Նոյեմբեր 1-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»ի հերթական նիստը, որուն եզրափակիչ նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եթէ ընթերցողները կը նկատեն, չակերտի մէջ առած եմ Գերագոյն Հոգեւոր Խուրհուրդի անունը, որովհետեւ անօրինական ժողով մըն է որ իր պաշտօնական, կանոնական վաւերացումը երբեք չէ ստացած Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ:
Կարծէք անհրաժեշտ է անգամ եւս արթնցնել եւ յիշեցնել իր եկեղեցիի ապագայով տագնապող մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ» ըսուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած եւ ստրկացած՝ մեծաւ մասամբ եկեղեցականներու եւ սակաւաթիւ աշխարհականներու խորհրդակցական խմբակ մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած՝ Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ: Հետեւաբար անոնց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանուած են մնալու միայն խորհրդակցական բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարու-թիւններ, եւ ո՛չ աւելին:


Մեր նախորդ յօդուած-ներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ ԳՀԽի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ Է ԵՒ ԱՆՎԱՒԵՐ:
Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւե՛լ եւս դատապարտելի է ԳՀԽի՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը, որոնք քաջութիւնը չունին ըսելու որ իրենց ժողովը խորհրդակցական հանգամանքէն անդին չի կրնար անցնիլ եւ հետեւաբար իրենց բոլոր որոշումներն ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցութիւն եւ ո՛չ օրէնք: Վե՛րջ տուէք այս ինքնախաբէութեան, ժողովուրդն ալ ձեզ հետ մոլորեցնելով:
Անգամ մը եւս զգալի է Երուսաղէմի նուիրապետական Աթոռի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութիւնը ԳՀԽի նիստերէն, որ ի պաշտօնէ ատենապետներէն մէկն է այս ժողովին: Պատճառը յստակ է. Նուրհան Պատրիարք կը մերժէ ճանչնալ ԳՀԽի օրինականութիւնը, որովհետեւ այդ կազմը նշանակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ եւ ո՛չ մէկ օրինական վաւերացում ունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ: Զարմանալին հոն է սակայն, թէ ինչպէ՛ս ԳՀԽի ժողովականներէն եւ ո՛չ մէկը համարձակութիւն ունեցած է հարցնելու թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը ներկայ չէր վերեւ ակնարկուած ժողովին:
Այս ժողովի ընթացքին՝ վարչապետ Փաշինեան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ըսած է. «Ի հարկէ նման հանդիպումների կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը կայ, գուցէ աւելի յաճախ, քան տեղի է ունենում: Ընդհանուր առմամբ, ի հարկէ, ինչպէս վեհափառը նշեց, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնների հետ կապուած քննարկումները շատ կարեւոր են, առաւել եւս նոր իրավիճակում եւ նոր պայմաններում որ այսօր ունենք Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Այդ պայմաններն ու յարաբերութիւններն ունեն բազմաթիւ նրբութիւններ եւ ես յոյս ունեմ որ այսօր այդ նրբութիւնների կարեւոր դետայներին (մանրամասնութեանց –Ո.Մ.) մենք հնարաւորութիւն կ՚ունենանք անդրադառնալ: Ես առաջին հերթին հասկանում եմ ոչ միայն եւ ոչ այնքան նիւթական յարաբերութիւնների կարգաւորումներ, չնայած դրանք էլ կարեւոր եւ էական են, այլ առաջին հերթին հասկանում եմ քննարկում, մեր երկրում հոգեւոր կեանքի, հոգեւոր արժէքների եւ ընհանրապէս հոգեւոր մթնոլորտի առումով…»
Այս ժողովին ներկաները առիթ ունեցած են, նաեւ, վարչապետին հետ քննար-կելու հայրենաբնակ ժողովուրդի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ համասփիւռ հայութիւնը յուզող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Մասնաւորապէս շեշտուած են հետեւեալ նի-ւթերը, որոնք մեր խորհրդա-ծութեան եւ վերլուծութեան առարկայ պիտի դառնան:

  1. Եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան արդիւնա-ւէտութեան բարձրացում.
    Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար նախանձելի բարձունքի վրայ տեսնել եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը ի շահ մեր ազնիւ ժողովուրդին, եւ ո՛չ թէ պետական վարչակարգին մաս կազմող անհատներուն եւ կամ բարձրաստիճան եկեղեցականներուն: Դժբախտաբար ա՛յդ էր իրավիճակը մինչեւ այսօր, մինչեւ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր արբանեակներով մաս եւ բաժին կը կազմէր նախկին սակաւապետներուն որոնք կեղեքեցին եւ տնտեսապէս անդունդի եզրին հասցուցին երկիրը: Ժամանակն է որ Մայր Աթոռը իր գահակալով վերատեսութեան ենթարկէ իր հոգեւոր գործունէութեան դաշտը, վերականգնելով ժողովուրդին հաւատքը հանդէպ Մայր Եկեղեցւոյ:
  2. Հոգեւոր կեանքի զօրացում.
    Ահաւասիկ ծառայութեան դաշտ մը, որուն մէջ ափսոսանքով կ՚արձանագրենք, թէ Մայր Աթոռը ձախողած է: Մարդ կոյր պէտք է ըլլայ չտեսնելու համար այլազան եւ բազմազան աղանդաւորներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Այնքան ատեն որ Հայց. Եկեղեցին մասնաւորաբար Մայր Աթոռի գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ինքզինք չի վերանորոգեր, չի բարեկարգեր քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ անկասկած որ իր աւանդական առաքելութեան մէջ կը ձախողի, ինչպէս որ ձախողած էր վերջին քսանամեակին: Անվարան՝ հոգեւոր վերազարթօնքի պէտք ունի Մայր Եկեղեցին, եթէ կ՚ուզէ քայլ պահել իր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն հետ:
  3. Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդում.
    Յաճախ կը խօսուի այս մասին, բայց դժբախտաբար վերջին երեսնամեակին ո՛չ մէկ շօշափելի դրական արդիւնքի հասանք: Նախկին վարչակարգը՝ Սփիւռքի վրայ վերէն նայելու ախտէն կը տառապէր: Այդ հին վարչակարգը բաւարարուած էր տեսնելու Սփիւռքը որպէս «կթան կով». «Դուք դրամը ղրկեցէք, մենք գիտենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք եւ կամ ո՞ւր պիտի ծախսենք զայն: Մեզի խելք մի՛ տաք:» Ահաւասիկ այս հոգեբանութիւնը հիմնովին պէտք է փոխուի, որպէսզի սփիւռքահայը իր համոզումն ու հաւատքը վերականգնէ հայրենի ղեկավարութեան նկատմամբ, եւ որպէսզի իր իմացական եւ նիւթական ամբողջական ներոյժը տրամադրէ հայրենիքի եւ Արցախի գոյատեւման պայքարին ու վերելքին:
  4. Ազգային ինքնութեան պահպանում.
    Բոլոր ժամանակներէ աւելի ամենահրատապ հարցն է ինքնութեան պահպանումը՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ համասփիւռ հայութեան մօտ: Մասնաւորաբար՝ ութ միլիոննոց Սփիւռքը կը տառապի եւ կը հիւծի այսօր իր ինքնութիւնը պահելու անծայրածիր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Հայապահպանումի պայքարին յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ հայ վարժարաններու բազմացման մէջ: Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը սփիւռքահայ բոլոր գաղութներու մէջ, պարտաւոր ենք ի գին ամէն զոհողութեան բանալ հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին, հետեւաբար՝ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն:
  5. Պատմական սրբավայրերու ու ժառանգութեանց պահպանում.
    Սրբազան առաքելութիւն, որուն մէջ անվարան ձախողած է Մայր Աթոռը. վկայ՝ մեր կիսաքանդ եւ կիսաւեր վանքերն ու եկեղեցիները: Տակաւին մեր ականջներուն մէջ կը հնչեն Գարեգին Բ.ի յայտարարութիւնը՝ հայկական ճարտարապետութիւն ուսումնասիրող Սամուէլ Կարապետեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ. «Ես գործ չունեմ սարերի վրայ գտնուող վանքերով եւ եկեղեցիներով:»
    (https://www.youtube.com/watch?v=VZVtiFNowSo.) Այս հարցազրոյցը Կարապետեանի խօսքով՝ ողբերգակատակերգութիւն էր:
    Վարչապետին հետ ունեցած ժողովի աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս, յայտնելով իր գոհունակութիւնը, անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Հայ Եկեղեցին, ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այսօր առաւել եւս զօրավիգ պիտի կանգնի հայոց պետականութեան հզօրացման աշխատանքին: Անմիջապէս մեր մտքին մէջ կը ծագի սա մե՛ծ հարցումը. կրնա՞նք հաւատալ ըսուածին:
    Եւ վերջապէս, արդեօ՞ք պիտի հասնինք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին, ուր քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը:
    ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
    20 Դեկտեմբեր 2019
    Լոս Անճելըս

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *