Հայաստանի աւագ դպրոցներու աշակերտները իրենց նորարարական գաղափարները պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուող Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդաիմասք”-ը։
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ հայ պատանիները պիտի ներկայացնեն իրենց հետազօտական ծրագիրները, որոնք հանրապետական փուլի ընթացքին պիտի անցնին միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գնահատում: Յաղթող նախագիծը պիտի ներկայացնէ Հայաստանը Գիտութեան համաշխարհային փառատօնին:
Այդ նպատակով Հայաստանի աւագ եւ հիմնական 80 դպրոցներու ուսուցիչներ վերապատրաստուած են նախարարութեան մէջ:
«Այս նախագիծը գիտութիւնը երիտասարդացնելու մեր առաջին նախա-ձեռնութիւնն էգիտութիւնը բերել դպրոց եւ աշակերտին հնարաւորութիւն տալ զարգացնել իր համապատասխան հմտութիւնները, վաղ տարիքէն սորվիլ հետազօտել ու ստեղծել նորը: Փառատօնին մասնակցելով ոչ միայն պիտի փորձենք բարձրացնել մեր երեխաներու հետաքրքրութիւնը գիտութեան նկատմամբ, այլ նաեւ վեր հանելու դպրոցներու մէջ մեր ունեցած ներուժը»,- ըսած է ԿԳՄՍ նախարարի խորհրդական Գոհար Մամիկոնեան: Մինչեւ 3 աշակերտէ բաղկացած անհատական կամ հետազօտական խումբերը, գիտական ղեկավարի եւ խորհրդատուի աջակցութեամբ, իրենց գիտահետա-զօտական ծրագիրներով պիտի մրցին 22 բնագաւառի մէջ, ինչպէս ուսողութիւն, բնագիտութիւն, աստղագիտութիւնը, կենսաբանութիւն, մեքենաշինութիւն, բնապահպանական ճարտարագիտութիւնը, կենսաբժշկական եւ առողջապահական գիտութիւնները, համակարգերու ծրագրաւորումը եւ այլն:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 2020-ի Մայիսին: Մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ $ 5 միլիոն: Անոր պիտի մասնակի աշխարհի աւելի քան 75 երկրի շուրջ 1800 աշակերտ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *