Վենեզուելայի Մարաքայ քաղաքին մէջ ապրող Հայ մայր մը,իր 10 տարեկան աղջիկը -Աննան-յանձնած է պարերու դասընթացքներու մը կեդրոնին,ուր կ՚ուսուցանուին զանազան երկիրներու ժողովրդային պարեր։Շրջանին յայտագրի պարերուն փորձերը կը կատարուին շաբաթական 2 օրերու դրութեամբ,եւ 4 ամիսներու տեւողութեամբ,որմէ ետք մի քանի ելոյթներով,քաղաքին սրահներէն մէկուն մէջ,բեմին վրան,պարերը հանրութեան կը ցուցադրուին պատշաճ երաժշտութեամբ եւ ազգային տարազներով։
Շրջանին վերջին շաբաթն էր,երբ փորձերը կը կատարուին մեծ բծախնդրութեամբ,մասնայատուկ հրաւէրներով ուղղուած պարողներու ծնողներուն։
Այն օրը Հայ մայրն ալ ներկայ է նաեւ 30 հոգիէ աւելի մայրեր,որոնք եկած են ոգեւորուելու եւ իրենց զաւակներուն շաբաթներու ընթացքին կատարած փորձերուն արգասիքը ըմբոշխնելու,նախքան բեմին վրան հանրութեան ներկայացուիլը։
Կեդրոնին աշխատակազմը եւ պարուսույցները տենդագին աշխատանքի մէջ են,լաւագոյնս արդիւնքներ ապահովելու համար։
Յայտագիրը կը սկսի տեղական երաժշտութեամբ եւ պարով։Մայրերուն սրտերէն ներս կը տիրէ խանդավառութիւնը։Ծափահարութիւններ,գնահատական եւ քաջալերական արտայայտութիւններ ամենուրէք։Յաջորդը Սպանական պարն է,ուր Աննան պարագլուխն է։Կրկին ոգեւորութիւն,գովասանական խօսքեր եւ ծափահարութիւններ։Կարճ դադար մը եւ պատրաստութիւն յաջորդ պարին։
Յանկարծ Արեւելեան զիլ երաժշտութիւն մը կը խզէ լռութիւնը,ապա խօսնակին ուժեղ ձայնը որ դանակի մը պէս կը խրի Հայ մօր սրտին մէջ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՐԸ։Աննան կրկին պարագլուխն է։Հայ մայրը խուփ աչքերով զգայազիրկ վիճակի մէջ է,մինչ ներկաները կը ծափեն անյագօրէն։
Յանկարծ երաժշտութիւնը տարբեր կշռոյթ կը ստանայ,ծափերը եւ բացականչութիւնները կը բազմապատկուին,վայրը կը թնդայ ուժգին։Հայ մայրը պահ մը կը սթափի,կացութեանը իրազեկ դառնալու համար կը բանայ աչքերը,բայց…կը քարանայ։Աննան է որ իր ոլորապտոյտ շարժուձեւերով կը թեւարկէ,կը սլանայ,եւ ամենայն կատարելութեամբ կը ներկայացնէ Թրքական մենապար,պորտապարը։
Հայ մօր հոգեվիճակը անտանելի է։Անոր մտապատկերի պաստառին վրայ կը տողանցեն Հայ ազգին հանդէպ կատարուած ջարդերու եւ նախճիրներու ահռելի պատկերներ,Թրքական գարշելի խուժաններուն կողմէն պարտադրուած՝Հայ ամօթխած կոյսերու ամօթալի պարեր…Եւ ան յանկարծ բարձր գոչիւնով եւ խելայեղօրէն կ՚աղաղակէ
-Դադրեցուցէք,դադրեցուցէք այս պարը։
Հանդարտութիւն մը կը տիրէ։Երաժշտութիւն եւ պար դադրած են։Ամէն ոք կը փափաքի գիտնալ,ձայնին հեղինակը եւ դրդապատճառը։Հայ մօր մօտ գտնուող մի քանիներ,շեշտակի նայուածքներ ուղղած են անոր դէմքին լուսաբանութիւն եւ մեկնութիւն ակնկալելի դիրքերով։Եւ Հայ մայրը կը ուժեղ եւ տոկուն ձայնով կը գոչէ։
-Այո,ես եմ որ ըսի դադրեցուցէք այս պարը եւ երաժշտութիւնը քանի որ անոնք կը պատկանին աշխարհի ամենէն վարնոց եւ ցածոգի ազգին։Մոլեգին եւ բարբարոս ցեղերէ կազմուած ամբողջութիւն մը որ դարձած է ազգ եւ պետութիւն այլ ազգերէ բռնագրաւուած հողերուն վրան։Թուրքը այն արիւնարբու հրէշն է որուն պատմութիւնը լի է իր գործած տեղահանութիւններով,նախճիրներով,եւ բռնաբանութիւններով։
Պարոսոյց տիկիննէ որ կը գոչէ,
-Մեզ չի հետաքրքրեր մարդոց անձնական կարծիքները,որոնք կիրքերու վրայ հիմնուած տեսութիւններ եւ վարկածներ են։Նաեւ մեզ հետաքրքրողը,ժողովուրդներու
մշակոյթն է եւ ուրիշ ոչինչ։
Հայ մայրը կը պատասխանէ,
-Թուրքին գործած բարբարոսութինը անհիմն վարկած մը չէ։Հայերու եւ այլ ազգերու հանդէպ գործած ցեղասպանութիւնները կատարուած իրողութիւններ են։Բացէք եւ սերտեցէք պատմական գրքերը,փաստաթուղթերը,նաեւ համացանցը,եւ իմացէք ճշմարտութիւնը։Ապա ինչ ըսիք տիկին ձեզ հետաքրքրողը մշա՞կոյթն է։Մշակոյթը կիրթ մտքի եւ սրտի ստեղծագործած քաղաքակրթութիւնն է։Իսկ թուրքին մօտ ու՞ր է այդ ստեղծագործ միտքը,ո՞ւր է այդ սրտի գութն ու կարեկցութիւնը։Հաւատացէք որ անոր ներկայացուցած մշակոյթն ալ բռնագրաւած հողերուն նման այլ ազգերէն իւրացուած պատառիկներ են։Ես կը պահանջեմ յայտագրէն դուրս դնել եւ զանցառել այս պարը։
Պարուսոյց տիկինը որ ալ քօղազերծուած է,եւ անոր թրքասիրութիւնը յայտնաբերուած,կը գոչէ
-Մենք պարտաւոր չենք ենթարկուիլ որեւէ մէկուն քմահաճոյքին,եւ այս պարը զանցառելը մեզի համար անկարելի է։
Հայ մայրը կը պատասխանէ
-Ինծի համար ալ անկարելի է տեսնել զաւկիս ենթարկուիլը փուճ ազգի մը փուճ երաժշտութեան եւ փուճ պարին։
Եւ զաւկին ձեռքէն քաշելով կուղղուի դէպի արտաքին դուռը։
Կեդրոնին տնօրէնուհին է որ կը մօտենայ հայ մօր եւ կը փսփսայ։
-Հանդարտեցէք տիկին։Ներկայիս կրնաք տանիլ ձեր զաւակը,իսկ վաղը ան անպայման պէտք է որ մասնակցի փորձերուն որոնք պիտի շարունակուին 2 օրեր եւս։
Հայ մայրը կը պատասխանէ,
-Իմ զաւկիս մասնակցութեան միակ պայմանն է որ ձեր յայտագրէն դուրս նետէք թրքական պարը։Եւ եթէ կը փափաքիք,ես կրնամ ձեզի յանձնել Հայկական երաժշտութեան եւ պարերու հոյակապ եւ անբաղդատելի նմոյշներու խտասալիկներ որոնք կրնաք օգտագործել ձեր ապագայի ծրագիրներուն մէջ։
Տան ճամբուն վրան Աննան է որ յուզուած եւ զգացուած կը գոչէ,
-Մայրիկ ներէ ինծի,ես չէի գիտեր որ այս պարը թրքական է։
Յաջորդ առաւօտուն կեդրոնին տնօրէնուհին է որ կը հեռաձայնէ Հայ մօր,
-Յարգելի տիկին,անհամբեր կը սպասենք ձեր զաւկին ներկայութեան։Ձեր պայմանը ընդունուած է,եւ մեր յայտագրէն զանց առնուած է թրքական պարը։Չմոռնաք նաեւ անոր հետ մեզի ղրկել հայկական երաժշտութեան եւ պարերու նմոյշները մեր ապագայի ծրագիրներուն մէջ տեղադրելու համար։
Հայ մայրը կը կոչուի Հուրի Տիգիճեան Զարիկեան։
Վենեզուելա 12 Ապրիլ 2020
Պարգեւ Տիգիճեան
