ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Հինգշաբթի 12 Մարտին, «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» եւ USA Armenian Life Շաբաթաթերթերու խմբագրութիւնը ուրախալի նամակ մը ստացաւ 2020-ի Կլենտէյլի Գործարարական Հիմնարկութիւններու Բարձրագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչ պր. Պօպ Ուելլսէն ուր վերջինս կը գրէր. «Ուրախ ենք տեղեկացնելու Ձեզի, որ USA Armenian Life Շաբաթաթերթն ընտրուած է «2020 Կլենտէյլի Լաւագոյնը» մրցանակաբաշխութեան մէջ, ամսագրերու անուանակարգի մէջ։ Մանրամասնութիւններու եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել մեր կայքը՝ 2020 Best of Glendale Awards – Magazines»:
Այդ հիանալի լուրը ստանալէն ետք, USA Armenian Life-ի Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր Աբօ Չափարեան շնորհակալութիւն յայտնած է 2020-ի Կլենտէյլի Գործարարական Հիմնարկութիւններու Բարձրագոյն Խորհուրդի ղեկավարներուն եւ յայտարարած է, որ «այս հաւաքական նուաճումի մէջ առիւծի բաժինը կը պատկանի համայնքի բազմաթիւ անդամներու»:
Ան աւելցուցած է. «Յատկապէս պէտք է շնորհակալութիւնս յայտնեմ բոլոր բաժանորդ-ընթերցողներուն, գովազդատուներուն, հովանաւորներուն, ակտիւիստներուն, գրողներուն, կազմակերպութիւններուն եւ բառացիօրէն հազարաւոր կամաւորներու, որոնք մեր համայնքը ակտիւ եւ միասնական կը պահեն»:


Ան եզրափակած է. «Զոյգ հրատարակութիւններ՝ USA Armenian life-ը եւ հայալեզու «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթերը, ինչպէս նաեւ armenianlife.com կայքէջի եւ USA Armenian Լife-ի ֆեյսբուքեան կայքի հրապարակումները միասնաբար կը ներկայացնեն յարատեւ լրագրական ջանքեր սատարելու ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ-ի առողջարար տարածման: Անկախ եւ անաչառ, ոչ-կուսակցական լրատուական կազմակերպութիւնն աւելի ուժեղ կ՛ըլլայ համայնքի շարունակական աջակցութեամբ, մասսայական մասնակցութեամբ եւ ներգրաւմամբ»:
Անցեալ մի քանի ամիսներու ընթացքին, կրօնական եւ համայնային հայկական կազմակերպութիւններու մէջ նեխուածութեան եւ «ԽԾԲ»ութեան («նեպոտիզմի») վերաբերեալ խմբագրական նոր յօդուածներու շարքի շարունակական ըլլալու հետեւանքով, հարիւրաւոր նոր բաժանորդներ միացած են բազմահազարաւոր այլ ընթերցողներու: Սրտագին շնորհակալութիւններ՝ խմբագրական կազմի կողմէ։
1985-էն ի վեր, զոյգ հրատարակութիւններ՝ USA Armenian Լife եւ հայալեզու «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթերը, ինչպէս նաեւ armenianlife.com-ը եւ USA Armenian Լife-ի ֆեյսբուքեան կայքը, ակտիւօրէն կը լուսաբանեն հայկական և միջազգային լուրերու զարգացումները Հայաստանի, Ամերիկայի եւ Սփիւռքի մէջ:
2019-ի վերջին, Գանատայի Թօրօնթօ քաղաքի մէջ հաստատուած Keghart.com-ի խմբագրական կազմը, բժիշկ եւ յառաջադէմ մտաւորական Տիգրան Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, Աբօ Չափարեանին անուանած էր «2019-ի Հերոս մը»:
2019-ի կէսերուն, որպէս պաշտօնական մասնակից-զեկուցող Աբօ Չափարեան հանդէս եկած էր Համաշխարհային Հայկական Մամլոյ Համագումարին, որ կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա-ի կողմէ: Գիտաժողովի մասնակիցները բազմաթիւ լրատուամիջոցներ կը ներկայացնէին Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Հայաստանէն, Արցախէն, Արեւելեան Եւրոպայէն եւ Ռուսաստանէն: Մասնակիցներու շարքին էին Հ.Հ. Վարչ. Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Հակոբեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Ազատեան, որ «The Armenian Mirror Spectator» կը ներկայացնէր, Ամերիկայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն Յակոբ Վարդիվառեան, որ կը ներկայացնէր «Պայքար» օրաթերթը, Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթոնք» լիբանանեան օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ.ի «Ասպարեզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան, Լիբանանի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեան, Լիբանանի Հ.Յ.Դ.ի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան, անկախ կայքէջային հրատարակութիւն՝ «Երեբունի»ի խմբագիր Ահարոն Շխրտմեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ անկախ լրատւամիջոցներ:
Ամեն շաբաթ USA Armenian Life եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթերը իրենց լաւագոյնը կ’ընեն արժանաւոր դրօշակակիրները ըլլալու դարաւոր եւ ժամանակի ընթացքին փորձարկուած գաղափարախօսութեան. ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ «Ժողովուրդի կողմէ, Ժողովուրդի հետ, Ժողովուրդի համար»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *