
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
2019-ի Մայիսի սկիզբին, այն ժամանակ, երբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի 92-րդ Թեմական Ժողովը տեղի ունեցաւ Քալիֆոռնիոյ Փալմ Սփրինկս քաղաքի մէջ, «Հայ Կեանք»ը ճշգրտօրէն կանխատեսեց, որ տիկ. Ատրիէնն Գրիգորեան ի յայտ կու գայ որպէս Թեմական Խորհուրդի նոր նախագահ`յաջորդելով նախկին նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեանին։ 2019-ի Մայիսի 10-ի յօդուածին մէջ ներկայացուած հիմնական հարցերէն մէկը հետեւեալն էր. «Եթէ տիկ. Գրիգորեան իսկապէս ստանձնէ Թեմական Խորհուրդի ղեկավարութիւնը, որ կը հանդիսանայ Արեւմտեան Թեմի գերագոյն կառավարող մարմինը, արդեո՞ք ան կը մաքրազարդէ հոգեւոր տունը, թէ՞ կը շարունակէ պահպանել հին գործելաձեւը՝ «Վատ մի խօսիր, վատ բանի ականջ մի տուր եւ չարութիւն մի տեսներ»»։ Թեմական Խորհուրդի անցեալի ատենապետ, փաստաբան Կանիմեանի օրոք արք. Տէրտէրեան կատարեց շարք մը վատ արարքներ: Շատ դէպքերու մէջ ան իր հոգեւոր սպասաւորի սահմանները անցաւ
խախտելով Թեմական Խորհուրդի օրենսդրութիւնը, անոր Նախագահ Կանիմեանին եւ Փոխ-Նախագահ Գրիգորեանի լիազօրութիւնները:

2019-ի Ապրիլի վերջին, «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» շարժումը «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» ամսագրի 4-րդ հատորի շապիկին վրայ հաստատեց. «Այժմ ժամանակն է Յովնան Տէրտէրեանին եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Յովսէփ Կանիմեանին հաշուետւողութեան ենթարկել։ Եկեղեցին գոյութիւն ունի որովհետեւ ժողովուրդը գոյութիւն ունի, այլ ոչ թէհակառակը: Այն փաստը, որ Յովնան Տէրտէրեան նեխած «կոռումպացուած» է
կասկածէ վեր է։ Այն բանը, որ շտապօրէն անհրաժեշտ էծխականները, քու եւ իմ նման անհատներ, շարունակենք յառաջ գալ եւ բացայայտել իրենց կատարած չարաշահումները իրենց ծառայութեան ներքոյ գտնուող Եկեղեցիէն ներս: Աւանդաբար Հայ Եկեղեցին պահպանած է ժողովրդավարական կառոյց մը, որտեղ հոգեւոր առաջնորդը բացառապէս կը ծառայէ որպէս հոգեւոր սպասաւոր, մինչդեռ Թեմական Խորհուրդի նախագահը լիազօրութիւններ կը ստանայ աշխարհականներէ իշխելու, թափանցիկութեամբ վերահսկելու պատշաճ կառավարման եւ պատասխանատվութեան ներքոյ: Մէկ մը, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը մկրտուիք, այս բոլորը կը դառնան ձեր ժողովրդավարական ծնեալ իրաւունքները: Եկէք առաւել զարգացնենք Եկեղեցւոյ բարեփոխումներու գործընթացը, քանի որ քաջատեղեակ քաղաքացիներն են, որ քաջութեամբ կրնան բարձրաձայնել եւ առաջնորդել: Ժամանակը հիմա է»։ Ժողովրդական հարցումներ, որոնք արժանի են պատասխաններու.
ՀԱՐՑՈՒՄ. - Արդեո՞ք ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԷՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ յստակ կամ համադրուած առաջարկութիւններ ունի բարելաւելու իրավիճակը, որպէսզի Եկեղեցին եւ համայնքը յառաջ շարժուին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ. - Մենք պէտք է վերականգնենք օրէնքի գերակայութիւնը, պահպանենք Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի օրէնսդրական բոլոր տրամադրութիւնները եւ իրականացնենք Թեմական եւ ծխական կանոններ եւ կանոնակարգեր
աւելի բարձր թափանցիկութիւն եւ հաշուետւողականութիւն ապահովելու համար, յատկապէս, երբ անոնք կը վերաբերին Եկեղեցւոյ ֆինանսներուն եւ ընտրութիւններուն: Մենք պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկենք եկեղեցական ղեկավարութիւնը։ Մենք պէտք է յիշեցնենք անոնց, որ Եկեղեցին գոյութիւն ունի ժողովուրդին համար, եւ ոչ թէ՝ հակառակը»:
ՀԱՐՑՈՒՄ. – Արդեո՞ք մեր հայկական համայնքները, որոնք այդքան դժուարօրէն պայքարած են գոյատեւելու համար (մասնաւորապէս Ցեղասպանութենէն ի վեր) պատրաստ են դէմ կանգնելու դարաւոր եկեղեցւոյ «կոռումպացուած» նեխած առաջնորդներունյօգուտ այն հաստատութեան, որը մենք ամեն ինչէն բարձր պահած ենք։ ՊԱՏԱՍԽԱՆ. - Մեր առաջին քայլը այն է, որ մենք գիտակցինք, որ մեր սիրելի եկեղեցին ներգրաւուած է նեխածութեան եւ չարաշահման մէջ, եւ որ գործելու ժամանակը հիմա է: «Արք. Յովնան Տէրտէրեան պէտք է հեզօրէն աթոռէն վար իջնէ։ Մեր առաջադրանքն է, որ դուք միանաք փրկութեան այս շարժման: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր ինքնութեան գաղտնապահութիւնը: Ե-փոստի հասցէ`
armenianchreform@ gmail.com կամ հեռաձայնի թիւը՝ 310.773.7870:
«ԼՈՒՌ ՄՆԱԼՈՎ, ՄԵՂՍԱԿԻՑՆԵՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՔ», եզրափակեց «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» շարժման ամսագրի մէջ հրատարակուած յօդուածը:
Մէկ այլ կարեւոր հարցում մը. «Արդեո՞ք նոր Թեմական Խորհուրդը եւ անոր սպասուած նախագահ Ադրիէնն Գրիգորեան պիտի դառնայ ազդեցիկ եւ իսկական ղեկավարիրականացնելով իրենց հաւատարմագրուած պարտականութիւնները
որպէս Թեմի Կառավարման մարմնի գիտակից ղեկավարնոր դարաշրջան մը սկսելով»: ՊԱՏԱՍԽԱՆ. - Ժամանակը ցոյց կու տայ պատասխանը:
Նոր հարցում 1. Արդեո՞ք հետեւեալ ղեկավարները Նախագահուհի՝ Տիկ. Ատրիէնն Գրիգորեան, (Սբ. Պետրոս - Վան Նայս, Քալիֆոռնիա), Փոխ-Նախագահ
Պարոն Տերիք Ղուկասեան (Սբ. Պետրոս – Վան Նայս, Քալիֆոռնիա), ԳանձապահՊարոն Յուրի Ակոբեան (Սուրբ Յարութիւն - Ռեդմոնդ, Վաշինկթըն), Քարտուղար՝ Տիկ. Սանտրա Գազանճեան Կոստանեան (Սբ. Պօղոս - Ֆրեզնօ, Քալիֆոռնիա) եւ ներկայ Թեմական Խորհուրդի անդամներ
Տէր Սասուն Զմրուխտեան (Սբ. Կիրակոս – Լաս Վեկաս, Նեվատա), Տէր Շնորհք Տէմիրճեան (Սբ. Պետրոս – Վան Նայս, Քալիֆոռնիա), Տէր Մեսրոպ Աշ (Սուրբ Յովհաննէս – Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆոռնիա), Տէր Բագրատ Պերճեքեան (Սբ. Յովաննու Կարապետ – Սան Տիեկօ, Քալիֆոռնիա), Պրն. Արա Տէր Սարգիսեան (Սբ. Յովաննու Կարապետ – Հոլիուտ, Քալիֆոռնիա), Պարոն Մարտի Տաքէսեան (Սբ. Ղեւոնդեանց- Պըրպանք, Քալիֆոռնիա), Տիկ. Փամելա Ապաճի (Սբ. Էնդրիւ – Գուփերթինօ, Քալիֆոռնիա), Տոքթ. Քրիս Միրզայան (Սբ. Մարիամ – Քօպսթա Մեզա, Քալիֆոռնիա), Պրն. Ռաֆֆի Յակոբեան (Սբ. Աբգար – Սքաթստէյլ, Արիզօնա), Պրն. Վահէ Իսկենտերեան (Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Փասատինա, Քալիֆոռնիա) ընտրուած են իրենց արժանիքներու հիման վրայ, կամ անոնք ընտրուած են վարագոյրներու ետեւէն կատարուած խաղերով եւ անուղղակի ճնշումներով, որոնք գործադրուած են Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ՝ թեմական պատուիրակներու վրայ‘ զանոնք ծառայեցնելու համարորպէս Տէրտէրեանի անբնական խամաճիկներ: Մինչ վերը նշուած հարցումները տակաւին անպատասխան կը մնան, նոր հարցումներ արդեն յառաջացած են:
Նոր հարցում 2. Արդեո՞ք գործող Թեմական Խորհուրդի ղեկավարներն ու անդամները տեղեակ են շարք մը խնդիրներու մասին, որոնք կը շարունակեն բացասաբար ազդել Թեմին վրայ, թէ՞ անոնք ալ իրենց հերթին խնդրայարոյց տարրեր են:
Նոր հարցում 3. Արդեո՞ք գործող Թեմական խորհուրդը համաձայն է ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԷՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄան զօրակիցներու հետ, որ «Յովնան Տէրտէրեանի ժամանակը հասած է իր աւարտին»: Եթէ այո
ապա այդ մասին ի՞նչ կ’ընեն: Եթէ ոչ` ապա անոնց արդարացումները որո՞նք են:
Մինչ «Հայ Կեանք»ը այսօր մամուլի կը յանձնուէր, Թեմի շրջանակներէն ներս բազմաթիւ մտահոգ եւ հաւատարիմ անդամներու եւ զօրակիցներու կողմէ կը շարունակուին հասարակութեան ուշադրութեան կը յանձնուին յաւելեալ հարցումներ:
Այս անպատասխան մնացած հարցումներուն պատասխանները պիտի ներկայացուին յառաջիկային: Մնացէք արթուն եւ զգոն.
Մինչ այդ, ներկայ Թեմական Խորհուրդի ղեկավարներն ու անդամները մեծ ծառայութիւն մատուցած կ’ըլլան ժողովուրդին, եթէ հայելիի մէջ նային եւ ամենայն անկեղծութեամբ պատասխանէին վերը նշուած հարցումներուն: