Վիգէն, Նօրա Յովսէփեաններու Արք. Յովնան Տէրտէրեանին «ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ» Պատւոյ Գիր «Շնորհելու»Խնդրայարոյց Որոշում

Սակայն մամուլի մէջ կարդացածսգ Արք. Տէրտէրեանի մասին, կասկածանքի տակ
կը դնէ, արդեո՞ք ան արժանի է այդ մրցանակին

ՃՈՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆ, ՓՈԽԳՆԴԱՊԵՏ ԱՄՆ-Ի ՕԴՈՒԺԻ (հանգստեան կոչուած.) «Ես արդեն կարդած եմ Ձեր յօդուածները Արք. Տէրտէրեանին ներկայացուելիքԽրիմեան Հայրիկ պատւոյ գրի վերաբերեալ: Առաջին հարցումը, որ ես կը փափաքէի տալ ինչ է այս պատւոյ գիրը ստանալու չափանիշը: Ես տեղեակ եմ, որ այդ շատ հեղինակաւոր մրցանակ է, քանի որ ան կը կրէ մեր սիրելի Խրիմեան Հայրիկ անունը: Չափանիշներու հիման վրայ ես ստուգում եմ եւ տեսնում եմ, թէ արդեո՞ք այս մրցանակը ստացող անձը կը բաւարարէ՞ բոլոր պայմանները: Առանց իմանալու բոլոր նախապայմնները, ես կը կատարեմ հետեւեալ ենթադրությունները, որ զայն ստացող անձը պէտք է ունենայ անթերի բարոյական բնոյթ եւ իրագործած ըլլայ մեծ նվաճումներ: Սակայն մամուլի մէջ կարդացածս` Արք. Տէրտէրեանի մասին, կասկածանքի տակ կը դնէ, արդեո՞ք ան արժանի է այդ մրցանակին:

Արեւմտեան Թեմի սահմանդրութեան խոշոր եւ ակնառու օրինախախտումով Արք. Տէրտէրեան հափշտակած
եղաւ յաջորդ՝ 2017 թուականին գումարուելիք պատգամաւորական Ժողովին՝ առաջնորդ ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը

Յայտնի հրապարակագիր, յետազօտական լրագրող եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանդրութեան մասնագէտ ՊՐ. ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ, 2016-ի Մայիսի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովէն ետք նշեց. «Նկատի ունենալով որ վերընտրութիւնը տեղի ունեցած է Առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտէն տարի մը առաջ, ինչ որ շատ անսովոր երեւոյթ մըն է մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այս քայլը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու որ 2016-ի պատգամաւորական Ժողովը այս ձեւով հափշտակած եղաւ յաջորդ2017 թուականին գումարուելիք պատգամաւորական Ժողովին առաջնորդ ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը: Տեսնուա՞ծ բան է…: Այս ի՞նչ կատակերգութիւն է: Այս եղածը յստակօրէն Արեւմտեան Թեմի սահմանդրութեան խոշոր եւ ակնառու օրէնքի խախտում է»։
Արդեոք 2016- թեմական խորհուրդի նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ փոխ-նախագահ Ատրիէն Գրիգորեան (ներկայիս թեմական խորհուրդի նախագահ) որոնք երկուքով իրաւաբանական կրթութիւն ունին, արդեոք իրենք իրենց ինչպէ՞ս թոյլ տուին որ իրենց գթին տակ այդպէս՝ թեմական սահամանդրութեան խոշոր օրինախախտում կատարուի։ Արդեոք ներկայիս ի՞նչ կը մտածեն։ Արդեոք Կանիմեան, Գրիգորեան եւ իրենց նմանները կամայ թէ ակամայ մեղսակիցնե՞ր են հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցւոյ փլուզման։ Միթէ իրենք այդքա՞ն կոյր, խուլ եւ համր են կամ՝ չեն ուզեր տեսնել, լսել եւ բարձրաձայնել։
Պր. Մխիթարեան աւելցնելով հաստատեց թէ Տէրտրէեանի հակակշռին տակ եղող «Հայրենեաց Պաշտպանութեան Ֆոնտը» առ այսօր շուրջ 500,000 Տոլարի փոխանցում» կատարած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաշուին մէջ: Կարճ Մեկնաբանութիւն. գումարը փոխանցուած է եւ առաջնորդութիւնը՝ ապահովուած: Ընթերցողը ի՛նք թող տայ գնահատականը կատարուած կատակերգութեան:
Պր. Մխիթարեանի տեղեկութիւններէն կարելի հետեւցնել թէ այնպէս մը կը թուի որ, իր առաջնորդական ընտրութիւն-նշանակութիւնը ապահովելու համար Յովնան Տէրտէրեան պարզապէս «նուէր» ղրկած է Էջմիածնի «Ալի Պապային»՝ Գարեգին Բ-ին։ Նորագոյն հարցումը՝ արդեոք «Խրիմեան Հայրիկի» պատւոյ մեդալը «շնորհելու» համար Տէրտէրեանին, արդեոք Տէրտէրեան ինչպիսի խոստումներ տուած է եւ արդեոք ի՞նչ փոխադարձ պատւոյ նուէր պիտի շնորհէ Դոկտ. եւ Տիկին Վիգէն եւ Նօրա Յովսեփեաններուն։

Մենք պէտք չէ քաղաքականացնենք «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը՝ զայն տալով մեկու մը, որու բարոյականութիւնը հասարակութեան մեծ մասի յետազննումի արարկան դարձած է:

ԴՈԿՏ. ՓՐՕՖ. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ. «Ինչպէս բոլորս գիտենք, «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը ըստ արժանւոյնս տրուող հեղինակաւոր պատւոյ գիր է: Անկեղծ ըսած, յայտարարութիւնը զարմանալի էր ինծի համար, քանի որ Արք. Տէրտէրեան ներքաշուած էր անախորժութիւններու մէջ՝ ընդհուպ մինչեւ լուրջ չարաշահումներու վերաբերեալ մեղադրանքներու մէջ։ Ես ինքս ինծի ըսեցի.« Ի՞նչ կþըլլայ, եթէ այսօրուայ «Մեղսաւոր հրեշտակը» դառնայ վաղուայ «Մերժուած հրեշտակը», արդեօ՞ք այդ մեղադրանքները ապացուցման կարիք կþունենան։ Ես ալ ձեզի պէս մտահոգ սփյուռքահայ մըն եմ: Ի տարբերութիւն իմ հայրենակիցներէն շատերու, ես այն ճնշող մեծամասնութենէն չեմ, որոնք կը լռեն։ Հետեւաբար, ես կը փափաքէի կարծիքս յայտնել ներկայիս լուրջ հանցանքներու մէջ մեղադրուող անձին պարգեւատրելու առնչութեամբ։ … Սա Լիւսիֆերի մտացածին կերպարը չէ, որուն կը վտարէին դրախտէն։ ՓոխարԷնը՝ մենք պէտք չէ քաղաքականացնենք «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը‘ տալով զայն մեկու մը, որու բարոյականութիւնը հասարակութեան մեծ մասի յետազննումի արարկան դարձած է: Մենք պէտք է ոչ դատապարտենք անոր, ոչ ալ արդարացնենք, այն ալ այս փուլի ընթացքին: … Բոլորս պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք այն կանխավարկածին, որ մեղադրեալին մեծարելը կը նշանակէ ընդունիլ ենթադրեալ չարագործութիւնները։ Կը ստացուի, որ ներում ենք հանցանք(ներ)ը կարծես՝ ոչինչ չէ եղած: Այս ամենն անտեսելով՝ մենք կ՛արդարացնենք մեղադրեալին եւ անոր վարքագիծը։ Ատիկա վտանգաւոր հետեւանքներ ունի: Չարագործը իրեն պաշտպանուած կը զգայ եւ այդպէսով կը շարունակէ չարաշահել իրեն վստահուած լիազօրութիւնները։ Վերջ ի վերջոյ, ANCA-WR-ի՝ Արք. Տէրտէրեանին կանխահասօրէն մրցանակ շնորհելու քաղաքականացուած քայլէն կը տուժէ հասարակութիւնը»։
(«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի յառաջիկայ՝ 1699 թիւին կարդացէք Դոկտոր Անտրու Տէմիրճեանի յօդուածը որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Մեղսաւոր հրեշտակի երկրպագումը»։)
ԴՈԿՏ. ՓՐՕՖ. Զ. Ս. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Մրցանակակիր հեղինակ եւ Քաղաքագիտութեան Փրօֆ.
ԱՄՆ Լոնկ Պիչի համալսարանէն ներս

Խրիմեան Հայրիկի անունը Յովնան Տէրտէրեանի նման մարդոց զարդարելու համար օգտագործելը ամօթալի է եւ անընդունելի

ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՔՕՐԱՃԵԱՆ, Համաշխարհային Դրամատան, Գանատայի Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (CIDA), Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (ՄԱԶԾ), ՄԱԿ-ի Զարգացման Գործակալութեան (ՄԱԶԾ), Չինաստանի կառավարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործերու նախարարութեան խորհրդատու, Հարվըրտ համալասրանի Քենետիի Անուան Պետական Կառավարման Դպրոցի էթիկական առաջնորդութեան մասնագիտացմամբ շրջանավարտ, կառավարման, բարոյական առաջնորդութեան, հակակոռուպցիոն կրթութեան եւ սոցիալական պատասխանատուութեան մասին միջազգային խորհրդատու եւ դասատու յայտարարած է. «ՀՅԴ-ի Վիգէն Յովսէփեանի եւ Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանի եւ անոնց համախոհներու ոչ-ժողովրդավար եւ ամօթալի,«Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդը» ձեւաւորելէ մի քանի շաբաթ ետք, «Հայ Դատ»ի Նօրա Յովսէփեան յայտարարեց, որ Տէրտէրեանին կը շնորհուի «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը»: Դժբախտաբար, մեր սիրելի Խրիմեան Հայրիկի անունը Յովնան Տէրտէրեանի նման մարդոց յարգելու եւ զարդարելու համար օգտագործելը ամօթալի է եւ անընդունելի: Նման կասկածելի անցեալ ունեցող այդպիսի անարժան թեկնածուներու փառաբանումն ու զարդարումը նման է Ազատութեան մետալի՝ Զիմբաբվէի նախկին նախագահ Ռոբերտ Մուգաբէին շնորհման, որ վերցուց ափրիկեան աշխարհի ամենաբարեկեցիկ երկրներէն մէկը եւ զայն վերածեց աշխարհի ամենակոռումպացուած եւ աղքատներէն մէկի: Եթէ ANCA-WR-ի Յովսէփեանը չվերանայէ իր գործելաձեւը եւ շարունակէ աւելցնել Տէրտէրեանի նմանները, ANCA-ի բարի անունն ու հեղինակութիւնը կտրուկ կը նուազի իր համախոհներու և աջակիցներու շրջանակին մէջ՝ յանձինս ինձ: Եզրափակելով, մենք կը նշենք, որ մեր կազմակերպութիւնները պէտք է դադրեցնեն նման «կապիկային-գործունէութիւնը» եւ պատուեն միայն այն արժանի հայերուն, որոնք յստակ ծառայած են իրենց համայնքներուն:»

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *