«Աներեսութիւնը մարդկային
հիւանդութիւններէն ամենէն վատն է»
Եւրիպիդես
(Մ.թ.ա. 480-406)

ԳՐԵՑ՝ ՓՐՕՖ. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մարդոց մեծամասնութեան համար «ազգային գանձ» արտայայտութիւնը սովորաբար կ’ենթադրէ յուշարձաններու պատկերներ, ինչպիսիք են Հնդկաստանի մէջ՝ Թաժ Մահալը, Հայաստանի մէջ՝ Գառնիի Տաճարը, ԱՄՆ-ի մէջ՝ Կրանտ Քանիոնը, բայց ան հազուադէպ կը վերաբերի այն տղամարդոց եւ կանանց, որոնք անշահախնդրօրէն իրենց ներդրումը ունեցած են ազգի կայացման գործին մէջ:
Ի տարբերութիւն այլ բնական միջոցներու, այն մշակութային պատկերներու, որոնք ստեղծած են այն ժողովուրդի բնավորութիւնը, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են իրենց հայրենակիցներուն նպաստելուն մէջ, պատշաճ կերպով պաշտպանուած չեն կառավարութեան կողմէ: Այն հասարակական գործիչները, որոնք կը համարուին ազգի մշակութային ժառան-գութեան կամ ինքնութեան խորհրդանիշ, կառավարութիւնը, իրենց անուններու նուաստացումէն կամ քաղաքականացումէն չեն պաշտպաներ:
Ազգային հարստութիւն ըսելով, շատ երկիրներու մէջ մարդիկ կը պատկերացնեն ծովահեններու փայլուն ձեռքբերումներ կամ հնագոյն մշակութային իրերու պատկերներ՝ հնագիտական վայրերէն, որոնք տեղակայուած են թանգարանային պատուանդաններու վրայ՝ այցելուներու համար: Այնուամենայնիւ, Ճափոն-իայի մէջ այս արտայայտութիւնը կ՛իմաստաւորուի այլ ձեւով:
1950 թ.-ին Ճափոնիոյ կառավարութիւնը ստեղծեց աննախադէպ «Մշակութային արժէքի պաշտպանութեան մասին» օրէնքը եւ անուանեց զայն «Կենդանի ազգային հարստութիւն», որ կ՛օգտագործուի նկարագրելու կենդանի, շնչող արուեստագէտներու փոքր խումբ մը, որոնց հազուագիւտ հմտութիւնները արժանի էին պաշտպանուելու որպէս ազգային նկարիչներ եւ, հետեւաբար՝ ազգային գանձեր:
Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ոչնչացուած ենթակառուցուածքներու վերակառուցումէն բացի, Ճափոնիան նաեւ կը ձգտէր պահպանել իր մշակութային ժառանգութիւնը, եւ ծրագիրը ճանաչուեցաւ որպէս արդիւնավէտ գործիք: Աւելի քան 100 արհեստաւորներ մինչեւ օրս վաս-տակած են տիտղոսը որպէս արուեստագէտներ, անոնց շարքին 50-էն աւելի կենդանի վարպետներ‘ լաքի, մետաղագործութեան, փայտի, թղթի պատրաստման, «քիմոնո»յի արուեստի եւ այլնի, եւ կը համարուին «Կենդանի ազգային գանձեր», կամ աւելի ճիշտ՝ որպէս «կարեւոր ոչ նիւթական մշակութային արժեքներու» կրողներ: Բացի պատիւէն, Ճափոնիոյ կառավարութիւնը ամենամեայ կրթաթօշակ կը տրամադրէ եւ կ’ակնկալէ, որ այս բարձրագոյն կարգի նկարիչները իրենց արհեստներու գաղտնիքները պիտի կիսեն ուրիշներու, ինչպէս երիտասարդ նկարիչներու, այնպէս ալ լայն հասարակութեան հետ‘ ըլլայ Ճափոնիոյ մէջ կամ ալ աշխարհի մէջ որեւէ այլ տեղ:
Ճափոնիոյ կառավարութեան «Կենդանի ազգային գանձ» նախաձեռնութիւնը մշակոյթի պահպանման նոր մօտեցում է: Շատ երկիրներ, ինչպիսիք են Հարաւային Քորիան, Ֆիլիփինները, Ֆրանսան, Ռումանիան, այն եզակի երկիրներէն են, որոնք ներկայիս ունին նմանատիպ մոտելներ: Հայաստանի ազգային պատմական պատկերասրահէն Զառա Մոկացեանը կատարած է գրականութեան զանգուածային որոնում, ինչպէս նաեւ հարցում ուղղած է ՀՀ կառավարութեան տարբեր ճիւղերուն, ինչպիսին է Մշակոյթի նախարարութիւնը; Արդիւնքը ցոյց է տուաւ, որ ՀՀ կառավարութիւնը չունի իր մահացած եւ կենդանի ազգային գանձերը պաշտպանելու որեւէ օրէնք կամ ծրագիր:
2019-ի Հոկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցած դէպքն այն էր, որ ինծի ստիպած է ուսում-նասիրել եւ գրել այս յօդուածը: Կարճ ըսելով, այդ օրը, Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA-WR), պարգե-ւատրած է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին՝ գալա-ընթրիքի ընթացքին անոր շնորհելով «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը: Շատերը դէմ էին այդ ժեստին այն պարզ պատճառով, որ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կը մեղադրուի անօրինականութիւններու մէջ եւ նոյնիսկ չէր ալ փորձած մաքրել ինքն իր հեղինա-կութիւնը: Խմբագրին ուղղուած բազմաթիւ նամակներու եւ մեկնաբանութիւններու մէջ, հրապարակուած պարոն Աբօ Չափարեանի կողմէ USA ARMENIAN LIFE եւ «Հայ կեանք» շաբաթաթերթերու մէջ կարծիքներ յայտնւած էին, որ «Խրիմեան Հայրիկ» անունով պարգեւը պէտք չէ նսեմացուի՝ այն լաւագոյնս շնորհելով ենթադրաբար աննպատա-կահարմար մէկուն: Մէկը հեռուն գացած է այնքանով, որ բնութագրած է այս արարքը որպէս «… ամօթալի եւ անընդունելի»:
Այստեղ ես նկատած եմ չորս հիմնական խնդիր. Առաջին խնդիրը կը վերաբերի մրցանակ ստացողի ընտրութեան, որ ներքաշուած է չարաշահման լուրջ մեղադ-րանքներու հակասութեան մէջ: Այնուամենայնիւ, ANCA-WR- ի ներկայացուցիչները անտեսեցին սփիւռքահայերու կոչը‘ զերծ մնալ այդ պատիւը շնորհելէն, մինչեւ որ նախատեսուած անձը մաքրէ իր անունը Աստուծոյ մարդու համար անընդունելի գործողութիւններու մեղադրանքներէն:
Երկրորդ խնդիրը՝ բացի կառավարութենէն որեւէ այլ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի ազգային գանձերու օգտագործման պաշտպանութեան բացակայութիւնն է: Օրինակ, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնախումբի հայկական խմբակցութեան ակտիվիստական-քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է Սփիւռքի մէջ: Հակառակ այն իրողութեան որ կազմակերպութեան անուան մէջ «Ազգային» բառը ընդգրկուած է՝ այն տեղական մարմին մըն է եւ պէտք չէ ձեւացնէ, թէ կը ներկայացնէ ամբողջ հայ ժողովուրդին: Անկարելի է, որ իր ցանկին մէջ ան ներառէ այնպիսի ազգային գանձ մը, ինչպիսին է «Խրիմեան Հայրիկը», որ կը պատկանի համայն հայութեան: Շատ մարդիկ այնպէս կը համարեն, որ «Խրիմեան Հայրիկ» անունը լուսանցկանի վերածուած է՝ պարգեւատրելով հոգեւորական մը, յատկապէս այն պարագային, երբ ան կը մեղադրուի ծանր հանցագործութիւններու մէջ:
Երրորդ խնդիրը կը վերաբերի մրցանակա-բաշխութեան: Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնախումբի պէտք է հըրա-պարակայնացնէր մրցանակներու հաւակնորդներու ընտրելու համար օգտագործուած չափանիշները: Եթէ ես հոգեւո-րական ըլլայի եւ ցանկութիւն ունենայի ստանալ «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը, ես պէտք է նախապէս իմանայի, թէ ինձմէ ինչ կը սպասուի, որպէսզի նուաճեմ այս պատիւը: Առանց ընտրութեան գործընթացի մէջ օգտագործըւած չափանիշներու բացայայտման, ողջ ընթացակարգը առարկայական, կամայական եւ ամբողջովին անցանկալի կը դառնայ: Ժողովրդավարութիւնը կը մեռնի խաւարի մէջ եւ, հետեւաբար, ան կը պահանջէ թափանցիկութիւն եւ որոշումներու կայացման առարակայութիւն, եթէ ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները կը ցանկան պահպանել ժողովուրդի յարգանքը:
Չորրորդ խնդիրը մեր ազգային գանձերը, մեր տղամարդոց եւ կանանց մեր լեռներուն համապատասխանող վեհութիւնը պաշտպանող Հայաստանի կառավարութեան օրէնսդրութիւններու բացակայութիւնն է որոնք պիտի միտէին պաշտպանել զանոնք տարբեր հոտուածական կազմակերպութիւններու կողմէ նուաստացման ու քաղաքականացման փորձերէն:

Ահա թէ, ինչ պէտք է ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը.
– Ընդունիլ օրէնք՝ հայկական ժառանգութեան շօշափելի եւ ոչ նիւթական ազգային գանձերու պաշտպանութեան մասին:
– Մշակոյթի նախարարութեան լիազօրել ստեղծելու եւ պաշտպանելու ազգային գանձերը մարդկային գործունէութեան տարբեր բնագաւառներէն ներս եւ ազգի մշակոյթի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող վայրերէն ներս:
– Մշակոյթի նախարարութենէն պահանջել մշակել օրինագիծ եւ ենթաօրենսդրական ակտեր՝ կապուած անոր ազգային գանձերու հետ:
Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է ստեղծէ տարբեր ոլորտներու՝ գրականութիւն (գեղարուեստական գրականութիւն), նկարչութիւն (ժամանակակից, դասական) եւ այլնի փորձագէտներու յանձնաժողովներ, աշխարհագրական տարածքներ (անտառներ, լիճեր եւ այլն), շինութիւններ (հնագոյն, միջնադարեան):
– Իւրաքանչիւր յանձնաժողով պէտք է ունենայ որոշակի բնագաւառի համար համապատասխան չափանիշներու սահ-մանում՝ ազգային գանձ ընտրելու համար, եւ ատոնք մատչելի դարձնէ հանրութեան կարդալու եւ հասկնալու համար:
– Իւրաքանչիւր յանձնաժողով պէտք է պարբերաբար հանդի-պումներ ունենայ (օր.՝ վեց ամիսը մէկ կամ տարին մէկ անգամ) թեկնածուներ առաջադրելու եւ
քննարկելու համար:
– Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է կազմակերպուի՝ ազգային գանձերու
անուններու պատշաճ կիրառումը վերա-հըսկելու համար ազգային այնպիսի մարմնի կողմէ, ինչպիսին է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, եթէ մրցանակը կը կրէ հոգեւորականի անունը:
– Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է պատրաստէ շարք մը մրցանակներ, որոնք

կը կրեն ազգային գանձի մը անուն (օր. ՝ «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակ):
Տարեվերջին, Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է կազմակերպէ միջոցառում մը, որու ընթացքին տուեալ պարգեւը կը շնորհուի ընտրուած ոլորտի մը (օրինակ՝ կրօնի) մէջ արժանի անձի մը: Օրինակ՝ «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակի շնորհում Նարեկ Սրբազանին՝ հայ ազգի համար իր բազմաթիւ օրինակելի ներդճրումներու համար:
Ազգային ժառանգութեան հիմնական գաղափարը, ինչպիսին են ազգային դիւ-ցազներգութիւնները (օր. ՝ Սասունցի Դաւիթ) եւ ազգային օրհներգը (օր.՝ «Մեր Հայրենիք»), ռոմանթիկ ազգայնականութեան լեզուի մէկ մասն է: Ան արդիւնքն է 18-րդ դարավերջի եւ 19-րդ դարի սկզբի: Ազգայնականութիւնը իր ամենապարզ ձեւով՝ գաղափարախոսութիւն է, որ կ’աջակցի ազգին՝ որպէս մարդկային հասարակական կեանքի հիմնական միաւոր, որ իր մէջ կը ներառէ ընդհանուր լեզու, արժեքներ եւ իւրայատուկ մշակոյթ: Հետեւաբար, ազգային գանձը, որպէս ազգայնականութեան գաղափարախօսութեան մաս, ոչ այլ ինչ է, քան ընդհանուր մշակոյթ, որը կը պատկանի բոլոր մարդոց:
Ազգային գանձը կրնայ ըլլալ ընդհանուր մշակութային արժէք, որ կրնայ ունենալ կամ չունենալ դրամական արժէք: Օրինակ՝ հմուտ դուդուկահարը կրնայ ըլլալ ազգային հարստութիւն: Կամ ալ ան կրնայ ըլլալ այն հազուագիւտ մշակութային իր, ինչպիսին են Երեւանի Մատենադարանի մէջ պահուած հին ձեռագիրները:
Ճափոնիոյ կառավարութիւնը ձեւաւորած է իրենց մշակութային արժէքներու ամենայայտնի արհեստաւորները, որպէս Ճապոնիայի ազգային գանձեր: Մինչդեռ, Քորիայի ազգային գանձերը, արուեստի իրերու, վայրերու եւ շինութիւններու հաւաքածոներ են, որոնք կը ճանչցւին որպէս բացառիկ մշակութային արժէքներ: Հ.Հ. կառավարութիւնը պէտք է ունենայ ինչպէս նիւթական (օրինակ՝ Սուրբ Էջմիածնի Տաճարը), այնպէս ալ ոչ-նիւթական (օրինակ՝ դուդուկահար կամ շախմատի չեմպիոն Պետրոսեան) արժեքներ՝ ձեւակերպուած որպէս «Հայաստանի ազգային գանձեր»:
Ազգային գանձերու երկու հիմնական տեսակներէն (շօշափելի եւ ոչ-նիւթական) Հայաստանը նախեւառաջ պէտք է ճանչնայ երկրի այն յայտնի տղամարդկանց եւ կանանց, որոնք անշահախնդրօրէն նուիրեբերած են իրենց կեանքը հայրենիքի զարգացման համար։ Յետոյ, աշխատանք տանիլ շօշափելի յայտնի մշակութային վայրերու եւ շինութիւններու վրայ: Հետեւաբար, մարդոցմէ բացի, մենք պէտք է նաեւ պաշտպանենք վայրերը (ինչպիսին է Գեղարդի Վանքը), կամ առարկաներ (ինչպէս օրինակ դուդուկը), որը մարդոց ճնշող մեծամասնութեան կողմէ արժէք կը հա-մարուի ամբողջ ազգի մը համար՝ սովորաբար պայմանաւորուած ատոր մշակութային նշանակութ-եամբ:
Պրն. Նիկոլ Փաշինեանի կառա-վարութիւնն ունի բազմաթիւ ծըրա-գիրներ, որոնք ուղղուած են երկիրը առաջ տանելուն, այն բանից յետոյ, երբ օլիգարխներն ու անոնց զինակիցները սպառած եւ կթած են: Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է դիմէ Սփիւռքին՝ այս կարեւոր առաջարկը իրականացնելու խնդրով՝ մեր ազգային գանձերը եսասիրական օգտագործումէն պաշտպանելու համար, եւ Թովմասի մը, Կարապետի մը կամ Հուրիի մը կողմ անոնց անունը նսեմացնող պատեհապաշտօրէն մրցանակի մը անուա-նումը ազգային գանձի մը անունը չարաշահելով: Եւ ամենակարեւորը՝ մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է խոչընդոտէ, որ որեւէ կազմակերպութիւն մեր ազգային գանձերէն մէկու անունով մրցանակ չի ձեւակերպէ:
Իմ արեան եւ գիտակցութեան մէջ կայ Յովհաննէս Թումանեան, որու գրական գործով կը հիանամ։ Կայ նաեւ Զապել Եսայեան, որու 1915-ի Ապրիլ 24-ին արիութիւնը եւ նուիրուածութիւնը յարգանքի արժանի է: Մենք բոլորս կապուած ենք արեամբ եւ մտածողութեամբ, ինչպէս նաեւ եզակի մշակոյթով: Մենք բոլորս պէտք է հպարտանանք, որ այն տղամարդկանց եւ կանանց սերունդն ենք, որոնք ստեղծած են հայ հասարակական եւ մշակութային կենցաղի հիմքը:
Տարիներու ընթացքին այս քաջարի տղամարդիկ եւ կանայք ստեղծած են մեր լեզուի, արժէքներու եւ մշակոյթի ենթակառուցուածքը: Մենք հայկական լեռնաշխարհի՝ քաղաքակրթութեան ծննդավայրի մեր անցեալի եւ ներկայ ազգային գանձերու հպարտ սերունդներն ենք:Հայաստանի Կառավարութիւնը, իր Մշակոյթի նախարարութեան միջոցով պէտք է կասեցնէ այն մարդոց, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը նսեմացնեն ազգային գանձի մը անունը‘ անոնց անունով պարգեւ բաշխելով իրենց անձնական կամ քաղաքական շահերը հետապնդելու միտումով, ինչպէս որ ատիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, կատարուած է Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնախումբի կողմէ՝ օգտագործելով «Խրիմեան Հայրիկ»ի անուան մրցանակը: Այս թերացումի խոշորութիւնը կարելի չէ անտեսել. քանի որ ազգային գանձերը երկրի մշակութային ժառանգութեան հաւատարմագրերն են, եւ ատոնք պէտք է պաշտպանուած ըլլան բոլոր գործնական նպատակներով:
Մենք պէտք չէ պղծենք մեր ազգային գանձերը‘ անոնց անունները մրցանակներուն վրայ փակցնելով եւ այդ մրցանակները սխալ մարդոց յանձնելով: Մենք չենք կրնար ունենալ գեներալ Անդրանիկի անունով ակումբ: Մենք պէտք է պաշտպանենք եւ պահպանենք այն արուեստի իրը, հաստատութիւնը կամ հասարակական գործիչը, որ կը համարուի ազգի մշակութային ժառանգութեան խորհրդանիշ կամ թեկուզ ինքնութիւն:
Թոյլ տուէք դիմել ձեր արդարամիտ զգացողութեան: Այն բանէ յետոյ, երբ ինծի հնարավորութիւն տրուեցաւ լայն խոզանակով նկարել Խրիմեան Հայրիկի անհատականութիւնն ու բնոյթը, ես կը փափաքէի ձեզի լուրջ հարցում մը տալ:
Պատմութիւնն այն է, որ Խրիմեան Հայրիկ մարտիկ մըն էր: Ան իր ժողովուրդի մէջ սերմանած էր ազատութեան եւ հայկական համայնքներու միջեւ կապի զգացում: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ անգրագէտ եւ կրաւորական այգեպաններու զարթօնքը անոր բուռն գուրգուրանքի առարկաներէն մէկն էր: Ան փորձած էր անոնց կրթել, վարժեցնել պաշտպանել իրենց իրաւունքները, մանաւանդ Պեռլինի Գոնգրէսին (1878) մասնակցելէն ետք:
Խրիմեան յայտնի էր որպէս իսկապէս ազնուաբարոյ անձ մը: Շատերու համար ան կը մարմնաւորէր օրինակելի կարեկցող հոգեւորականը: Ան բոլոր ժամանակներու մարդ էր՝ հոգեւորական, մարտիկ, հայրենասէր, լուսաւորիչ, եւ կրնաք նշել դեռ բազմաթիւ ուրիշ յատկութիւններ, ան ունէր կամք եւ վճռականութիւն‘ ամեն ինչ իր սիրելի երկրի բարօրութեան համար ընելու համար:
Այս հազուագիւտ հայը, մեր բոլորի նախահայրն է: Անոր ազնուաբարոյ, սիրող բնոյթը անոր կը դարձնէ Հայաս-տանի թերեւս ամենանշանակալից ազգային գանձը: Խրիմեանը գերազանցած է կարեկցանքի սահմանը: Փաստացի, ան հայերու մեծամասնութեան համար դարձած է «Հայրիկ» (հայր)` իր հոգատար վերաբերմունքի եւ պահուածքի համար՝ միանգամայն արժանի: Ան ունէր հոգեւորի իւրայատուկ ոճ, որ դարձած է փորձաքար շատերու համար, որոնք կը հետեւէին անոր եւ յաճախ կը կրկնօրինակէին նոյնիսկ անգիտակցաբար:
Որպէս հայրենասէր հոգեւորական՝ Խրիմեան Հայրիկ բարձրագոյնն է: Անկասկած, լաւագոյն կաթողիկոսներէն մէկը, որ երբեւէ զարդարած ըլլայ մեր Սուրբ Էջմիածնի Տաճարը: Այո, ան ազգային գործիչ է, բայց իրականութեան մէջ ան շատ աւելին է: Ան Վերածնունդի մարդու մարմնացում է: Հմայքը, միտքը, տաղանդը, գիտելիքը, ոճը – եւ, ակնյայտօրէն, անոր «թղթէ շերեփ»ի վերլուծութիւնը 1878-ին Պեռլինի մէջ կայացած համագումարի ընթացքին, ան վեր դրաւ այն ժամանակներէն, երբ հայերը պէտք է միայն իրենք իրենց վստահէին եւ ոչ մէկ եւրոպական տէրութենէ փրկութիւն չ՛սպասէին:
Այն ազդեցութիւնը, որ ան ունե-ցած է զինք ճանաչողներու վրայ, անկարելի է ժխտել. Թերեւս ան աշխարհի հայութեան ամենայայտնի քահանան է: Ան առաւելա-բար հայկականութեան մասիկն է, ինչպէս ծիրանը: Նրբազգաց եւ հայրենասէր ամեն պարագային՝ ան իսկական մարտիկ էր, բառի ամեն իմաստով՝ իր ժողովուրդի բարօրու-թեան համար: Ան վստահ ազգային խորհրդանիշ է: Իմ կարծիքով, ան այժմ հասած է եզակի ազգային գանձի կարգավիճակի: Գրեթէ բոլոր հայերը կը պատուեն Խրիմեան Հայրիկին՝ որպէս ազգային գանձ, եւ պէտք է պատշաճ յարգանքով վերա-բերուիլ անոր:
Եւ, վերջապէս, ահա իմ հարցը ձեզի, յարգելի ընթերցող. «Խրիմեան Հայրիկի» նախորդ պատկերա-պատման ֆոնի վրայ, չպէ՞տք է արդեօք Հայաստանի Հանրա-պետութեան կառավարութիւնը պաշտպանէ անոր անունը անոնցմէ, օրինակ՝ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնախումբէն, որ անա-մօթաբար «Խրիմեան Հայրիկի» մրցանակ կը շնորհէ հոգեւորականի մը, որ այս տեսակ ծանր հանցանք-ներու մէջ կը մեղադրուի: Ձեր պա-տասխանը հետեւեալն է. «Խլեցնող, այո՛»: Ի՞նչ կ՛ըսէք Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Հայ Դատ«ի Յանձնա-խումբի‘ այս մրցանակ ստա-ցողի ընտրութեան մասին: “! @ # $% ^ & * +!” Ի՞նչ ըսիք» «ԱՆՕՐԷՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ»: Շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ պատասխանի համար: Մարդ-կանց մեծամասնութիւնը հա-մաձայն է ձեր հետ իր ամբողջ սրտով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *