ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
Գլխաւոր խմբագիր
ԱՄՆ «Հայ Կեանք»ի

29 Նոյեմբեր, 2019

Վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին շարք մը կազմակերպչական ղեկավարներ, իրենց հանցանքներով բացայայտուեցան։ Այսպէսով համայնքի մտահոգ անդամներ ազդանշան ուղարկեցին բոլոր ներգրաւուածներուն, որ, նեխածութիւնը այլեւս որպէս սովորական երեւոյթ պիտի չընդունուի եւ որ, քաղաքս ժամանած են «նոր վերահսկիչ շերիֆ»ներ:
Այժմ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը ակտիւօրէն սկսած է հետապնդել եւ զօրակցիլ փրկութեան նուիրուած չորս շարժումներու որոնք կը միտին փլուզումէ փրկել համայնքային շարք մը կառոյցներ.

  • Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ արք. Յովնան Տէրտէրեանէն եւ իր նման նեխած գործընկերներէ։
  • Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ-Ա-ԱՄՆ) / Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ Վիգէն Յովսէփեանէն եւ Նօրա Յովսէփեանէն ու անոնց կամակատարներէն։
  • Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ)-ի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ՝ միութեան մէնատէրեր՝ Պերճ Սեդրակեանէն, Սինան Սինանեանէն եւ իրենց ոհմակիցներէն։
  • Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ-ի) ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ՝ Էտմոն Ազատեանէն ու անոր կլանակիցներէն:
    Այժմ պարզ դարձած է, որ կոռումպացուած կազմակերպչական ղեկավարներ կþօգտագործեն զանազան լծակներ իրենց իշխանութիւնը հավերժացնելու համար, որպեսզի շարունակեն չարաշահել իրենց դիրքերը անձնական շահի համար: Անհատական շահի հետապնդումը գրեթէ միշտ կþեզրայանգի համայնքի վնասին:
    Իրենց անձնական օրակարգերը հետապնդելու համար, այդ կազմակերպչական ղեկավարները կը պահպանեն կամակատարներու եւ կլանակիցներու ջոկատներ որոնք նոյնպէս նեխած են:
    Մինչեւ վերջերս, անկեղծօրէն ընսելով՝ ես ծանօթ չէի անգլերէն արտայայտութեան «Թռչող կապիկներ»ու մասին: Արտայայտութիւնը սկսեցաւ տա-րածուիլ տարբեր կազմա-կերպութիւններու ապագայով մտահոգ զօրակից-ներու կողմէ:
    Ըստ հոգեբաններու, «Թըռ-չող կապիկներ»ը բառահիւսւածք մըն է, որ կ’օգտագործուի ժողովրդական հոգեբանութեան մէջ, հիմնականին մէջ նարսիսիստական չարաշահման պարունակին մէջ: Անոնք այն մարդիկն են, որոնք կը գործեն երրորդ կողմի մը դէմ սովորաբար՝ բռնարար նպա-տակներով (օրինակ՝ ցեխար-ձակման արշաւի համար): Նման արտայայտութիւն մը օգտագործուած է նաեւ հոգեբանութեան ոլորտին մէջ հանդէս եկող մարդոց համար՝ նոյն նպատակով: «Կամակատարներու չարաշահումը» սերտօրէն կապուած է այդ բառահիւսուածքի հետ: բառահիւսուածքը կը վերաբերի «թռչող կապիկներուն», որոնք կþօգտագործուէին «Արեւմուտքի Չար Կախարդը» 1939-ի «Օզ-ի Հրաշագործը» ֆիլմի մէջ‘ «իր անունէն չար գործեր կատարելու համար»:
    Ամերիկահայ այս կազմակերպչական նեխած ղեկավարներու շուրջ կան բազմաթիւ «թռչող կապիկներ»: Ամերիկահայ այս «թռչող կապիկները» հիմնականին մէջ պզտիկ «թագաւո-րակերտեր» են, որոնք կþառաջնորդուին իրենց անձնական մանր օրակարգերով:
    Ոչ միայն անոնք լուռ կը մնան, այլեւ գաղտնի կը պաշտպանեն իրենց ան-պաշտպանելի «Թագաւոր-ներուն» կամ «Թագուհիին» անձնական շահ ստանալու համար:
    «Թռչող կապիկներու» երկու հիմնական դասակարգեր կան՝ կամայ «թռչող կապիկներ» եւ ակամայ «թռչող կապիկներ»:
    Գիտակցաբար՝ «Թռչող կապիկներու» դեր ստանձնած մարդոց եւ անոնց նեխած կազմակերպչական ղեկավարներու միջեւ յարաբերութիւնները կարելի է նկարագրել երկու բառով. «Փոխադարձ չարաշահում» կամ՝ «Փոխա-դարձ շահարկում»:
    Այնուամենայնիւ, ակամայ եւ անմեղաբար «թռչող կապիկ-ներու» դեր ստանձնած մարդոց եւ նեխած կազմակերպչական ղեկավարներու միջեւ փոխյարաբերութիւնները կարելի է բնութագրել որպէս «Զօրակիցներու չարաշահում»:
    Այս կազմակերպութիւններու հաւատարիմ կողմնակիցները սկսած են հետապնդել եւ ստուգել այդ «թռչող կապիկներուն»: Երբ անոնք քաջատեղեակ կը դառնան «թռչողներուն» հետ կապուած տարբեր իրավիճակներու կամ զարգացումներու մասին, անոնք պիտի պատրաստուին մէկ-առ-մէկ բացայայտել անոնց ինքնութիւնը։
    Պահը արագընթաց կը մօտենայ երբ վարագոյրը վար կը բերուի, մինչ «թռչող կապիկներու» գաղտնի եւ նեխած արարք-ները կը բացայայտուին ցոյց տալով վերջիններուս նենգամիտ եւ եսակեդրոն եւ ազգավնաս վարուելակերպը:
    Կարեւոր կազմակերպութիւններու հաւատարիմ կողմնակիցները ինծի կը յայտնեն, որ այսօրուայ դրութեամբ՝ բացա-յայտման ենթարկումէ անձեռնմխելի անձ չի կայ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *