2011 թուականէն ի վէր, «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնա-խումբի (ANCA-WR) կողմէ ներկայացուած է այն արժանի հոգեւորական գործիչներուն, ինչպիսիք են Արցախի Թեմի առաջնորդ Արք. Պարգեւ Մար-տիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիայի Հայ Աւետարա-նական Միութեան Նախահագ Վերապտւելի Ժոզէֆ Դ. Մաթոսեան, որոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրած են Հայ Ազգին եւ Հայ Դատին, մրցանակին անունին տիրոջ վիթխարի անհատականութեան ոգիով:
Սակայն, ի զարմանս համայնքի բազմաթիւ անդամներու, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA-WR) նախագահուհին յայտարարեց, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեան նոյն պարգեւով պիտի պարգեւատրուի այս տարուայ ամենամեայ խնճոյքին:
Մամլոյ հաղորդագրութիւնը ուշադիր կարդալով՝ կարելի է հեշտութեամբ յայտնաբերել Նօրա Յովսէփեանի մատնահետքերը, որ իր հերթին հետզհետէ կը հնչէ որպէս Արք. Հովնան Տէրտէրեանի պաշտպան-փաստաբանը հայ ամերիկեան հասարակական կարծիքի դատարանէն ներս: Զարմանալի է. Հնարաւո՞ր է արդեօ՞ք, որ տիկին Յովսէփեանը ինք զինք կը փորձէ կարգել որպէս իրական կեանքի պաշտպան փաստաբան յօգուտ իր և իր ամուսնու‘ Վիգէն Յովսէփեանի «խնամքի արարկայ» Յովնան Տէրտէրեանի, անոր կողմէ անընդհատ աճող անօրինականութիւններու վերաբերեալ հնարաւոր ապագայ դատական գործի մը մէջ: Տե՛ս Հայ Եկեղեցւոյ Բարեփոխումներու 2019ի օգոստոս 12-ի հատուկ զեկոյցը ՝ «Քսան եւ աւելի պատճառներ, որ Յովնան տէրտէրեանի ժամանակը սպառուած է», հետեւեալ հղումով ՝ http://www.armenianlife.com/2019/08/16/twenty- cxtaan–-zasa|veh–-kvyx–-hovnan-derderians-time-has-to-end /
Վիգէն եւ Նօրա Յովսեփեաններու մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը յայտարարուի. «Գերաշնորհ Արք. Յովնան Տէրտէրեան 1975-ին աւարտած է Լիբանանի Պիքֆայա քաղաքի Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ճեմարանը»:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Տէրտէրեանը երբէք չէ աւարտած Լիբանանի ճեմարանը: Զինք վտարած են անօրինական սեռական գործողութիւններու պատճառով, ինչով ան խախտած է իր կուսակրօնութեան երդումը: Ան նաեւ տխրահռչակ բամբասող մըն էր եւ լուրեր տարածողը ճեմարանէն ներս: Յարգելով այդպիսի վարկաբեկուած հոգեւորական մը, այնպիսի տխրահռչակ անբարոյ, ստախօս եւ գող, ինչպիսին Տէրտէրեանն է, ANCA-WR-ի Նօրա Յովսէփեանը կը պղծէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, կþոչնչացնէ Հայ Դատի Յանձնախումբի հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կþանարգէ քրիստոնէական կրօնը:
Մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը շարունակէ. «1990 թ., քահանա Յովնան Տէրտէրեանը ընտրուեցաւ Կանադայի հայկական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ, որից յետոյ բարձրացուեցաւ եպիսկոպոսի աստիճանի, այնուհետեւ՝ արքեպիսկոպոսի»:
Արդեօ՞ք Նօրա եւ Վիգէն Յովսէփեանները տեղեակ են, որ առաջադրուած թեկնածու Տէրտէրեան Գանատայի թեմէն զինք վտարած են Գանատայի մէջ գումարներ հափշտակելու համար եւ այն հիմնադրամներէն, որ յատկապէս ստեղծուած էին օգնելու Հայաստանի եւ Արցախի այրիներուն եւ ծնողազուրկ երեխաներուն:
Երբ 2003-ին Տէրտէրեան Արեւմտեան թեմին առաջնորդ կþընտրէին, ծխականներն ու Արեւմտեան թեմի պատգամաւորները տեղեակ չէին Տէրտէրեանի կողմէ Գանատայի մէջ եւ Լիբանանի մէջ կատարուած բազմաթիւ անիրաւութիւններու մասին: Նօրա եւ Վիգէն Յովսէփեաններու յանցանքը անամօթաբար անտեսումն է Տէրտէրեանի նման անբարոյ, ստախօս եւ գող ըլլալու հանգամանքը։
2016-ին երբ իր եօթնամեայ պաշտօնաշրջանը աւարտելու դեռ եւս մէկ տարի կար Տէրտէրեան:
Արդեոք Տէրտէրեան ինչքա՞ն դրամ պիտի «նուիրէ» Դոկտ. Վիգէն Յովսեփեանի պաշտօնավարած դրամատունէն ներս բռնի կամ ոչ՝ ի պահ դնել տալով Արեւտեան Թեմի Առաջնորդարանին պատկանող միլիոնաւոր տոլարներ։
Արդեոք Արեւտեան Թեմի «Բարեսիրական Ֆոնդ»ի բազմամիլիոն գումարները որտե՞ղ ի պահ դրուած են։ Դոկտ. Յովսէփեանի պատկանած «բանկ»էն նե՞րս։ Եթէ այդպէս է, ապա՝ այս ալ Տէրտէրեանի կողմէ վատ կաշառելու ձեւ մը չէ իր չափազանց վարկազրկուած էութիւնը փրկելու վերջին-լաստ փորձով մը ANCA-WR-ի նման բարձր վարկ ունեցող կազմակերպութեան մը հաշւին, Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու մեղսակցութեամբ։
Սեփական արարքը արդարացնելու միտումով, ANCA-WR նախագահուհի Նօրա Յովսէփեան աներեսաբար նշեց թէ «Խրիմեան Հայրիկի» պատւոյ գիրը հայ ժողովրդին օրինակելի ծառայութեան եւ նուիրուածութեան համար կրօնական առաջնորդի ճանաչումն է: Տասնամեակներ շարունակ, Արք. Տէրտերեան անձնաւորած է հայ ժողովրդի հանդէպ այսպիսի իւրայատուկ նուիրուածութիւն եւ սերտօրէն համագործակցած է ANCA-WR- ի հետ՝ Հայկական Հարցը լուծելու գործին մէջ»։
Տիկ. Յովսէփեանի պնդածին ճիշտ հակապատկերը՝ Տէրտէրեան տխրահռչակ հակահայ Թրքական Արձանագրութիւններու առթիւ միջազգային հակահայ դաւադրութեան մը մասնակցած է թաքուն կերպով աջակցելով Հայ Ազգի ու Հայ Դատի ոչնչացման թրքական նպատակին։ Որպէս հակապատկեր Տէրտէրեանի կերպարին, Երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Նորին Սրբութիւն Խրիմեան Հայրիկ իրագործած է քաջակորովի քաղաքական պայքար՝ ի նպաստ Հայ Ազգի եւ Հայ Դատի:
ANCA-WR գալա-երեկոյթը պէտք չէ չարաշահուի որպէս Տէրտէրեանի պարգեւատրման պահ: Ամենայարմար վայրը Անգարայի թուրք բռնակալ Նախագահ Ռէճէփ Թայիփ Էրտօղանի օսմանեան ոճ ունեցող նախագահական պալատն է, ուր ներկայ կրնային ըլլալ հայերու ոխերիմ թշնամի՝ «Թրքական Գորշ Գայլերը» եւ անոնց տխրահռչակ առաջնորդ Հասան Օքթայը, որ իր հերթին սերտ համագործակցութեան մեջ է «Ստամպուլի Գործակալ» Արք. Արամ Աթէշեանի հետ, որ սերտ դաշնակիցն է Տէրտէրեանի ինչպէս նաեւ, հակաքրիստոնեայ եւ հակահայ Գարեգին Բ-ի եւ անոր արիւնակից եղբօր՝ Մոսկվայի Արք. Եզրասի:
Յովսէփեաններու մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Գիտակցելով երիտասարդութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ ամուր կապեր զարգացնելու եւ պահպանելու կարեւորութիւնը՝ Արք. Տէրտէրեան նաեւ ակտիվ քայլեր ձեռնարկած է հիմնադրելու եւ ընդլայնելու բազմաթիւ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցական երիտասարդութեան ընդլայնման ուղղութեամբ, նաեւ կազմակերպած է«Ներուժ» ծրագիրը՝ երիտասարդութեան հզօրացման եւ երիտասարդ մասնագետներու Եկեղեցւոյ հետ կապերու ամրապնդման համար»:
Այս հերթական անճիշտ նշում մըն է Նօրա Յովսէփեանի կողմէ։ Տէրտէրեանի ղեկավարութեան օրոք է, որ հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը համայնքային եւ եկեղեցական գործունէութիւններուն այնքան նուազած է, եւ այժմ, դժբախտաբար, ըստ ԱՄՆ-ի դաշնային եւ նահանգային կառավարական աղբիւրներու, աւելի քան 18,000 հայ երիտասարդներ այժմ կամ բանտարկուած են, կամ դարձած են քրէագործ խմբաւորմումներու անդամներ, կամ թմրամոլներ սպառողներ՝ պատճառելով անդառնալի վնաս իրենց, իրենց ընտանիքներուն, ժողովուրդին եւ իրենց ազգային եկեղեցուն՝ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ եւ անդին: Այժմ Տէրտէրեանի եւ անոր գործընկեր՝ Մանուկ քհն. Մարգարյանի ենթակայութեան տակ գտնուող հայկական եկեղեցիներն աւելի շատ նման են թաղմանական սրահներու, քան որեւէ այլ բանի: Տէրտէրեան կառավարման մակարդակի մասին կարելի է պատկերացում կազմել, երբ հմայված առաջնորդը «հպարտութեամբ» Մարգարյան քհն.ին նշանակեց որպէս իր անձնական խորհրդատու եւ Արեւմտեան թեմի պաշտօնական խօսնակ՝ հաշւի չառնելով այն փաստը, որ Մարգարյան քհնանան Ամերիկեան դատարանի մէջ պաշտօնապէս «ստախօս» յայտարարուած է դատաւոր Համոքի կողմէ: Ըստ արխիւներէն վերջերս յայտնաբերուած փաստաթուղթերու, Մարգարյան նաեւ որպէս գող բռնուած է Հոլիվուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հանգուցեալ հովիւ Վարդան Թադեւոսեանի կողմէ:
Վերջերս Յովնան Տէրտէրեան ստիպուած էր դրամահաւաք կատարել Միացեալ Նահանգներէն դուրս, քանի որ ամերիկահայ համայնքի անդամները, որոնք իրազեկ դարձած են անոր իսկական ինքնութեան, սկսած են նուիրատւութիւն կատարելէ ձեռնպահ մնալ Արեւմտեան թեմին եւ որեւէ այլ ծրագիրներու կամ կազմակերպութիւններու, որտեղ ներգրաւուած է Տէրտէրեան: Անոնք կը սպաեն որ Տէրտէրեան հրաժարի եւ ապա նոր սկսին նուիրատւութիւններ կատարել։
Քաջ վստահ եմ որ երջանկայիշատակ Խրիմեան Հայրիկ իր շիրիմին մէջ կը տապլտկի ի տես իր բարի անունին եւ համբաւին սրբապղծման, ձեռամբ՝ Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու նման վաշխառուներու։
Ըստ երեւոյթին, Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու ճամբարի կողմէ կատարուած սխալները օր-ըստ-օրէ պատճառ կը դառնան որ Վիգէն Յովսէփեանի ՀՅԴ-էն ներս սեփական բուրգը ենթակայ է փլուզման կամ լաւագոյն պարագային՝ առաւել աւազախռման։
