Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազ-գային օրուան ծիրէն ներս՝ Լիթվիայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կազմակերպած էր դասախօսութիւն թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի մասնակցութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Դասախօսութեան ներկայ էին հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Դասախօսութիւններու ընթացքին Աքչամ ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով թրքական ժխտողականութեան դրսեւորումները, հիմնական թեզերը` խօսած իր «Սպանութեան հրամաններ» գիրքին մէջ ցեղա-սպանութիւնը իրագործած պարա-գլուխներու եւ անոնց կողմէ ուղար-կուած գաղտնի հեռագրերու վերծան-ման մասին։
Թուրք պատմաբան, ԱՄՆ Մասա-չուսէթսի Քլարքի համալսարանի պատմութեան դասախօս Աքչամը նշած է, որ թրքական ժխտողականութեան զինանոցին մէջ գտնուող այն պըն-դումները, թէ կեղծիք են Թալէաթ փաշայի հեռագրերը, որոնք հրապա-րակուած են Արամ Անտոնեանի մի-ջոցով, այլեւս չեն դիմանար քննադա-տութիւններուն, քանի որ անհերքելի ապացոյցներ ներկայացուած են անոնց փաստացիութեան վերաբերեալ։
Շուոն Նաշ-Մարշալ իր հերթին նշեց, որ ժխտողականութիւնը Թուրքիոյ մէջ դրուած է օրէնդրական հիմքի վրայ, ինչը անհնար կը դարձնէ հաշտեցման եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսման ցանկացած փորձ։
