ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Հալք» դրամատունը, որուն մեծա-մասնական բաժնետէրը Թուրքիոյ կառավարութիւնն է, 31 Մարտ 2020ին Նիւ Եորքի մէջ ինքզինք մեղաւոր չէ համարած քրէական այն մեղադրանքներով, ըստ որոնց դրամատունը օգնած է Իրանի՝ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ եւ ոսկի ապօրինաբար փոխան-ցելուն համար, գրած են Այքան Էրտեմիր եւ Ֆիլիփ Քովալսքի յօդ-ուածի մը մէջ, զոր հրապարակ-ուած է 3 Ապրիլին՝ Ուաշինկթընի մէջ գործող քաղաքականութեան հիմնարկի՝ Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հիմնադրամին կողմէ։
15 Հոկտեմբեր 2019ին, Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանի դաշնակցային դատարանը «Հալք» դրամատունը մեղադրեց «խարդախութեան, դրամի լուացման եւ պատժամիջոցներու խախտումներու յանցանքով՝ պնդելով, որ «Հալք» դրամատունը եւ անոր ղեկավարները օժանդակած են ոսկիի վաճառքով զբաղող թուրք-իրանցի Ռեզա Զառապի՝ «բազմամիլիառ տոլարներու» հնարքով շրջանցելու Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները Իրանի դէմ»։
Սկիզբը «Հալք» դրամատունը հրաժարեցաւ ներկայանալ դատարան՝ «պնդելով, որ քրէական մեղադրանքները դուրս են Միացեալ Նահանգներու դատարանի իրաւասութենէն», գրած են Էրտեմիր ու Քովալսքի, սակայն, երբ «դատախազները առաջարկեցին՝ դատարանի նկատմամբ արհամարհական վերաբերումին համար աւելցնել տուգանքը, որ ութ շաբաթ անց կրնար կազմել 1գ8 միլիառ տոլար», դրամատունը համաձայնեցաւ պատասխանել դատականհայցերուն:
Նախ թուրք եւ իրանցի պաշտօնեաները հնարք մշակած էին կազը ոսկիով փոխանակելու առումով՝ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները շրջանցելու նպատակով, պնդելով, որ ոսկին կ՛ուղղուի ոչ թէ իրանական պետական կառավարման մարմիններուն, այլեւ Իրանի «մասնաւոր հատուածին»: Էրտեմիր եւ Քովալսքի յայտարարած են, որ «վերջին հաշուով, այդ հնարքը իրանական վարչակարգին բերաւ մօտաւորապէս 13 միլիառ տոլարի թրքական ոսկի, 2012-2013 թուականներու ընթացքին: Երբ 2013ին Միացեալ Նահանգներ փակեց «ոսկիի սողանցքը», Իրան օգտագործեց թրքական կեղծ ընկերութիւնները՝ սննդամթերքի եւ դեղամիջոցներու կեղծ գործարքներու վերաբերեալ հաշիւներ ներկայացնելով, որոնք իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն դուրս կը մնային Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներէն։ Գերհաշուարկի մէկ այլ տխրահռչակ գործով, Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած շքեղ զբօսանաւերու ընկերութիւնը օգտագործած է «Հալք» դրամատունը՝ մօտաւորապէս 5գ2 թոն շագանակագոյն շաքար վաճառելու համար Իրանի «Փասարկատ» դրամատան՝ մօտաւորապէս 240 տոլար մէկ ֆունտի (0գ45 քկ) դիմաց»։
Այս հնարքը առաջին անգամ Դեկտեմբեր 2013ին բացայայտեցին թուրք քննիչները, որոնք ամբաստանած էին այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, անոր շարք մը նախարարները եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնց շարքին՝ «Հալք» դրամատան կառավարիչները։ Էրտողան փակեց քննութիւնը՝ հեռացնելով ոստիկանութեան պաշտօնեաները, դատախազները եւ դատաւորներըգգգ
Գայթակղութիւնը կրկին ծագեցաւ Մարտ 2016ին, երբ թուրք-իրանցի պարագլուխ Ռեզա Զառապ ձերբակալուեցաւ Մայամիի մէջ, երբ ընտանիքին հետ մեկնած էր Ֆլորիտա՝ Տիզնիի աշխարհը այցելելու համար։
Մարտ 2017ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ձերբակալեցին «Հալք» դրամատան գործադիր տնօրէնի տեղակալ Մեհմեթ Հաքան Աթիլլան՝ Նիւ Եորք ժամանելուն պէս։ Զառապ ինքզինք մեղաւոր դաւանեցաւ եւ համաձայնեցաւ դատարանի մէջ ցուցմունք տալ Աթիլլայի դէմ։ Զառապ խոստովանեցաւ, որ կաշառք տուած է Թուրքիոյ բարձրաստիճան նախարարներուն եւ «Հալք» դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն: Ան նոյնիսկ Էրտողանը ներքաշեց կաշառակերութեան հնարքի մէջ՝ յայտարարելով, որ Էրտողան անձամբ հաստատած է ապօրինի գործողութիւնները։
«Մայիս 2018ին «Հալք» դրամատան Աթիլլան դատապարտուեցաւ 32 ամսուան բանտարկութեան, բան մը, որ զգալիօրէն աւելի կարճ էր, քան այն, որ նախապէս պահանջած էին դատախազները», գրած են Էրտեմիր եւ Քովալսքի: «Աթիլլայի Թուրքիա վերադարձէն ետք, Էրտողան պատժամիջոցները խախտողին պարգեւատրեց՝ զայն նշանակելով Սթամպուլի հիմնադրամային սակարանի գործադիր տնօրէն՝ հետեւելով նախագահի հաստատած ձեւին՝ հատուցելով Զառապի այլ աւագ յանցակիցները, շահաւէտ նշանակումներով»։
Էրտողան անձամբ դիմեց նախագահ Թրամփի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ արգելափակելու համար «Հալք» դրամատան դէմ դատական գործը՝ պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու դատարանները իրաւունք չունին դատելու Թուրքիոյ քաղաքացիները: Courthouseի լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ «Զառապի կեղծ ընկերութիւններէն մէկը՝ Royal Holding A.S.ը, իբրեւ իր հասցէն նշած է Սթամպուլի մէջ Թրամփի աշտարակներուն 35րդ յարկաբաժինը։ Նախքան դրամներու լուացման, պատժամիջոցներու շրջանցման եւ կաշառակերութեան համար մեղաւոր յայտարարուիլը, Զառապ վարձած էր Թրամփի անձնական փաստաբան Ռուտի Ճուլիանին՝ ստուերային դիւանագիտութեան քարոզարշաւը ղեկավարելու համար, ինչ որ կրկնուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ։ Երթեւեկելով Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Սպիտակ Տան միջեւ, Ճուլիանի տեսակցեցաւ Էրտողանի, Թրամփի, նախկին պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի եւ Ամերիկայի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու Թուրքիոյ պաշտօնատար անձանց հետ՝ փորձելով բանակցիլ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ: «Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Թիլըրսըն դիմադրած է գործարքի համար Սպիտակ Տան ճնշումին, բան մը, որ փաստացիօրէն պիտի յանգեցնէր Զառապի դատական գործի կրճատման»։
Էրտողանի եւ Ճուլիանիի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ դատական քննութիւնը կասեցնել գրեթէ երկու տարի, սակայն, ի վերջոյ, ձախողեցաւ, երբ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ԱՄՆի դատախազութիւնը Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանին մէջ մեղադրանքներ առաջադրեց»։
Ծերակոյտի ֆինանսական հարցով յանձնախումբի գլխաւոր դեմոկրատ ծերակուտական Ռոն Ուայտըն հետեւեալը ըսաւ Courthouseի լրատուական ծառայութեանգ «Ըստ ամենայնի, Տանըլտ Թրամփ կը կատարէր Էրտողանի եւ Ճուլիանիի հրամանը, իսկապէս հարցեր կային այն մասին, թէ արդեօք ասիկա «Հալք» դրամատունը փրկելու համար էր, թէեւ կային մեղադրանքներ այն մասին, որ անոնք ղեկավարած էին պատժամիջոցներէ խուսափելու պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ հնարքը»:
2020ի սկիզբը Ծերակոյտի մէջ նախագահ Թրամփի պաշտօնազրկման հոլովոյթի ընթացքին, ծերակուտականներ Ուայտըն, Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Շերըտ Պրաուն միացեալ հարց ուղղեցին, զոր Ծերակոյտի մէջ բարձրաձայն ընթերցեց գլխաւոր դատաւոր Ճան Ռապըրց. «Արդեօք նախագահը դրսեւորա՞ծ է այսպիսի վարքագիծ, որով իր անձնական ու քաղաքական շահերը վեր դասած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերէն»։
Ուայտըն նաեւ աւելցուցած է Courthouse լրատուական ծառայութեան՝ ըսելով. «Տանըլտ Թրամփ զգալիօրէն ֆինանսական հետաքրքրութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ», նկատի ունենալով Սթամպուլ գտնուող Թրամփի աշտարակները: «Մենք պարբերաբար կը կարդանք, որ անոր ընտանիքը անձնական յարաբերութիւններ հաստատած է թուրք կարեւոր պաշտօնեաներու հետ: Եւ այսպէս, դուք պէտք է հարցնէք, ո՞րն է մեր հետաքննութեան մասը՝ արդեօք Թրամփի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ նշանակալի ձեւով երանգաւորուած է իր անձնական եւ քաղաքական շահերով եւ ո՞չ թէ երկրի ազգային անվտանգութեամբ»:
Եթէ «Հալք» դրամատունը մեղաւոր նկատուի՝ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները խախտելուն համար, ապա դատարանը կրնայ մեծ տուգանք սահմանել անոր՝ անկախ նախագահ Թրամփի ցանկութիւններէն:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *