ԳՐԵՑ՝ ԴՈԿՏ. ՓՐՕՖ. Զ. Ս. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Մրցանակակիր հեղինակ եւ Քաղաքագիտութեան Փրօֆ. ԱՄՆ Լոնկ Պիչի համալսարանէն ներս

«Ասկէ աւելի անհաւասար բան
չի կայ քան անհաւասար մարդոց հաւասար վերաբերմունքը»:
Թոմաս Ճէֆըրսըն (1743-1826)

Վերջերս տարածուած մամլոյ հաղորդագրու-թեան մը համաձայն` Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի շրջանը (ANCA-WR) որոշում կայացուցած է «Խրիմեան Հայրիկ»ի պատւոյ գիրը շնորհելու Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Միջոցառումը նախատեսւուած է ANCA-WR- ի 2019-ի ամենամեայ ընթրիք հաւաքոյթին՝ Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր, 2019-ին:
Ինչպէս բոլորս գիտենք, «Խրիմեան Հայրիկ»ի պատւոյ գիրը արժանիքի հեղինակաւոր շնորհակալագիր է:
Անկեղծօրէն՝ յայտարարութիւնը զարմանալի էր ինծի համար, քանի որ Արք. Յովնան Տէրտէրեան ձեռնամուխ եղած է վիճայարոյց խնդիր-ներու մէջ, որ կþենթադրէ չարաշահումներու լուրջ մեղադրանքներ: Ես ինծի ըսի. «Ի՞նչ կþըլլայ, եթէ այսօրուայ «Մեղադրեալ Հրեշտակը» դառնայ վաղուայ «Ինկած Հրեշտակը», երբ մեղադրանքները կþապա-ցուցուին, ու անոնք անհերքելի կը մնան:
Ձեզմէ շատերու պէս, ես մտահոգ սփիւռքահայ եմ: Ի տարբերութիւն իմ շատ հայրենակէններու, ես ճնշող մեծամասնութեան անդամ չեմ: Հետեւաբար, ես կը ցանկանայի մեկնաբանել այն անձին պատուելու որոշ հետեւանքներու մասին, որ ներկայիս լուրջ մեղադրանքներու թիրախ է:
Ես ո՛չ կողմնակից եմ եւ ո՛չ ալ դէմ եմ որեւէ Հայ Առաքելական հոգե-ւորականի: Իրականութեան մէջ, ես մեծ յարգանք ու հիացմունք կը տածեմ մեր պարկեշտ, աշխատասէր հայ հոգեւորականներու համար Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Ես որեւէ մէկու ապօրինու-թիւններու ապացոյց չունիմ: Հետեւաբար, խոշտանգումը մեղք կþըլլար բարոյականութիւններու իմ գրքի մէջ: Այնուամենայնիւ, հայկական շարք մը զանգուածային լրատուամիջոցներ (այսինքն՝ լրատուական թերթեր, ամսագրեր, հեռուստատեսութիւն եւ այլն), մասնաւորապէս USA Armenian Life Magazine-ը եւ անոր հայերէն «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» հրատարակութիւնը, զգալի քանակութեամբ նամակներ հրապարակած են խմբագրին, մեկնաբանութիւններուն եւ յօդուածներուն առթիւ, որոնք կը պնդեն, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մեր բարձրաստիճան հոգե-ւորականներէն մի քանին յանցանքներ ունին: Աւելի յստակ՝ մի քանի անձինք մեղադրուած են չարաշահումներու մէջ: Անոնց շարքին է Արք. Յովնան Տէրտէրեան:
Ասիկա այն դէպքը չէ, որ երեւայական Լիւսիֆեր մը երկնքէն վտարուած է: Փոխարէնը, մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չքաղաքականացնենք «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը՝ տալով զայն որեւէ մէկուն, որու բարոյականութիւնը կը գտնուի հասարակութեան մեծ մասի յետազննութեան տակ: Մենք ոչ պէտք է դատապարտենք զայն, ոչ ալ՝ պատիւ տանք անոր երբ ան կասկածանքներու տակ է: Ինչպէս գիտէք, Արեւմտեան աշխարհի քաղաքակրթութիւնը օգուտ քաղած է հռոմէական ժառանգութենէն՝ «Անմեղ ըլլալ, մինչեւ մեղաւոր չըլլալը» մարդասիրական օրէնքը:
Նկատի առնելով անմեղ ըլլալու այդ սկզբունքը՝ մինչեւ ապացուց-ւած մեղաւոր ըլլալը, ես կը ցանկանայի քննարկել «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակաբաշխութեան, անձին պատուելու որոշ հետեւանքներ, որ նշանակուած ստացողը ներկայիս լուրջ մեղադրանքներու տակ է:
Համախոհութեան Վտանգը: Բոլորս պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք այն բանին, որ մեղադրեալին վաղաժամ պատժելու համար յանցանքը պատժելը կþենթադրէ, որ ան կը դատապարտուի ենթադրեալ չարագործութեան համար: Ատիկա կþենթադրէր յանցանքներու ներում՝ հանցագործին հետ վարուելով այնպէս, կարծես թէ յանցանք չէ կատարած: Համախոհութիւնը կրնայ նշանակել մեղադրեալի ներում եւ անոր վարքագիծի հանդուրժում եւ այդ՝ վտանգաւոր հետեւանքներ կþունենայ: Չարագործը իրեն պաշտպանուած կը զգայ եւ այդպիսով կը շարունակէ չարաշահել իր լիազօրութիւնները: Վերջիվերջոյ, հասարակութիւնը կը տառապի Արք. Տէրտէրեան վաղաժամoրէն յարգելու ANCA-WR-ի քաղաքական արարքէն:
Բարոյականութեան հիմնաւորումը: Արք. Տէրտէրեանին պատուելու որոշումը կարելի էր համարել նաեւ բարոյական հարց: Որո՞նք կþըլլան հասարակութեան համար երկարաժամկէտ հետեւանքները, եթէ մենք արմատականօրէն հեռանանք բանականութենէն եւ զբաղուինք խիստ ենթակայական եզրակացութիւններով եւ ընտրութիւններով: Այս մեկնաբանութիւնը հիմնուած է բարոյական հիմնաւորման վրայ, թէ արդեօ՞ք ճիշտ է՝ ոչ միայն ներել, այլեւ իբր պարգեւ, մեղադրուող հոգեւորականին բարձրագոյն պարգեւ շնորհել: Հայ հասարակութիւնը բազում ողբերգութիւն կրած է, բայց միշտ ալ փորձած է շատ բարձր պահել իր արժանապատւութեան եւ բարոյական բանականութեան զգացումը: Բոլորս հպարտ ենք բարձր մակարդակով անոնց դիրքորոշմամբ, մանաւանդ, երբ խօսքը կը վերաբերի կրօնական հարցերուն: Հետեւաբար, մենք պէտք է շարունակենք այդ աւանդոյթը՝ յետաձգելով «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը որեւէ քաղաքական պատճառով, եւ միայն հիմնաւորել անոր շնորհումը ամուր արժանիք-ներու վրայ:
Մրցանակի արժեզրկում: Յայտարարուած է, որ «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը կը ներկայացնէ հոգեւոր, կրօնական առաջնորդի կողմէն հայ ժողովրդի մեծ ծառայութեան եւ սիրոյ առկայութեան փաստը: Ռութ Պետեւեան Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանին անուանեց իր «Սիրող հայրը բոլոր սերունդներուն» յօդուածին մէջ, որ «… սիրոյ անձնաւորումն էր»: Մրցանակաբաշխութեան առաջին ստացողը 2011-ին Արք. Մուշեղ Մարդիրոսեանն էր, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջնորդանի Առաջնորդ՝ հայ ժողովուրդին ու դատին իր ծառայութիւնը նուիրելու համար: Այս մրցանակը եւս երկու ստացողներ եղած են Արք. Պարգեւ Մարտիրոսեան, Արցախի Թեմի առաջնորդ եւ պատուելի Ժոզէֆ Տ. Մաթոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հոգեւոր Տեսուչ: Այնուամենայնիւ, երբ «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը կը շնորհուի սխալ մարդուն, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներու ընկալմամբ, կրնայ շատ ուժեղ կերպով վարկաբեկուիլ մրցանակի պատիւը եւ արժեքը: Անոնց այնպէս կը թուի, որ ատիկա առանց որեւէ տարբերութեան, կը շնորհուի ե՛ւ «չարագործներու» ե՛ւ «արդարամիտ» հոգեւորականներուն: Մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չխաթարենք մրցանակի անունն ու իմաստը: «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը այլեւս չի դասուիր որպէս ցանկալի պատւոյ գիր որ միայն պէտք է շնորւհուի արժանի հոգեւո-րականին եւ ոչ թէ շարլաթանի մը, որ կը հետապնդէ անհատական շահեր:
Նոր սերունդի խառնաշփոթը: Մեր նոր սերունդը, Հայաստանի ապագան է: Մենք պէտք է պահպանենք այն, ինչ անոնց կը թողենք որպէս ժառանգութիւն: Անոնք պէտք է հպարտ ըլլան, որ իրենց երեցները զգոյշ էին հոգեւորականներուն գնահատելու իրենց բարոյական չափանիշներով՝ յստակ տարբերութիւն դնելով կրօնական առաջնորդ-ներու եւ ճշմարիտ հոգեւոր առաջնորդներու միջեւ: Անպատշաճութեան կասկածներ կրնան յառաջանալ մեր նոր սերունդի միտքին մէջ: Անոնք, որոնք կը մեղադրուին լուրջ անօրինականութիւններու մէջ, չեն զանա-զանուիր անոնցմէ, որոնք կը պաշտպանեն ժողովրդավարութիւնը, ընտանեկան արժեքները, բարոյական վարքը եւ հաւաքկան ուժի օգտագործումը՝ ուրիշներուն օգուտ բերելու համար, ի շահ՝ հայ ազգի: Մենք չենք կրնար մեզի թոյլ տալ կորսնցնել մեր նոր սերունդի յարգանքը, որ պիտի կառավարէ մեր ազգի ճակատագիրը:
Հաւատարիմներու բարոյազրկում: Երբ սովորական ընկերական կամ վարքային չափանիշներու պակասը կը նշմարուի անհատի կամ խումբի մը ընտրութեան մէջ, բարոյազրկում կը յառաջանայ Հայ Եկեղեցւոյ հետեւորդներու մօտ։ Հաւանական հետեւանքը կþըլլայ այն, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետե-ւորդները կրնան շատ ուժեղ կերպով կորսնցնել ջերմութիւնը Եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ մինչեւ այժմ կը շարունակէ ծանր մեղքերու համար մեղադրւող հոգեւորականներուն հասարակութեան կողմէն պատիւի կþարժանացնեն: Ամբողջ աշխարհի եկեղեցիներու մէջ անդամակ-ցութիւնը կը նուազի: Բացառութիւն չեն կազմեր նաեւ հայկական եկե-ղեցիները. հետեւաբար, մենք միշտ պէտք է ջանք թափենք, որպէսզի չհեռացնենք մեր դարաւոր երկըր-պագութեան եւ հաւատքի կեդրոն-ներու անդամները:
Մրցանակի չեղյալ յայտա-րարում: Ի՞նչ կը պատահի, երբ պատիւ ստացողը յետագային բոլոր մեղադրանքներու մէջ մեղաւոր կը ճանաչցուի: Մրցանակը չեղեալ կը յայտարարուի: Անոր հետեւանքը ակնյայտ է. Գործողութիւնը նուաս-տացուցիչ կþըլլայ ե՛ւ ստացողի ե՛ւ պարգեւատրողին համար: Ատիկա նաեւ շատ բացասական կþանդրա-դառնայ շնորհողներու վրայ՝ նախապէս չստուգելու համար այդ հեղինակաւոր մրցանակին իրենց ստացողին‘ իսկապէս արժանի ըլլալը: Մենք չենք ցանկար, որ ANCA-WR-ն իր համբաւը կորսնցնէ ընկերական անբարենպաստ քայլ առնելու առթիւ:
Ինկած Հրեշտակը: Քրիստոնէական, հրէական եւ մահմետական կրօնական աւանդոյթներու մէջ «Ինկած Հրեշտակը», ինչպէս «Լիւսիֆերը», հրեշտակ է, որ ապստամբեցաւ Աստուծոյ դէմ եւ Երկինքէն դուրս վտարուեցաւ: Արք. Տէրտէրեանի մասին աճող հակասութիւն-ներու ֆոնին վրայ, ոմանք կը կարծեն, որ ան կը բնութագրուի որպէս «Ինկած Հրեշտակ»: Շատերը կասկածի տակ կը դնեն շտապողական քայլը. Ինչպե՞ս կրնայ Մեղադրեալ Հրեշտակը ստանալ «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը: Մեղմ ըսած՝ միտքը չարչրկող հանգամանք մըն է:
Կեղծաւորութիւնը իր գագատնակէտին կը հասնի երբ մեղադրեալ «Հրեշտակին» կը պատուեն որպէս «Հոգեւոր Առաջնորդ» եւ որպէս «Աստուծոյ Մարդը»:
Արք. Տէրտէրեանին բռնած են անբարէացակամ իրավիճակի մէջ: Ան բռնուած է սատանայի եւ կապոյտ ծովի միջեւ. ան կը մեղադրուի յանցանք կատարելու մէջ, եւ ան նոյնիսկ չէ ալ փորձած մաքրել իր համբաւը: Ան ինքզինք զոհի վերածած է այն բանի համար, որ ան չանդրադառնար լռութեան դաւաճանութեան հետեւանքներուն, մասնաւորապէս լռութիւնը կը նշանակէ, որ ան կþընդունի իր մեղա-ւորութիւնը բոլոր ներկայացուած յանցանքներու մէջ:
Ես կþուզէի կիսել իմ Առաքելական Եկեղեցւոյ հայրենակիցներու հետ, որ կոպիտ սխալ կþըլլայ պատուել կասկածյալին, որ կը մեղադրւուի չարաշահման լուրջ մեղադրանքներու մէջ: Մէյ մը որ մեղադրեալը մաքրէ իր համբաւը, միայն այդ պարագային տեղին կþըլլայ զինք պատուել: Մեղադրանքներու մէջ խեղդուած մարդ մը պատուելը ոչ միայն ընկերային սխալ է, այլեւ բարոյական խնդիր է, որ կը նշէ քաղաքական նպատակահարմարութեան չարաշահում: Կը յուսամ եւ կþաղօթեմ որ Արք. Տէրտէրեան շուտով ոտքի կը կանգնի եւ մէկ առ մէկ կը հերքէ մեղադրանքները:
Ամփոփելով, մենք ունինք ժամանակակից «լեգենդ»ներ, ինչպիսիք են Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը, Զօրավար Գարեգին Նեժդեհը, Կոմիտասը (Սողոմոն Սողոմոնեանի կեղծանունը), պարզապէս մի քանին մէջբերելու համար, եւ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը նոյն անձնաւորութեան եւ բնաւորութեան նոյն տրամաչափն է, ինչպէս նախորդ նշանաւոր հայերը: Իրենց կեանքը նուիրած են, հայ ազգին ծառայելու առաքելութեան ճամբով: Արք. Տէրտէրեան բնաւ նման չէ «Սուրբ Սնարի» պաշտումի առարկային երբ Նորածին Յիսուս Մանուկին՝ պարգեւներով եւ երկրպա-գութիւններով կը դիմաւորէին երեք թագաւորները ու Անոր նուէրներ կը շնորհէին ու կը ճանաչնային Զինք որպէս թագաւոր:
Չմոռնանք, որ ան «ANCA-WR- ի կողմէ մեղադրեալ հրեշտակի պաշտումին» առարկան է: Երկուքն ալ նման են կետցուկի ու փիղի։ Իրարու միջեւ անջրպետային ամբողջ աշխարհ մը կայ, եւ ներկայիս կարծես թէ չեն դաւանիր նոյն արժէքներուն: Եւ այսպէս, կը խնդրեմ, եկէք չլքենք առարկայական մօտեցումը եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բազմաթիւ անդամներու չօտարենք, որոնք միշտ հպարտ եղած են քրիստոնէական ժառանգութեամբ որ հիմնուած զօրաւոր հողի վրայ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *