ՆԱՄԱԿ՝ «Վերջին նորութիւն, Լոս Անճելոս, 27 Սեպտ. 2019.
Այս գեղեցիկ յօդուածիդ, շատ յարգելի պրն. Աբo Չափարեան, ունիմ որոշ պատասխաններ, որոնք կþուզեմ անպատճառ, եթէ գրաքննութենէ («ցենզուրէ») դուրս չէ, տպագրուի յաջորդ համարով։
- «Հայ հոգեւորականները ծունկի կուգան միայն Աստուծոյ առջեւ» – այսինքն կþուզեն հասկցնել, որ պիտի շարունակեն իրենց անառակութիւնները, աւազակութիւնը, սանձարձակութիւնը մինչեւ իրենց կեանքի վերջը, որովհետեւ, իրենց իսկ հաստատումով, մարդը իր լաւ կամ վատ արարքներու համար պատասխան կուտայ յետ մահու՝ միայն Աստուծոյ դատաստանին առջեւ: Ուրեմն Աստուած հայ ժողովուրդին քիչ մը եւս պիտի փորձէ տառապեցնել այս անպատ-կառներու ներկայութիւնը հանդուր-ժելու եւս քանի մը տասնեակ տարի-ներ, մինչեւ որ այս հրոսակախումբը իր մահկանացուն կնքէ եւ Աստուծոյ դատաստանին ենթարկուի:
Եթէ ժողովուրդը չի կրնար իր ազդեցութիւնը ունենալ անոնց վարքի վրայ, ինչու՞ ժողովուրդէն դրամական օգնութիւն կը խնդրեն, որպէս «իրենց ապրուստի միջոց» եւ որոշ փաոամոլներու ալ կուրծքերուն մեդալներ (շքանշաններ) բաժնելով եւ նկարները թերթերու մեջ դնելով, անոնց գրպանները կը պարպեն որպէսզի տասնեակներով սեփական տուներ առնեն‘ վարձու տան, փորերնին իրենց հասակէն 3-4 անգամ աւելի մեծցնեն եւ լպիրշ խօսքերով դիմաւորեն իրոք հաւատացեալ, եկեղեցին եւ իր ազգային կրօնին կամաւորաբար ազատ ժամանակը նուիրաբե-րող տիկնանց միութիւն-ների անդամներին, իրենց-մէ տարիքով մեծ եւ պատ-կարազդու անձանց, որոնց մէջ կան տասեակ անգամ աւելի կրթուած եւ բանիմաց մարդիկ եւ տիկնայք:
Նոյն այս ձրիակերները զանազան «բարեգործական» ծրագիրներու եւ իբրեւ թէ նոր եկեղեցիներ կառուցելու ան-ւան տակ դրամ կը հաւաքեն։
Բայց յետոյ հաւաքուած գումարները ապօրինի իւրա-ցընելով իրենց սեփական պալատանման տուները կը կառուցեն ազգին դրամներով, որոշ շրջաններու մէջ կիսա-փըլատակ վիճակի մէջ թողե-լով Հայ Եկեղեցին։
Հիմա ալ Սբ. Էջմիածինը վերանորոգելու պատրուակի տակ, առանց ոչ մէկ անգամ առիթը փախցնելու, իւրաքանչիւր քայլափոխին՝ ամեն թաղումի, հարսնիքի, կնունքի առիթներով բարեպաշտ հաւատաց-եալներէ դրամ կը հաւաքեն առանց յստակ հաշուետւութեան։ - «Հայ Առաքելական եկեղեցին երբեք աւելի շատ չի հեղինակազրկուել, քան Հանրապետական Կուսակցութեան տարիներին, որովհետեւ Սերժ Սարգսեանն ու իր թիմը եկեղեցուն սարքել են իշխանութեան կցորդ» :
Ես 100%-ով համաձայն եմ յայտնի հրապարակախօս եւ շաբաթաթերթի աշխատակից Ոսկան Մխիթարեանի այն արտայայ-տութեան հետ, որ «Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ եկեղեցականութեան վարկը արդեն անդունդի եզրին է»: Ուրեմն հարկաւոր է այդ ծայր աստիճան վտանգաւոր վիճա-կից շուտափոյթ ձեւով ազատել ե՛ւ պետականութեանը, ե՛ւ մեր հաւատաց-եալ ժողովուրդին, որ յետոյ չըսենք «արդեն շատ ուշ է»։ - Կարդում եմ, որ ըստ «Հայ եկեղեցւոյ Սահմանադրութեան», Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն ներկա-յացուցիչները մեծ մասով աշխար-հականներ են, որոնք իրաւասու են ընտրելու կամ կողմ քուէարկելու‘ ցանկացած հոգեւոր սպասաւորի պաշտօնա-թողութեանը, սկսած ամենցածր կարգի հոգեւոր սպա-սաւորներէն, մինչեւ բարձրագոյն առաջնորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Օգտագործում են նրանց ազնւութիւնն ու բարեմտութիւնը։
Բայց ի՞նչ կը պատահի իրականում‘ աշխարհականներէն խելացի, բանիմաց, գործունեայ, ազնիւ անձերին տարբեր ճանապարհներով կը հեռացնեն եւ կը պահեն միայն քծնող, անուղեղ, անողնաշար մանկլաւիկներին եւ անել կուտան իրենց ախորժակներուն յարմար ամեն ինչ, իսկ մանկլաւիկներուն ալ կրծքերէն կը կախեն ամեն տեսակ շքանշաններ, հրոսակախմբի ղեկավար՝ Գարեգին Բըը-էն կþապահովեն Կոնդակներ եւ գովերգելով‘ նկարները կը փակցնեն թերթերի մէջ:
Արդեն այդ շքանշաններն ու կոնդակները այնքան են կորսունցուցած իրենց արժեքը, որ դիտողին եւ կարդացողին արհամարական ծիծաղ կը պարգեւեն:
Հիմա, առանց չափազանցութեան, բոլոր եկեղեցիները եւ թեմերը դարձած են բիզնես եւ իրար հետ կը մրցին շորթած դրամի քանակով, կառուցւում են եւ վերակառուցւում ենեկեղեցիներ եւ պալատներ, որպեսզի այնտեղ մեր «Տէր Հայր» կոչուող անառակ այլասերուածներ, սեւ սքեմի տակ պարփակուած անկուշտ եւ կենդանի «այրերը» եւ «թագաւորներ» պատկերացնեն եւ ապրեն «արքայավայել» եւ քշեն ամենասուղնոց ու անունով յայտնի մեքենաներ:
Ոմն հայ ընթերցող Ս. Մ.
Լոս Անճելոս
The above article deserves the highest esteemed recognition as a sincere and factual picture of our current Diocesan activities of the Armenian Apostolic Church. The present situation, already in a “catastrophic decline”, is due to corrupt and criminal clergymen appointed by Karekin II who himself betrayed his ecclesiastical oath by having illegal and sexual activities. Members of the Armenian Apostolic Church has been participants of all abuses committed by highest ranking appointed clergymen. Armenian Spiritual Leaders disrespect and disregard Canon Laws, of the well established rules governing the faith and practice of the members of the Armenian Apostolic Church. If the Supreme Head, Karekin II, is totally abused and corrupt, then the existence of the entire establishment currently is highly questionable. Even a Divine interference will not be enough to save the catastrophic situation of our Diocesan Headquarters and deserted churches.