ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի, որ նախագահ Էրտողանի գրա-սենեակը նամակ մը յղած է Թուր-քիոյ կրօնական փոքրամասնու-թիւններու առաջնորդներուն՝ պա-հանջելով ստորագրել զայն եւ ապա վերադարձնել նախագահին։ Այդ նամակին մէջ Էրտողան ստապա-տիր կը պնդէ, որ Թուրքիա առան-ձին է միջազգային ահաբեկչու-թեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ։
Հակառակ Էրտողանի պնդումներուն, միջազգային լրատուական միջոցներու տասնեակ զեկոյցներ կը փաստեն, որ Թուրքիա, ըստ էութեան, եղած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԻՏԼԻՊի ահաբեկիչներու զօրակցողներու առաջին գիծին վրայ։
Ահմէտ Ս. Եայլա անունով մարդը ան է, որ սկիզբէն գիտէ Թուրքիոյ կառա-վարութեան կողմէ ԻՏԼԻՊի աջակ-ցութեան մասին, քանի որ ան 2010էն մինչեւ 2013 եղած է Թուրքիոյ հակաահաբեկչական գործողութիւններու ղեկավարը, իսկ 2013-2014 թուականներուն՝ հասարակական կարգի եւ քրէական քննութիւններու ղեկավարը Թուրքիոյ Սանլիուրֆա քաղաքին մէջ։ Սանլիուրֆան ԻՏԼԻՊի «ճիհատի մայրուղի»ի վերջին կէտն էր։ 6 Մարտ 2020ին Եայլան յօդուած մը գրած է The Investigative Journalի մէջ՝ մանրամասնօրէն բացայայտելով Էրտողանի մեղսակցութիւնը՝ ահաբեկչութեան: Յօդուածին վերնագիրն է՝ «Դատեցէ՛ք Էրտողանը միջազգային քրէական դատարանի մէջ՝ ԻՏԼԻՊի սատարելուն համար»։
Եայլա գրած է, որ 2014ին ստիպուած եղած է լքելու իր աշխատանքը եւ թոշակի անցած, «որպէսզի չմասնակցի Էրտողանի ոճրագործութիւններուն, որոնք կը հասնին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցանքներու մակարդակին»:
Ըստ Եայլայի՝ «ԻՏԼԻՊ այսքան ուռճացուած իշխանութիւն մը չէր ունենար կամ այսքան շատ մարդ չէր սպաններ, եթէ Էրտողանի վարչակարգը չորոշէր ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն աջակցիլ անոր՝ ստեղծուելէն ի վեր (2014): Փաստը այն է, որ երբ ԻՏԼԻՊ 2014ին հաստատուեցաւ Ռաքքայի մէջ (Սուրիա), Թուրքիոյ հետախուզական գործակալութիւնը կը պահպանէր իր մուտքի դուռը եւ պատրաստ կ՛ողջունէր ճիհատական կամաւորները՝ իրենց նահատակութեան ճամբուն վրայ։ Թուրքիա կեդրոնական հանգոյց էր ԻՏԼԻՊի աւելի քան 50 հազար օտարերկրեայ զինեալներուն համար եւ հիմնական աղբիւրը՝ ԻՏԼԻՊի արհեստագիտական նիւթերուն, ներառեալ՝ ԻՏԼԻՊի ինքնագործ պայթուցիկ սարքերը՝ Թուրքիան եւ ԻՏԼԻՊը գործնականին մէջ դարձնելով դաշնակիցներ»։
Եայլա նաեւ մեջբերած է Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքի Հոկտեմբեր 2019ի հրապարակումը, ուր կ՛ըսուէրգ «Թուրքիա կը շարունակէ տարանցիկ կէտ մնալ օտարերկրեայ այն զինեալներուն համար, որոնք կը փափաքին միանալ «Իսլամական Պետութեան» Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կրնայ օգնել ահաբեկչական խումբին՝ վերակազմաւորուելու եւ վերականգնելու իր ազդեցութիւնը»: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նաեւ նախզգուշացուցած է, որ «Թուրքիոյ տարածքով անցնող օտարերկրեայ զինեալները կրնան օգնել Իսլամական Պետութեան վերածնման»: ԻՏԼԻՊ իր բարձրաստիճան եւ աւագ անդամներէն շատերը յաջողեցաւ տեղափոխել Թուրքիա, ուր անոնք կը վարէին ահաբեկչական կազմակերպութեան ամէնօրեայ գործողութիւնները:
Եայլա յայտնած է, որ «3 Դեկտեմբեր 2019ին ահաբեկչական պարագլուխ Համիտ Շաքիր Սապա Ալ-Պատրին՝ հանգուցեալ Ապու Պաքիր Ալ-Պաղտատիի զարմիկը, գերեվարուած է Իրաքի Քիրքուք քաղաքէն դէպի հարաւ, երբ կը վերադառնար Թուրքիա գտնուող իր ապահով ապաստարանէն։ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու կալանքի տակ գտնուող թուրք բանտարկեալը լրագրող Լինծի Սնելի պատմած է Թուրքիոյ Կազիանթապ քաղաքին մէջ պահուող ԻՏԼԻՊի հսկայական ապահով տան մասին: Բանտարկեալը ըսած է՝ «հոն այնքան շատ օտարերկրեայ զինեալներ կային, այնքան տարբեր լեզուներով: Անոնք (թուրքերը) գիտէին, թէ մենք ինչի՛ համար հոն էինք»։
Քանի որ Թուրքիոյ ղեկավարները կ՛աջակցէին ԻՏԼԻՊի՝ ԻՏԼԻՊի նկատմամբ լայն աջակցութիւն կար նաեւ թրքական հասարակութեան շրջանակին մէջ։ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը յայտնած է, որ Անգարայի հետազօտական կեդրոնի կողմէ տեղի ունեցող «Թուրքիոյ ընկերային միտումներու ուսումնասիրութեան» համաձայն, հարցուածներուն 9գ3 տոկոսը յայտարարած է, որ ԻՏԼԻՊ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, իսկ 5.4 տոկոսը կողմնակից է անոր գործողութիւններուն»։
Ըստ PEW հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութեան՝ Թուրքիոյ բնակչութեան ութ առ հարիւրը (8%) բարեացակամ վերաբերում ունէր ԻՏԼԻՊի նկատմամբ։ Սակայն, համաձայն Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնէն վերջերս տարածուած զեկոյցին, թուրքերը մեծ թիւով զինեալներ տուած են ԻՏԼԻՊի։ Մինչեւ այդ պահը կային ԻՏԼԻՊի 9476 թուրք ահաբեկիչներ եւ աւելի քան 900 ատրպէյճանցիներ ԻՏԼԻՊի շարքերուն մէջ։
Թուրքիա նաեւ կը հանդիսանայ ԻՏԼԻՊի համար տարբեր ապրանքներու շարունակական մատակարարման աղբիւր, ներառեալ` կօշիկներ, համազգեստներ, բաճկոններ, սնունդ եւ ամէնէն կարեւորը՝ պայթուցիկ նիւթեր: Մէջբերելով Հակամարտութիւններու Սպառազինութեան Հետազօտութենէն (ՀՍՀ)՝ Եայլա հաղորդած է, որ ԻՏԼԻՊ «առաջին հերթին Թուրքիոյ մէջ ունեցած է ձեռքբերման նպատակով գործող մեծ ցանց մը, երկրորդ՝ յստակ մատակարարման ուղի Թուրքիայէն, Սուրիոյ տարածքով դէպի Իրաք»: ՀՍՀն նաեւ բացայայտած է, որ «Թուրքիա անցումային ամէնէն կարեւոր կէտն էր պայթուցիկ սարքերու արտադրութեան մէջ օգտագործուող բաղադրիչներու համար», որոնք կը պատրաստուէին «Իսլամական Պետութեան» կողմէ։ Փաստօրէն, ՀՍՀն փաստած է, որ ԻՏԼԻՊի զինեալները «զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան մէջ օգտագործուող ապրանքներու մեծ մասը մատակարարած են Թուրքիոյ ներքին շուկայէն»։
Թուրք լրագրող Թոլկա Թանիշ գործէն արձակուած եւ դատի տրուած է՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ ներկայացուած զրպարտութեան քննութեամբ, երբ Թանիշ բացայայտած էր, թէ ինչպէ՛ս թրքական ընկերութիւնները պայթուցիկ նիւթեր արտահանած են ԻՏԼԻՊի համար։
Եայլա նաեւ հաղորդած է, որ «18 Նոյեմբեր 2019ին Միացեալ Նահանգներու Գանձապետարանի արտաքին ունեցուածքի վերահսկման գրասենեակը երկու թուրք եղբայրներ Ահմէտ եւ Իսմայիլ Պայալթունները նշած է իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գործող «ԻՏԼԻՊի գնումներու գործակալներ», ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գործող ԻՏԼԻՊի հետ կապուած չորս ընկերութիւններ։ Պայալթուն եղբայրները յայտնի էին ԻՏԼԻՊի մատակարարման գործին մէջ իրենց ունեցած դերակատարմամբ, մասնաւորապէս՝ 48 թոն ալիւմինիումի մածուկներ առաքելու համար, որոնք օգտագործուած են ԻՏԼԻՊի պայթուցիկ սարքերու մէջ։ Ամէնէն կարեւորը, Պայալթուն եղբայրները սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Պայալթունի հետ Սանլիուրֆայի մէջ, ուր կը գտնուի անոնց գրասենեակը»:
Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզութեան դերը ահաբեկչութիւնը սատարելու գործին մէջ բացայայտուեցաւ, երբ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 19 Յունուար 2014ին կանգնեցուց հետախուզութեան կողմէ շահագործուող երեք բեռնատար մեքենանաներ եւ անոնցմէ յայտնաբերեց ռազմական զէնքեր՝ թաքնուած Սուրիա տեղափոխուող բժշկական արկղերու տակ։
Ըստ Եայլայի՝ ահաբեկչութեան սատարելէն բացի, նախագահ Էրտողան ձեռք բերած է նաեւ ԻՏԼԻՊի քարիւղը՝ «Փաուըրթրանս» անունը կրող թրքական ընկերութեան միջոցով, որուն ղեկավարը անոր փեսան էր՝ Պերաթ Ալպայրաքը։ «Ալպայրաք օրական կը վճարէր 3 միլիոն տոլար՝ ԻՏԼԻՊի քարիւղի ամէնէն շատ արդիւնահանման ժամանակ։ Փաստօրէն, Էրտողան ընդունած է օրինագիծ մը, որ իրաւունք կու տար քարիւղը նաւերով տեղափոխելու եւ պայմանագիր կնքած է «Փաուըրթրանս»ի հետ առանց հանրային ծանուցման, իբրեւ միակ լիազօրուած ընկերութիւնը: Ի յաւելումն ԻՏԼԻՊի քարիւղի ձեռքբերման՝ Էրտողան յանձնարարած է իր որդիին՝ Պիլալ Էրտողանի, որ իր մալթական BMZ Group բեռնափոխադրումներու ընկերութեան միջոցով վաճառէ ԻՏԼԻՊի քարիւղը համաշխարհային շուկայի մէջ»: Աւելին, թրքական դրամական փոխանցումներու կեդրոնները օրուան ընթացքին հարիւր հազարաւոր տոլարներ փոխանցած են ԻՏԼԻՊի:
Եայլա ամփոփած էգ «Ի վերջոյ, ԻՏԼԻՊ չէր սպաններ, վիրաւորեր, ստրկացներ եւ բռնբաբարեր հազարաւոր անմեղ մարդիկ, առանց հսկայական աջակցութեան, զոր կը վայելէր Թուրքիոյ կողմէ։ Էրտողան եւ անոր մեղսակիցները պէտք է դատուին Հաագայի միջազգային քրէական դատարանի կողմէ՝ մարդկութեան դէմ գործած իրենց յանցանքներուն համար…: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ անոր մեղսակիցներուն ձեռքերը արիւնոտ են։ Գոյութիւն ունեցող լաւ փաստագրուած, անառարկելի եւ անհերքելի ապացոյցներու հիման վրայ պարզ է, որ Էրտողան ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը զօրակցի ԻՏԼԻՊի»։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *