Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նախ անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրով վարակաւածներու դէպքերուն եւ վարակուած անձերու առողջական վիճակին:
Ըստ անոր՝ յառաջիկայ օրերուն ՀՀ առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի նոր սարքաւորումներով, մասնաւորապէս, 100 շնչառական գործիքներով, 60 հազար փորձարկիչով, այլ պարագաներով` դիմակներով, բժշկական յատուկ հագուստով, ակնոցներով եւ այլն:
Այնուհետեւ քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելուն ուղղուած քայլերուն, համաճարակաբանական խնդրի կառավարելիութեան, տեղաշարժի եւ տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներուն վերաբերող հարցեր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *