ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Կան բազմաթիւ նշաններ, որ նուիրատուներն ու զօրակիցները հետսհետէ բարձր թիւով կը մերժեն մասնակցելու Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ կազմակերպուած դրամահաւաքներուն եւ ձեռնարկներուն:
Պատճառն այն է, որ լայնածաւալ հետաքննութեամբ պարզուած են բազմաթիւ անօրի-նականութիւններ, չարաշահումներ, իւրացում, նեխուածութիւն («կոռուպցիա») եւ «նեպոտիզմ» («Խնամի-Ծանօթ-Բարեկամութիւն») Արեւմտեան Թեմի Հայ եկեղեցիէն ներս:
Թեմի ներսէն բազմաթիւ աղաղակողներ, Արք. Տէրտէրեանի եւ անոր կլանի բազում իրաւախախտումներու վերաբերլեալ փաստեր եւ ապացոյցներ սկսած են ներկայացնել:
Արեւմտեան Թեմի Սբ. Ղեւոնդեանց Տաճարի Պարագան
Թեմի ներքին օղակի պատկանողներ կը հաստատեն, որ Արեւմտեան Թեմի Սբ. Ղեւոնդեանց Տաճարի կառուցման համար նախնական պիւտժէն սկզբը կը կազմէր 12-14 միլիոն տոլար: Այնուամենայնիւ, խորհրդաւոր հանգամանքներու մէջ շինարարութեան պիւտժէն սկսաւ սողալով բարձրանալ եւ ի վերջոյ, հասաւ մօտաւորապէս 25 միլիոն տոլարի:
Այժմ, շատ մը անդամներ հարց կուտան, թէ ինչո՞ւ միլիոնաւոր տոլարներ մսխուած են եւ ինչո՞ւ անոնց ճակատագիրը անյայտ կը մնայ:
Սան Տիեգոյի Սբ. Յովաննու Կարապետ Հայ եկեղեցիին Պարագան
2016-ի սկզբին տարածուած մտավախութիւն կար Սան Տիեկոյի Սբ. Յովաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ կասկածելի «գաղտնի հրեշտակ» նուիրատուի վերաբերեալ որ, շատերու համար, կարծես, կը նախատեսէր վտանգել եկեղեցւոյ սեփականութիւնը հանդիսացող շահաւետ 4 հեկտարնոց հողատարածքը, որ 2016ին գնահատուած էր 10 միլիոն տոլար:
Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Թեմի Առաջնորդի յարաբերութիւնները նկարագրելով, մտահոգ անդամ մը կը յայտնէ, որ «Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ կալուածներու խնամակալ Յանձնախումբին անդամները, որոնք Թեմի Ընդհ. Ժողովի հսկողութեան տակ կը վերահսկէին եկեղեցւոյ կալուածները եւ նաեւ տասը միլիոն տոլար ու աւելի արժող այդ հողամասը, 2014¬ի սկիզբը առանձին հանդիպում մը ունեցած են Առաջնորդին հետ եւ այդ հանդիպումին, հակաօրինական որոշումով մը պահանջ դրած են Տէր Տաթեւը հեռացնել որպէս ծուխի քահանայի իր պաշտօնէն»։
Ան շարունակելով, ըսաւ. «2015ի Փետրուարին, 2014ի Նոյեմբերին գումարուած Ծխական Ընդհ. Ժողովին լոյսին տակ (որ անօրինականօրէն անվաւեր հռչակուած էր), Թեմի Վարչական Ժողովը Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Ծուխին վարչական բոլոր մարմինները լուծեց, մէկ բացառութեամբ. …Պահանջուեցաւ Խնամակալ Յանձնախումբին տոմարներուն եւ գործունէութեան հաշուեքննութիւն, Գերշ. Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսի կողմէ նշանակուած «Միջնորդ Յանձնաժողով»ին (նախագահութեամբ նախկին Առաջնորդ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի, անդամներ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի, որ ամիսներ ետք Թեմական Խորհուրդի ատենապետ ընտրուեցաւ, եւ այդ օրերու Թեմական Խորհուրդի ատենապետ ու այժմ նախկին ատենապետ՝ Անդրանիկ Զօրայեանի)։ Այս հաշուեքննութիւնը մասամբ խթանուած էր ծխականներու պահանջով, աւելի լոյս սփռելու համար Խնամակալ Յանձնախումբի գործունէութեան վրայ»։
Զեկոյցը կը շարունակուի.. «Հազիւ չէզոք (երրորդ կողմ) հաշուեքննիչ մը հաշուեքննութեան սկսաւ, Թեմական Խորհուրդը դադրեցուց հաշուեքննութիւնը եւ առաջին «Միջնորդ Յանձնաժողով»ը ցրուեց։ Խնամակալ Յանձնախումբին գանձանակը գրեթէ պարպուեցաւ եւ անհատ անդամներ փոխատուութիւններ ըրին Գանձին, որպէսզի անմիջական ծախսերը հոգացուէին»։
Արք. Տէրտէրեանի կողմէ Կանատայի Հայ եկեղեցւոյ Թեմի մէջ Գումարներու Չարաշահման Պարագան
2019-ի Մարտի 30-ին «ՇԱՐՔ ՄԸ ՓԱՍՏԵՐ ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՏԷՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ» յօդուածին մէջ, որ գրուած է Գանատայի Թեմի
անդամ, ինչպէս նաեւ բարերար, սրտցաւ գանատահայ՝ Քրիս Չաքմաքեանի կողմէ «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» ամսագրի մէջ. «Արցախի ազատագրման մութ ու մռայլ օրերէն հետոյ, որոշեցի ինչ-որ կառուցողական եւ դրական բան մը ընել: 1998-ին ես որոշեցի հիմնադրամ ստեղծել Գիւմրիի երկրաշարժէն տուժած եւ Արցախ մէջ զոհուածներու որբերուն եւ այրիներուն օգնելու համար: Ես դիմեցի այն ժամանակուայ Գանատայի Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին, որպէսզի թեմի հովանիի տակ ֆոնդ մը հիմնուէր: Անոր չհետաքրքրեց իմ առաջարկը եւ փոքր-ինչ ալ թերահաւատ էր: Ան կ՛ուզէր, որ ես օգնէի միայն Թեմին: Մենք սկսեցանք հիմնել հիմնադրամը, նախնական ներդրում կատարեցինք 50.000 ԱՄՆ տոլարի, եւս 25.000 տոլար յաջորդ տարի եւ ստանձնեցինք ապագայ տարեկան ներդրումներ կատարելու պարտականութիւնները:
Վերջին 25.000 տոլարի ներդրումը, առանց մեր յստակ համաձայնութեան եւ հրահանգի փոխանցուած էր Թեմական Բարեգործական Հիմնադրամին՝ մեր հիմնադրամի փոխարէն: Ֆոնտի կառավարման համար մշակուած էր սկզբունքներու եւ նպատակներու ուղեցոյց: Կարճ ժամանակ ետք ան առաջարկած էր տպագրել առակներու գիրք մը եւ խոստացած էր մարել ֆոնդի գումարը գիրքը հրապարակելէն եւ վաճառելէն ետքը: Նշուած հրապարակչութեան արժեքը կը կազմէր 13,800 տոլար, ինչն ալ երբեւէ չի վերադարձուց: Այս երեխաներուն օգնելու նպատակով 1999-ին Հայաստան փոխանցուած էր 13.550 ԱՄՆ տոլար: Երբ մենք ստուգեցինք ցուցակը, անոնցմէ եւ ոչ ոք Արցախէն կամ Գիւմրիէն չէր: Ի վերջոյ, մենք բացայայտեցինք, որ ատոնք իր խամաճիկ քահանաներու երեխաներն ու ընտանիքներն էին Հայաստանի մէջ: Եւ կրնամ ըսել, որ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բաւականին լաւ վիճակի մէջ կ’ապրէին: Իմ կինը Հայաստան այցելած էր երկու անգամ՝ 1999-ին եւ 2001-ին, գտնելու այդ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ բաշխելու դրամակն նպաստները»:
Պարոն Չաքմաքեան եզրափակեց. «2001-ին կնոջս երկրորդ անգամ մեկնելէն առաջ ես մի քանի անգամ խօսեցայ Յովնան Տէրտէրեանի հետ հեռաձայնով, նամակով, ֆաքսով, որպէսզի կնոջս ժամանելուն պէս նրան տրամադրուէր 12.000 ԱՄՆ տոլարը:
Հակառակ անոր բազմաթիւ հաւաստիացումներուն եւ խոստումներոուն, որ գումարը պատրաստ կþըլլայ, Հայաստանի մէջ ան անընդհատ կնոջս կը մոլորեցնէր եւ կը խոչընդոտէր գումարի փոխանցմանը մակերեսային խստումներով: Ակնյայտ էր, որ ան իր ծրագիրներն ունէր, եւ այդ տառապող երեխաներու նկատմամբ կարեկցանք կամ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերէր: Մի քանի անգամ ապատեղեկատվութիւններու եւ գումարներու չարաշահումէն ետքը, մենք ի վերջոյ որոշեցինք դադրեցնել հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ խնդրեցինք գումարի մնացորդը փոխանցել Գանատայի «Հայաստան» Հիմնադրամին»:
Հոլիուտի Սբ.Յովհաննու Կարապետ Հայկական Եկեղեցւոյ Պարագան
Հոլիուտի Սբ.Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ պարագային, արք. Տէրտէրեան եւ հովիւ Մարգարեան կանխահասօրէն քանդեցին Վայն փողոցի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շէնքը՝ առանց ապահովելու գումարներ նոր շինարարութեան համար: Այդ ժամանակ անոնք նոյնիսկ չէին գիտեր շինարարութեան համար հարկաւոր պիւտժէն:
Հոլիուտի մէջ եկեղեցւոյ շէնքը քանդելու որոշում կայացնելէ առաջ, Հայ Եկեղեցւոյ մեծ բարերար Պր. Պետրոս Տաղլեան բազմիցս խորհուրդ տուած է Արք. Տէրտէրեանին եւ անոր գլխաւոր կցորդ ու խորհրդական հովիւ Մարգարեանին պարբերաբար հրապարակելու նուիրատուներու անունները հայկական թերթերու մէջ, որպէսզի նոր նուիրատուներ քաջալերուին մասնակցելու համար: Արք. Տէրտէրեան եւ հովիւ Մարգարեան երբեւէ չեն հրապարակած նուիրատուներու նման ցուցակ: Այդ փուլին մէջ հաւաքուած էր աւելի քան 1,5 միլիոն տոլար հիմնականին մէջ պր. Տաղլեանի աջակցութեամբ հաւաքուած գումարներով:
Նուիրատուներէն շատերըետ կանգնեցան հիմնականին մէջ թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան բացակա-յութեան պատճառով: Նուիրատուները հարց կու տան. «Ինչպէ՞ս է որ հովիւ Մարգարեան կառուցած Լոս Անճելեսի մէջ գտնուող երկու շքեղ տուներ՝ յայտարարելով, որ կը ցանկայ «թագաւորի պէս ապրիլ»»: Այդ նուիրատուները մտահոգուած են այն մասին, թէ ինչպէ՞ս ան երկու տուներու գումարները կրցած է ապահովել սահմանափակ հովւապետական աշխատավարձով»: Տեղեկութիւններ կան այն մասին, թէ հովիւ Մարգարեան կը պարծենայ, որ իր երկու նոր «պալատները» իրենց թաղամասերուն ամենամեծ եւ շքեղ տուներն են:
Արք. Տէրտէրեանի իրաւախախտումները շատ են այստեղ թուարկելու համար: Անոնք կազմուած են ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ-ի 2019 թուականի տեղեկագրութեան մէջ: Կարդացէ՛ք «Քսանէ Աւելի Պատճառներ, որ Յովնան Տէրտէրեանի Ժամանակը Հասած է Իր Աւարտին», զեկոյցը հետեւեալ հղմամբ.
http://www.armenianlife.com/2019/08/16/twenty-plus-reasons-why-hovnan-derderians-time-has-come-to-end-2/
«Արեւմտեան Թեմը Արք. Տէրտէրեանէն Փրկումի» շարժումի առաջատար անդամներ եւ «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում»-ը ընդգծած են. «Հետաքրքիր է, թէ ինչո՞ւ մարդիկ չեն յաճախեր եկեղեցի: Դե դա հետեւանքային գործօն է: Ամերիկահայ համայնքի աճող թուաքանակը ետ կանգնած է իր տեղական եկեղեցիին նուիրատւութիւններ կատարելէ՝ Արեւմտեան Թեմի մէջ Յովնան Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ կատարուած ստուերային գործունէութիւններու պատճառով: Թէկուզ անոնք որոշ չափով կը յաճախեն եկեղեցի, բայց չեն թաքցներ իրենց զզուանքը Յովնան Տէրտէրեանի մութ գործարքներու նկատմամբ: Փոխարէնը անոնք այդ ցոյց կու տան իրենց գրպաններու միջոցով: Անոնք եկեղեցի կþերթան մոմ վառելու եւ հոգեպարար պատարագը լսելու համար: Երբեմն անոնք կը մնան որոշակի շփման, ընկերակցութեան համար: Միւսներն ալ, որոնք կþենթարկուէին անոր չարագործութիւններուն, այժմ հիասթափուած են Արեւմտեան Թեմի Հայ Առաքելական եկեղեցիէն եւ այլեւս չեն ցանկար կապ ունենալ Տէրտէրեանի նման տարրի մը Թեմի հետ»: