեր հիմա պարապ են։ Եւ գրեթէ ամէնուր կը խօսին, որ ատիկա համակարգային խնդիր է՝ կապուած եկեղեցական ղեկավարութեան հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւններուն։
Այսպէս է, որ փակուեցաւ նաեւ Քեմերովոյի մարզի Նովոքուզնեցկի եկեղեցին։ Զայն կառուցած էր տեղւոյն համայնքը, որ կը վճարէր Մոսկուայէն ուղարկուած քահանային աշխատավարձը։ Սակայն թեմը բարձրացուց խորհուրդի եւ ծիսակատարութիւններու գիները։ Ծխականները սկսան իրենց դժգոհութիւնը արտայայտել եւ քահանան ուղղակի հեռացաւ՝ պատճառաբանելով մարզի խիստ կլիման։
«Այսպէս փակեցին մեր եկեղեցին։ Իսկ ո՞վ պիտի հիմա այնտեղ մոմ վառի, առնէտնե՞րը», ցաւով կ՚ըսէ Գիորգի Անտոնով-Միրզախանեան՝ Ռուսաստանի Հայերու միութեան Քեմերովոյի գրասենեակի ղեկավարը։
Թեմի փակուած եկեղեցիներու մասին BBC-ի յղած հարցումին չեն պատասխանած։
Նովոսիպիրսկի մէջ խնդիրը հասած է դատարան։ Ինչպէս եւ ամէնուր, համայնքը իր միջոցներով եկեղեցի կառուցած է եւ հողատարածքի ղեկավարումը յանձնած՝ ՀԱԵ-ի տեղական մասնաճիւղին՝ ընդունելով Մոսկուայէն ուղարկուած ծխական կանոնադրութիւնը։
Ապա ծխական խորհուրդի եւ Մոսկուայէն ուղարկուած քահանայի միջեւ տարակարծ ութիւններ սկսած են։ Քահանային հետ մ ե կենասներու հերթական վիճաբանութենէն ետք վերջիններս եկեղեցւոյ ջեռուցումը եւ ելեկտրականութիւնը խզած ու հեռացած են։
Թեմի որոշումին ի պատասխան՝ ծխական խորհուրդը լուծուած է. աւագներուն փոխարինած են Մոսկուային հաւատարիմ մարդիկ։
«Մեզնից գողացել են ամենասուրբ բանը՝ հաւատը», կ՚ըսէ Նովոսիպիրսկի մարզի Հայերու հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Արթուր Խաչատրեան, աւելցնելով՝ որ ատիկա կը նկատէ աւազակային բռնագրաւում։ Անոր
եղբայրը՝ Էդիկը, որ ծխական խորհուրդի նախկին անդամ է, թեմին դէմ դատի դիմած է՝ փորձելով վիճարկել խորհուրդի լուծարումը։ Սակայն դատարանը եկեղեցական հոգեւոր պետերու գործողութիւնները օրինական ճանչցած է։
Ճիշդ նոյն կերպով Կիրովի մարզի ծխական խորհուրդը, որու իրաւունքները սահմանափակուած էին Մոսկուայի կողմէ կազմուած կանոնադրութեամբ, կորսնցուց սեփական միջոցներով կառուցած եկեղեցւոյ վրայ ունեցած վերահսկողութիւնը։ BBC-ին տուած հարցազրոյցին շինարարութեան գլխաւոր հովանաւոր Ֆուրման Աբրամեան պատմեց, որ արքեպիսկոպոսին հետ բոլոր կապերը խզած է եւ անոր գործողութիւնները անարժան կը նկատէ։
Իրարմէ անկախ Ալթայի Հանրապետութեան եւ Քեմերովոյի մարզի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները որոշած են չդիմել ՀԱԵ-ի քահանաներուն, խաչքարերու օծման համար։ Ըստ համայնքի ղեկավարներուն՝ ռուս քահանաներ հրաւիրելու որոշումը կայացած է, երբ Հայ եկեղեցիէն յայտարարած են, որ կ՚օծեն քարերը, միայն եթէ անոնց գտնուած վայրի հողատարածքը անցնի թեմին։
«Նրանք հայ ազգի հովիւներ չեն, այլ ինչ-որ մաֆիա», կ՚ըսէ Գիորգի Անտոնով-Միրզախանեան։
Անկէ ետք անոնք որոշած են, թէ՝ «միջոցառումներին այլեւս հայ քահանաներ չեն լինի, այլ միայն Ռուսեր» եւ օգնութիւն խնդրած են Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանաներէն։ Ռուս քահանաները խաչքարերը օծած են նաեւ Թաթարստանի եւ Վոլոկտայի մարզին մէջ։
ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԱՐԶԵՐԸ…
Ռուսական քաղաքներու մէջ բազմաթիւ խնդիրները կարելի էր ընդունիլ կեդրոնական իշխանութեան եւ մարզերու դիմադրութեան տրամաբանութեան մէջ։ Սակայն Մոսկուայի հայկական համայնքին մէջ եւս միաբանութիւն չկայ։
«Հայկական եկեղեցին “զաւթել են” մարդիկ, ովքեր զբաղած են ուրիշների սեփականութեան իւրացմամբ», BBC-ի հետ հարցազրոյցին ըսաւ Ռուբէն Գրիգորեան՝ Մոսկուայի ՀԱԵ-ի վանական համալիրի կառուցման մեկենասներէն մէկը եւ կապալառու ընկերութեան սեփականատէրը։
Եկեղեցւոյ շինարարութեան մէջ ունեցած դերին համար ան պարգեւատրուած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով, սակայն Եզրաս արք.ի հետ ունեցած հակամարտութենէն ետք ան ոտք չի դներ եկեղեցի եւ կ՚աջակցի ՀԱԵ-ի ղեկավարութիւնը փոխելու պահանջին։
2015-ին Գրիգորեան ոգեշընչուելով մօտակայքը բացուած Հրէական թանգարանով եւ հանդուրժողականութեան կեդրոնով, հովանաւորած էր եկեղեցւոյ տարածքին՝ «Մոսկուայի Հայկական ազգային մշակոյթի թանգարան»-ի հիմնադրութիւնը։ Սակայն բացումէն շատ չանցած Եզրաս արք. որոշած է ստեղծել իր սեփական թանգարանը եւ տարածքէն զրկած է մեկենասն ու անոր թանգարանը։ Թեմը յայտարարած է, որ Գրիգորեան ձեռնարկը կազմակերպած է առանց հոգեւորականներու օրհնութեան, իսկ թանգարան մտնելը դարձած է վճարովի։ Մեկենասը կը հերքէ այս փաստերը։
Ըստ Ռուսաստանի Հայերու միութեան համահիմնադիր եւ Գրիգորեանի ստեղծած թանգարանի ղեկավար Դաւիթ Տօնոյեանի՝ «Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հայ երիտասարդութեան վերաբերումը դէպի ՀԱԵ-ի հոգեւոր պետը բացասական է»։ «Հոգեւորականութիւնը ոչ մի շփում չունի հայ երիտասարդութեան հետ», կ՚աւելցնէ ան։
Համայնքի մեղադրանքները եւ պահանջները վերջին հաշուով ուղղուած են Հայ եկեղեցւոյ գլուխը գտնուող երկու անձերու դէմ՝ ՀԱԵ-ի՝ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմերու առաջնորդ Եզրաս արք.ին (Ներսիսեան) եւ զինք այդ պաշտօնին նշանակած աւագ եղբօր՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։
Գարեգին Բ. ՀԱԵ-ն կը գլխաւորէ 1999-էն ի վեր։ Անցեալ քսան տարիներու ընթացքին աշխարհականները, քահանաները եւ նոյնիսկ երկու հայ պատրիարքներ՝ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ, քննադատած են անոր եկեղեցական կեանքին՝ նիւթականի հանդէպ ունեցած չափէն աւելի հակումը եւ ղեկավարելու համար՝ բռնատիրական համակարգ ստեղծելու փարումը։
Գարեգին Բ.ի օրօք եկեղեցական իշխանութիւնը կեդրոնացնելու ձգտումը դարձած է ՀԱԵ-ի եւ Սփիւռքի միջեւ գլխաւոր խնդիրը, կ՚ըսէ Օքսֆորտի համալսա-րանի Արեւելքի հիմնարկի փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան։
«Կենդոնացման գլխաւոր գործիքը դարձած է՝ Հայկական եկեղեցւոյ միասնական կանոնադրութիւններու ներմուծումը ամբողջ աշխարհի մէջ», կ՚ըսէ ան։ Այդ կանոնադրութիւնները, ըստ Չիլինկիրեանի, համայքներու մէջ կռիւներ ու անհամաձայնութիւններ յառաջացուցած են եւ դարձած են շարք մը խնդիրներու բուն պատճառը, ինչպէս՝ շատ արժանի քահանաներու գործունէութեան կասեցումը։
Հայկական որոշ լրատու միջոցներ գրած էին, թէ Գարեգին Բ.ն շատ աւելի քահանաներ եւ վանականներ կարգալոյծ ըրած է, քան վերջին 300 տարուան մէջ իրեն նախորդողները։ Չիլինկիրեանի կարծիքով՝ չնայած, որ կարգալոյծ եղած քահանաներու յստակ թիւը յայտնի չէ, սակայն համեմատելով պատմական չափանիշերու՝ վստահաբար շատ մեծ է։
Ռուսաստանի հայկական համայնքի ներկայի խնդիրը եզակի է իր մասշտաբով, սակայն կաթողիկոսի՝ արտասահմանեան թեմերու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու փորձերը արդէն մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձած են։ 2011- ին Նիսի եւ Ժընեւի համայնքները դուրս ելած են ՀԱԵ-ի ենթակայութենէն։ Անոնք մերժած են ընդունիլ Հայաստանէն պարտադրուող կանոնադրութիւնը եւ քահանաները։
ԱՇԽԱՐՀԻԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ
2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի՝ նոր վարչապետ ընտրուելէն շատ չանցած, կաթողիկոսին դէմ բացայայտ ընդդիմութիւն սկսաւ նաեւ Հայաստանի մէջ։
2018-ին երբ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զանգուածային ցոյցերով, խաղաղ յեղափոխութեամբ ձեռք ձգեցին իշխանափոխութիւնը, հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալներու խումբ մը որոշեց, որ հասած է նաեւ եկեղեցւոյ ներքին բարեփոխումներու ժամանակը։
Միանալով «Նոր Հայաստան, նոր պատրիարք» շարժումին՝ անոնք կը պահանջէին կաթողիկոսի եւ շարք մը եպիսկոպոսներու հրաժարականը եւ նոր առաջնորդի ընտրութեան կայացումը։
Շարժման հոգեւոր առաջնորդը հանդիսացաւ վանական-աւանդապաշտ հայր Կորիւնը (Առաքելեան)՝ հայկական քրիստոնէութեան ամենէն հին տաճարի՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ վանահայրը։
Հայր Կորիւն, որ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ուսումնասիրած է ՀԱԵ-ի հաւատակից արեւելեան հին եկեղեցիներու վանական կեանքը, մեծ համբաւ կը վայելէ որպէս աւանդութիւններու հետեւորդ եւ յետխորհրդային Հայաստանի մէջ բացառապէս այր մարդոց մենաստանի ստեղծողն է։
«Մեր կաթողիկոսը չունի այն հաւատը, որը իւրաքանչիւր հասարակ հաւատցեալ տածում է Աստծոյ հանդէպ», 2018 Յունիսին լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է հայր Կորիւն։ «Եկել է մեր Եկեղեցու ազատագրման եւ մաքրման ժամանակը, մենք պէտք է ունենանք օրինակելի վարքագծով անբասիր պատրիարք, որն աղօթքներ կը կարդայ ու իրապէս կը սիրի իր հաւատացեալ հօտը», կ՚ըսէ ան։
Ի պատասխան՝ Կաթողիկոսը հայր Կորիւնը կարգալոյծ ըրաւ «ոչ պատշաճ վարքագծի եւ հակականոնական գործունէութեան համար» եւ զայն հեռացուց վանքի ղեկավարի պաշտօնէն։
BBC-ի թղթակիցի հետ զրոյցին հայր Կորիւն նշեց. «Եկեղեցու իրական առաջնորդը ոչ թէ հերետիկոսութեան մէջ ընկած Գարեգին Բ.ն է, այլ՝ Յիսուս Քրիստոսը»։
Չնայած, որ Հայր Կորիւն պաշտօնապէս սքեմ կրելու իրաւունք չունի, սակայն Ապրիլին եկաւ Իժեւսկ՝ տեղւոյն համայնքի ղեկավարին հրաւէրով։ Ան պատարագ մատուցեց եւ մկրտեց քանի մը տասնեակ հոգի։
«Հայր Կորիւնը զարմացրեց մեզ։ Ժամանեց, անվճար կնքեց երեխաներին։ Նաեւ երգեց, լուսաւորեց, աղօթեց։ Իրեն համեստ էր պահում, քիչ էր ուտում։ Զարմանալի մարդ», կը պատմէ Արսէն Մոլոյեան, որ հինգ տարիէ ի վեր կը սպասէ, որ Եկեղեցին քահանայ ուղարկէ իրենց քաղաքը։
BBC-ի հետ հարցազրոյցին հայր Կորիւն առաջին անգամ պատմեց, թէ պիտի մասնակցի ռուսական ծխական համայնքներու համար քահանաներու պատրաստութեան՝ խզելով ՀԱԵ-ի հոգեւոր պետերու հետ իր յարաբերութիւնները։
Անոր կ՚աջակցի Ռուսաստան ապրող Տիրան արք. (Կիւրեղեան), զոր կաթողիկոսը նոյնպէս կարգալոյծ ըրած է՝ թեմի առաջնորդ Եզրաս արք.ի հետ ունեցած շարունակական տարակարծութիւններէն յետոյ, ինչ որ 2000-ականներու սկիզբը ցնցած էր հայկական համայնքը։
Տիրան արք. Ռուսաստանի թեմի ղեկավարն էր մինչեւ Եզրաս արքեպիսկոպոսի ընտրութիւնը։ Եւ դատելով այս ամենէն թերեւս ան կը գլխաւորէ այս նոր կառոյցը, որուն կրնան միանալ կաթողիկոսին եւ անոր եղբօրը չենթարկուող ծխական համայնքները։
Առանց եկեղեցւոյ առաջնորդի օրհնութեան նոր քահանաներ ձեռնադրելը փաստօրէն կը նշանակէ այլընտրանքային կառոյցի ստեղծում։ Հայր Կորիւն կ՚ըսէ, թէ ինք անկախ ծխական համայնքներու ստեղծումը պառակտում չի համարեր։ Ան համոզուած է, որ եթէ կաթողիկոսը մոլորութեան մէջ է եւ կը խախտէ եկեղեցական կանոնները, ապա վանականները ստիպուած չեն անոր ենթարկուելու։
«Ինձ համար եկեղեցին Գարեգինը չէ, այլ մեր սուրբ հայրերը։ Աւելի լաւ է՝ ես հայրերի հետ գնամ դժոխք, քան նրա հետ՝ դրախտ», կ՚ըսէ Հայր Կորիւն, ժպտելով աւելցնելով. «Կատակում եմ»։
Թարգմանութիւն՝ Լուսինէ Վարդանեանի,
Արեւմտահայերէնի պատշաճեցում՝ «ՆՅ»-ի