24 ապրիլ 2011-ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատական գործին վերաբերեալ հրապարակուած է վճիռը: Մեղադրեալ Քըուանչ Աղաօղլուն կանխամտածուած սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած է 16 տարի 8 ամիս ազատազրկման եւ նիստի ժամանակ ալ կալանա-ւորուեցաւ. ըստ «Երկիր»-ին կը յայտնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Աղաօղլու 2013-ին զինուորական դատարանին մէջ դատապարտուած էր 4 տարի 5 ամիս ազատազրկման: Գործը սկսած էր կրկին քննուիլ փետրուար 2018-ինքաղաքացիական դատարանին մէջ:
Պալըքճը սպաննուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին օրը Պաթման նահանգին մէջ
Աղաօղլուի արձակած կրակոցէն: Պալըքճըի ծառայութեան աւարտին մնացած էր 20 օր:
